ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պլինիոս երկու տողով Կեսարիոյ պատմականը կ՚ընէ. "Strationի աշտարակը, որ է Կեսարիա, շինուած է Հերովդէս թագաւորէն, եւ այժմ կը կոչուի Colonia prima Flavia` հաստատուած Վեսպեսիանոս կայսրէն»: Յովսէպոս երկարօրէն կը պատմէ եւ քիչ մը չափազանցութեամբ, ինչ որ կատարեց Հերովդէս այդ տեղը վերածելու գեղեցիկ նաւահանգիսի եւ քաղաքի մը` որ մինչեւ այն ժամանակ գրեթէ անապատ մ՚էր, ուր յոյն արկարածխնդիր մը` Stration անուն, մտապապ էր ապաստանարանի աշտարակ մը շինելու: Հերովդէս նախանձախնդիր ամէն տեղ մեծ քաղաքներ հիմնելու, նոյն աշտարակին տեղը յարմար տեսակ շինելու ապահով նաւահանգիստ մը: Ան Հռովմայեցւոց նմանելու մարմաջով հիմնարկեց Կեսարիա քաղաքը. նաւահանգիստինմուտքին վրայ` մեծ խոշոր քարերու վրայ զետեղեց հսկայական արձաններ` որոնք աջ ու ձախ կը զարդարէին. Յովսեպոս զանոնք իր չափազանցութեամբը կը նմանցնէ Բիրէի նաւահանիգտսին: Հոն շինեց կամարակապ շտեմարաններ, ինչպէս այդ կերպ շինուածքներ կը տեսնուին Ոստիի, ինչպէս նաեւ Կենքրայի մէջ, եւ անոնք կ՚ընդունէին ապրանքները, կամ իբր ապաստանարան կը ծառայէին նաւաստիներուն, մինչ քաղաքին բնակիդները կ՚զբօսնուն իբր ճեմելավայր շինուած քարափներու վրայ: Կեսարիայ շինուած է ամփտթատրոնի ձեւով, եւալի հեթանոսական քաղաք էր քան թէ հրէական. ունէր իր մեհեանները, պալատները, իր վիթխարի արձանները եւ յիշատակարաները: Երբ կը մտածենք թէ այդպիսի կարեւոր քաղաք մը տասն երկու տարիէն հողէն դուրս ելաւ, ինչպէս կը գրէ Յովսեպո, տեղի չկայ պանծացնելու շինուածական եւ ճարտարապետական մեր արդի եղանակները` հին ժամանակներու բաղդատութեամբ: Թատրոն մը, ամփիթատրոն մը, Կոկորդիլոսներու գետէն առնուած կամ Կարմեղոսի զառիվայրէն ջուր բերելու համար հիւսիսէն եկած ագուգաները, Օգոստոսի նուիրուած հերճաշուք մեհեան մը, ուր կառուցուած էին երկու հսկայ արձաններ` մին ի պատիւ կայսեր` եւ միւսն Հռովմի, ոչ մի կերպով ստորին, ինչպէս կ՚ըսէ Յովսեպոս, ողիմպոսեան Արամազդէն կամ Արգոսեան Հերայէն, անոնք Կեսարիան ըրած էին Պաղեստինի ամենէն գեղեցիկ քաղաքը: Այս պայմաններուն մէջ, Հերովդէս յարմար տեսաւ որ ան կրէ անունը Հռովմի տիրոջ որ իր բարերարն էր: Մեծ հանդիսաւորութեամբ ընածյեց զայն. եւ նաւահանգիստն ալ ընդունեց Սեբաստոս (Օգոստոսօ անունը: Կեսարիա քաղաքային եւ զինուորական կրկին տեսակէտներով այն ատենէն սկսեալ Հրէաստանի մայրաքաղաքը եղաւ:
       Բոլոր աշխարհ գիտէ թէ ան կարեւոր դեր մը կատարեց քրիստոնէական նախնական պատմութեան մէջ: Փիլիպպոս սարկաւագ աւետարանիչը հոն կը բնակէր եւ կը քարոզեէր (Գործք Առաք. Ը. 40): Պետրոս հոն եկաւ մկրտելու Կուռնելիոս հարիւրապետը եւ իր ընտանիքը, հեթանոսաւոթեան նախախայրիքը (անդ, Ժ. 1, ԺԱ. 11): Հերովդէս Ագրիպպաս հոն պատժուեցաւ Աստուծմէ (անդ, ԺԲ. 19-24): Կեսարիոյ մէջ էր որ Պօղոս` իր կեանքը ազատելու համար Երուսաղէմը թողլու ստիպուած ըլլալով` Տարսոն գացած է (անդ, Թ. 30): Պօղոս Յունաստանէ վերադարձին Կեսարիա եկաւ (անդ, ԺԸ. 22): Յետոյ ան հոն եկաւ դարձեալ իր առաքելական երրորդ ուղեւորութենէն վերջ (անդ, ԻԱ. 8) եւ հիւրընկալուեցաւ Փիլիպպոս սարկաւագին մօտ որ հոն կը բնակէր իր չորս մարգարէուհի աղջիկներով: Անկէ ԵՐուսաղէմ գնաց Ագաբոսի գուշակութեանց եւ հաւատացելոց աղադանքին հակառակ (անդ, ԻԱ. 8-16): Հոն տարուեցաւ իբր բանտարկեալ, այն քաղաքին մէջ երկու տարի մնալէ վերջ Հռովմ երթալու եւ հոն կայսեր առջեւ դատուելու համար (անդ, ԻԳ. 23-33. ԻԵ. 1, 4, 6, 13. ԻԵ. 11-12): Առաքելական թուականի այս մեծ յիշատակները մեծապէս նպաստեցին որ Կեսարիոյ եկեղեցին ըլլայ Պաղեստինի ամենէն նշանաւոր եկեղեցիներէն մին: Ժողովուրդը` կիսով հրէական եւ կիսով սիւրիական, անհանդարտ էր, եւ երկու ցեղերը քանիցս արիւնոտ կռիւներ ունեցան: Յունասիւրիական տարրին առաւելակշռութիւնը հրէայ տարրին վրայ` անտրակոյս պատճառներէն մին եղաւ Կեսարտոյ եկեղեցիին արագ զարգացման: Քրիստոնեայք շատ կանուխէն հոն խիստ բազմաթիւ էին եւ եպիսկոպոսները ազդեցիկ: Զատկի խնդրոյն առթիւ հոն ժողով մը գումարուեցաւ, Բ. դարու վախճանին: Գ. դարու սկիզբը` Որոգինէս հոն ապաստանեցաւ եւ հոն շարունակեց աստուածաբանութեան եւ մեկնաբանութեան իր աշ խատանքը եպիսկոպոսին հովանաւորութեան տակ: Դ. ին սկիզբը, Եւսեբիոս` եկեղեցիին առաջին պատմագիրը եւ Պաղեստինի առաջին աշխարհագիրը, հոն արքեպիսկոպոս ընտրուեցաւ (տե'ս Dict. de la Bible, Vigouroux, բառն Cesaree du bord de la mer, էջ 456-458):
       Յուստինիանոսի օրով (548) Կեսարիոյ Հրեայք եւ Սամարացիք ըմբոստացան քրիստոնէից դէմ, որոնցմէ շատեր սպաննւեցան: անոնց տուները թալանուեցան ու կրակի տրուեցան անոնց եկեղեցինեծրը եւ մեռցուցին քաղաքին կառավարիչը: Կայսրըիր կողմէն պատժեց յանցաւորները:
       Յուստինիանոս կայսեր պատմագիր Պրոկոպիոսի հայրենիքն է Կեսարիան:
       Աւելի ուշ այս քաղաքը լքուեցաւ Կոստանդին կայսրէն` որ որդին էր Հերակլի, որուն զինուորները տասանորդուեցան հիւանդութեան, թերամարտ կռիւներու եւ դասալքութեան պատճառներով: Կեսարիան անձնատուր եղաւ Եզիտի եւ Մուավիահի Terre-Sainte, Lievin de Hamme, Դ. Մասն, էջ 242):
       Եագուպի, Մագուսին, Եագութ եւ Ապուլ- Ֆէտա արաբ պատմագիրները Կեսարիոյ մասին շահեկան տեղեկութիւններ ունին:
       Իսկ Նասիր-իւ Խոսրով պարսիկ ճանապարհորդը 1047ին Կեսարիոյ այցելոթիւն տուած ըլլալով իր Օրագրութեան մէջ կը գրէ նոյն քաղաքի մասին: