Ա. 
  
   Պատմութիւնը. 
 
        
  
   Գազան` 
  
   լատին 
  
   յաղթանակի 
  
   ատեն 
  
   աւերուած 
  
   եւ 
  
   լքուած 
  
   ըլլալով` 
  
   Խաչակիրները 
  
   նորոգեցին 
  
   զայն: 
  
   1149ին 
  
   Պաղտին 
  
   Բ. 
  
   ամրացուց 
  
   Գազան. 
  
   1170ին 
  
   Սալահէտտին 
  
   աւերակի 
  
   վերածեց 
  
   զայն. 
  
   բայց 
  
   դղեակը 
  
   դիմադրեց. 
  
   1187ին 
  
   ան 
  
   գրաւուեցաւ: 
  
   1192ին 
  
   Ռիչարտ 
  
   վերագրակեց 
  
   զայն. 
  
   դաշնադրութեան 
  
   պայմաններուն 
  
   համաձայն 
  
   ամրութիւնները 
  
   քանդուեցան. 
  
   1244ին 
  
   Խարիզմեանց 
  
   արշաւանքներուն 
  
   պատճառաւ 
  
   Գազան 
  
   դարձեալ 
  
   աւերեցաւ, 
  
   եւ 
  
   այլեւս 
  
   իր 
  
   հին 
  
   կարեւրութիւնը 
  
   չկրցաւ 
  
   ստանալ: 
 
       
  
   Գազան 
  
   քրիստոնէական 
  
   հին 
  
   քաղաք 
  
   մ՚էր: 
  
   406ին 
  
   Պորփիւրիոս 
  
   եպիսկոպոս 
  
   հոն 
  
   շինած 
  
   էր 
  
   երկու 
  
   թեւերով 
  
   պազիլիքա 
  
   մը: 
  
   Պորփիւրիոսի 
  
   գերեզմանը 
  
   ցայժմ 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   Յունաց 
  
   եկեղեցիին 
  
   մէջ. 
  
   շէնք 
  
   մը 
  
   որ 
  
   իր 
  
   ամբողջութեամբը 
  
   շինուած 
  
   է 
  
   Խաչակիրներուն 
  
   կողմէն 
  
   եւ 
  
   թեւ 
  
   չունի: 
  
   Հին 
  
   պազիլիքայէն 
  
   հին 
  
   սիւներ 
  
   եւ 
  
   թերեւս 
  
   յղկուած 
  
   քարեր: 
 
        
 
        
  
   Բ. 
  
   Մայր 
  
   եկեղեցին. 
 
        
  
   Ս. 
  
   Յովհաննէս 
  
   Մկրտչի 
  
   նուիրուած 
  
   լատին 
  
   մայր 
  
   եկեղեցին 
  
   ուրիշ 
  
   թաղի 
  
   մը 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   գտնուի, 
  
   եւ 
  
   ան 
  
   կը 
  
   կոչուի 
  
   Մեծ 
  
   Մզկիթ: 
  
   Այժմ 
  
   ան 
  
   աւերակ 
  
   է, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   1916ին 
  
   անգղիական 
  
   հրետանին 
  
   անկէ 
  
   օդը 
  
   հանած 
  
   է 
  
   ռազմանիւթերու 
  
   մթերք 
  
   մը: 
 
        
  
   Vogue 
  
   պարզապէս 
  
   միայն 
  
   կը 
  
   յիշատակէ: 
  
   The 
  
   Survey 
  
   of 
  
   Western 
  
   Palestine 
  
   նկարագրած 
  
   է 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցին 
  
   եւ 
  
   յատակագիծն 
  
   ալ 
  
   շինած: 
  
   Գազայի 
  
   Մայր 
  
   եկեղեցին 
  
   եւ 
  
   Ս. 
  
   Պորփիւրը 
  
   ընտիր 
  
   եւ 
  
   կատարեալ 
  
   ուսումնասիրութեան 
  
   նիւթ 
  
   եղած 
  
   են 
  
   Clermont-Ganneauի 
  
   կողմէն 
  
   ընկերակցութեամբ 
  
   ոչ 
  
   նուազ 
  
   գեղեցիկ 
  
   յատակագիծերով 
  
   Lecomte 
  
   du 
  
   Nouyի: 
 
        
  
   Մայր 
  
   եկեղեցին 
  
   բիւզանդական 
  
   պազիլիքայի 
  
   մը 
  
   տեղը 
  
   կը 
  
   գրաւէ, 
  
   եւ 
  
   կ՚օգտագործէ 
  
   անոր 
  
   հին 
  
   սիւները: 
  
   Ան 
  
   վերաշինուած 
  
   է 
  
   1150ին, 
  
   երբ 
  
   Պաղտին 
  
   Բ. 
  
   քաղաքը 
  
   կ՚ամրացնէր: 
  
   Անոր 
  
   յատակագիծը 
  
   նման 
  
   էր 
  
   Խաչակրաց 
  
   ուրիշ 
  
   շատ 
  
   մը 
  
   մայր 
  
   եկեղեցիներու 
  
   յատակագիծերուն. 
  
   ունի 
  
   երեք 
  
   կոզակ, 
  
   նաւ 
  
   մը, 
  
   կողմնակի 
  
   թեւեր: 
  
   Իսլամները 
  
   կոզակները 
  
   քանդած 
  
   են. 
  
   բայց 
  
   անոնց 
  
   թերի 
  
   մասերը 
  
   կը 
  
   մնան. 
  
   ըթ 
  
   թուի 
  
   թէ 
  
   գլխաւոր 
  
   կոզակը 
  
   երկու 
  
   կողմով 
  
   ուղղանկիւն 
  
   երկու 
  
   խոռոչներ 
  
   ունեցած 
  
   է, 
  
   ուրիշ 
  
   բազմաթիւ 
  
   բիւզանդական 
  
   եկեղեցիներու 
  
   նման, 
  
   եւ 
  
   թէ 
  
   կոզակները 
  
   ուղղագիծ 
  
   սնարքի 
  
   մը 
  
   մէջ 
  
   տեղաւորուած 
  
   են: 
 
        
  
   Երեք 
  
   միջավայրերթ 
  
   ցցանկիւններով 
  
   կամարակապ 
  
   են. 
  
   ունին 
  
   չորս 
  
   գերանամէջեր, 
  
   քառակուսի 
  
   գաւիթ 
  
   մը, 
  
   այն 
  
   ալ 
  
   կամարով 
  
   եւ 
  
   կ՚երկարաձգէ 
  
   նաւը, 
  
   ինչպէս 
  
   Պէյրութի 
  
   Մայր 
  
   եկեղեցին: 
  
   Մոյթերը 
  
   խաչաձեւ 
  
   են. 
  
   բարակորները 
  
   եւ 
  
   թակաղակները 
  
   կը 
  
   ձեւացնեն 
  
   շարունակական 
  
   լար 
  
   մը, 
  
   որուն 
  
   վրայ 
  
   կրկնակ 
  
   նաւին 
  
   սիւնը 
  
   կը 
  
   դնէ 
  
   երկրորդ 
  
   հիմ 
  
   մը: 
  
   Վերի 
  
   խոյակներու 
  
   ըակաղակկները 
  
   կապուած 
  
   են 
  
   լարով 
  
   մը 
  
   որ 
  
   կ՚անցնի 
  
   պատուհաններու 
  
   նեցուկին 
  
   ներքեւիէն: 
  
   Միեւնոյն 
  
   կարգը 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   կողմնակի 
  
   թեւերուն 
  
   մէջ: 
 
        
  
   Թակաղակները 
  
   եւ 
  
   լարերը 
  
   ունին 
  
   միաձեւ 
  
   հատած 
  
   մը 
  
   (profil), 
  
   այսինքն 
  
   գօտի, 
  
   փողաձեւ 
  
   փորուած 
  
   խորոփ, 
  
   կլոր 
  
   փոքր 
  
   ցցուակ: 
 
        
  
   Բլոր 
  
   աղեղները 
  
   բեկուած 
  
   դրոշմ 
  
   ունին: 
  
   Նաւը 
  
   որմայեցեր 
  
   չունի, 
  
   բայց 
  
   կողմնաթեւերու 
  
   որմայեցերը 
  
   խաչաձեւ 
  
   կիսասիւներու 
  
   դրոշմը 
  
   ունին: 
 
        
  
   Բոլոր 
  
   սիւները 
  
   կը 
  
   բաղկանան 
  
   կորնթական 
  
   խոյակներէ 
  
   եւ 
  
   գործածուած 
  
   հին 
  
   մարմարէ 
  
   սիւնագլուխներէ: 
  
   Սիւնագլուխներու 
  
   մէկուն 
  
   վրայ 
  
   քանդակեալ 
  
   կ՚երեւնայ 
  
   պսակի 
  
   մը 
  
   մէջ 
  
   զետեղուած 
  
   եօթնաստեղնեան 
  
   աշտանակ 
  
   մը, 
  
   եւ 
  
   հոն 
  
   կը 
  
   կարդացուի 
  
   եբրայական 
  
   արգադիր 
  
   արձանագրութիւն 
  
   մը: 
  
   Ուրեմն 
  
   սիւները 
  
   սինակոկէ 
  
   մը 
  
   բերուած 
  
   են 
  
   եւ 
  
   հոս 
  
   օգտագործուելէ 
  
   յառաջ 
  
   բիւզանդական 
  
   եկեղեցիի 
  
   մը 
  
   զարդարանք 
  
   ը 
  
   եղած 
  
   են: 
  
   Ուրիշ 
  
   սիւնագլուխներ 
  
   պատերու 
  
   մէջ 
  
   հիւսած 
  
   են, 
  
   իբր 
  
   որմաբարձք 
  
   (chainage): 
  
   Clermont-Ganneau 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   թէ 
  
   Եւդոկսիա 
  
   թագուհին 
  
   պազիլիքային 
  
   ընծայած 
  
   է 
  
   երեսուն 
  
   մարմարեայ 
  
   սիւներ 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   կարծէ 
  
   թէ 
  
   անոնք 
  
   բերուած 
  
   են 
  
   Կեսարիոյ 
  
   սինակոկէն: 
 
       
  
   Գաւիթը 
  
   ունի 
  
   թեռաս 
  
   մը, 
  
   ինչպէս 
  
   կողմնաթեւերը. 
  
   բայց 
  
   նաւին 
  
   տանիքը 
  
   ցած 
  
   է, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   շէնքին 
  
   ամբողջ 
  
   եր 
  
   եսը 
  
   կը 
  
   վերջանայ 
  
   երեք 
  
   անկիւնի 
  
   զարդով 
  
   մը 
  
   (fronton): 
  
   Այս 
  
   զարդին 
  
   եւ 
  
   գաւիթին 
  
   միջեւ 
  
   կը 
  
   բացուի 
  
   պարզապէս 
  
   դէպ 
  
   ի 
  
   ներս 
  
   շեղակուած 
  
   շրջանակաձեւ 
  
   մեծ 
  
   պատուահն 
  
   մը 
  
   (rose), 
  
   զարդարուած 
  
   անուրներէ 
  
   եւ 
  
   բացուածքներէ` 
  
   կրկնակ 
  
   շրջանակի 
  
   մը 
  
   վրայ 
  
   ընդելուզուած 
  
   ըլլալով: 
  
   Ան 
  
   կորուսած 
  
   է 
  
   իր 
  
   քարէ 
  
   պահպանակը: 
 
        
  
   The 
  
   Survey 
  
   Western 
  
   Palestineի 
  
   ծանօթագրութեան 
  
   մը 
  
   մէջ 
  
   մայծր 
  
   եկեղեցիին 
  
   դուռը 
  
   իտալական 
  
   արուեստ 
  
   կը 
  
   պամարուի. 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   շինուած 
  
   է 
  
   համակ 
  
   սպիտակ 
  
   մարմարէ. 
  
   բայց 
  
   իր 
  
   ոճը 
  
   փրանսական 
  
   է. 
  
   խիստ 
  
   թեթեւ 
  
   կերպով 
  
   փոխուած 
  
   արաբական 
  
   ազդեցութեան 
  
   տակ: 
  
   Աս 
  
   ԺԲ. 
  
   դարու 
  
   երկրորդ 
  
   կիսուն 
  
   պաղեստինեան 
  
   ոճէ 
  
   է 
  
   իր 
  
   բոլոր 
  
   պարզութեամբը: 
 
        
  
   Թմբուկը 
  
   ողորկ 
  
   է 
  
   եւ 
  
   նկարուած 
  
   պէտք 
  
   է 
  
   ըլլայ: 
  
   Ան 
  
   չի 
  
   կռթնիր 
  
   ցցուած 
  
   ձեւով 
  
   փայտի 
  
   մը` 
  
   այլ 
  
   դրանդիներուն 
  
   բարաւորներուն 
  
   վրայ: 
  
   Կամարաքիւը 
  
   ունի 
  
   երեք 
  
   կամարներ` 
  
   իւրաքանդիւր 
  
   կողմէ 
  
   սիւներու 
  
   համապատասխանող 
  
   եւ 
  
   զարդարուած 
  
   բացուածքներով: 
 
        
 
        
  
   Գ. 
  
   Ս. 
  
   Պորփիւրի 
  
   եկեղեցին. 
 
        
  
   Clermont-Ganneau 
  
   այս 
  
   եկեղեցիին 
  
   նկարագրականը 
  
   ունի 
  
   յատակագիծով 
  
   միասին: 
  
   Եկեղեցին 
  
   արտաքին 
  
   կերպով 
  
   շատ 
  
   խորացած 
  
   է 
  
   եւ 
  
   ունի 
  
   լայն 
  
   կոզակ 
  
   մը, 
  
   եւ 
  
   կամարկապ 
  
   դասի 
  
   կարճ 
  
   գերանամէջ 
  
   մը: 
  
   Կամարի 
  
   պարանոցը 
  
   կրող 
  
   երկու 
  
   կիսասիւներուն 
  
   գործածած 
  
   են 
  
   սիւներ` 
  
   որ 
  
   հին 
  
   հատուածներ 
  
   են 
  
   եւ 
  
   ամբողջացուած 
  
   են 
  
   բիւզանդական 
  
   թակաղակով 
  
   մը 
  
   եւ 
  
   շեղեզրուած 
  
   պատուանդաններով: 
  
   Դուռը 
  
   ոճ 
  
   չունի. 
  
   գաւիթը 
  
   անհետացած 
  
   է. 
  
   պատուհանները 
  
   կամարաձեւ 
  
   են. 
  
   որմայեցերը 
  
   կրկնակ 
  
   են, 
  
   ինչպէս 
  
   մայր 
  
   եկեղեցիինը: 
  
   Արեւելեան 
  
   կողմի 
  
   խոշոր 
  
   որմայեցերուն 
  
   մէջ 
  
   է 
  
   որ 
  
   հոգացուած 
  
   են 
  
   երկու 
  
   փոքր 
  
   առանձնոցներ: 
 
        
  
   Դրան 
  
   վրայ 
  
   զետեղուած 
  
   յունական 
  
   արձանագրութիւն 
  
   մը 
  
   կը 
  
   վկայէ 
  
   թէ 
  
   եկեղեցին 
  
   նորոգուած 
  
   է 
  
   եւ 
  
   պաշտամունքի 
  
   համար 
  
   կը 
  
   ծառայէ 
  
   յոյն 
  
   հասարակութեան 
  
   միջոցաւ 
  
   1856 
  
   թուականին: 
 
        
 
        
  
   Դ. 
  
   Տուներու 
  
   դուռներ. 
 
        
  
   Ս. 
  
   Պորփիւրէն 
  
   ոչ 
  
   հեռի 
  
   միջահասակ 
  
   դուռներով 
  
   երկու 
  
   տուներ 
  
   կը 
  
   տեսնուին, 
  
   հորիզոնական 
  
   շեղեզրով 
  
   մը 
  
   վեր 
  
   ելած 
  
   եւ 
  
   մանրածաղիկներով 
  
   քանդակուած. 
  
   Այս 
  
   ոճը 
  
   բիւզանդական 
  
   է, 
  
   բայց 
  
   մանրածաղիկներուն 
  
   օրինակը 
  
   տեղական 
  
   ծագում 
  
   ունենալ 
  
   կը 
  
   թուի: 
 
        
 
        
  
   Ե. 
  
   Կորճը 
  
   կամ 
  
   զինանշանակիր 
  
   առիւծը. 
 
        
  
   Հետաքրքրական 
  
   յիշատակարան 
  
   մը 
  
   գտնուած 
  
   է 
  
   Գազայի 
  
   մէջ 
  
   եւ 
  
   հրատարակուած 
  
   է 
  
   Clermont-Ganneauէն,, 
  
   որ 
  
   գտած 
  
   է 
  
   զայն 
  
   Սիւլէյման 
  
   Զարիֆի 
  
   տանը 
  
   մէջ: 
  
   Էլ-Մունթարի 
  
   արեւելեան 
  
   կողմը 
  
   երեք 
  
   ժամ 
  
   հեռի 
  
   գտնուած 
  
   աւերակէն 
  
   բերուած 
  
   է 
  
   ան: 
 
        
  
   Սողացող 
  
   քարէ 
  
   կորճ 
  
   մը 
  
   (առասպելական 
  
   անասուն) 
  
   կամ 
  
   առիւծ 
  
   մ՚է 
  
   ան, 
  
   որուն 
  
   յետակողմեան 
  
   թաթերը 
  
   կը 
  
   հանգչին 
  
   սիւնակի 
  
   մը 
  
   վրայ 
  
   եւ 
  
   առջեւի 
  
   թաթգրը 
  
   կը 
  
   բռնեն 
  
   անհետացած 
  
   առարկայ 
  
   մը` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   կարծուի 
  
   ըլլալ 
  
   զինանշան 
  
   մը: 
 
        
  
   Անասունը 
  
   որովայնին 
  
   տակ 
  
   ստինքներ 
  
   ունի, 
  
   ինչպէս 
  
   Moissacի 
  
   մեծ 
  
   դրան 
  
   էգ 
  
   առիւծները: 
  
   Հաւանական 
  
   է 
  
   որ 
  
   այս 
  
   քանդակը 
  
   կը 
  
   վերաբերի 
  
   արեւմտեան 
  
   արուեստին 
  
   եւ 
  
   թէ 
  
   աս 
  
   մնացորդն 
  
   է 
  
   յիշատակարնի 
  
   մը 
  
   տանուտիրական 
  
   իրաւանց 
  
   վկայող 
  
   ազգի 
  
   մը 
  
   կամ 
  
   ազնոական 
  
   ընտանիքը 
  
   մը, 
  
   որուն 
  
   զինանշանը 
  
   բռնած 
  
   է 
  
   սոյն 
  
   կենդանին: 
  
   Այս 
  
   դասակարգին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   մտնեն 
  
   ազնուականաց 
  
   սատնդուխները, 
  
   տանուտիրական 
  
   սահմանաքարերը, 
  
   տեսացիցերը, 
  
   հիւպատոսական 
  
   դրօշակները: 
  
   Կրնան 
  
   այսպէս 
  
   զարդարուիլ 
  
   աղբիւր 
  
   մը, 
  
   սանդուխ 
  
   մը, 
  
   կամ 
  
   ո'եւէ 
  
   շէնք 
  
   մը: 
  
   Ֆրանսայի 
  
   մէջ 
  
   այսպիսի 
  
   օրինակներ 
  
   պահուած 
  
   են: