Ինչպէս 
  
   տեսանք 
  
   նախընթաց 
  
   հատուածներուն 
  
   մէջ 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքը 
  
   շատ 
  
   հին 
  
   է, 
  
   եւ 
  
   ակռուցուած 
  
   է 
  
   Կայիափայի 
  
   տան 
  
   տեղւոյն 
  
   վրայ, 
  
   Արաբացիք 
  
   կը 
  
   կոչեն 
  
   այս 
  
   վանքը 
  
   Հապս 
  
   Էլ- 
  
   Մեսիհ, 
  
   վասն 
  
   զի, 
  
   ինչպէս 
  
   յիշեցինք, 
  
   հոն 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   Քրիստոսի 
  
   Երկրորդ 
  
   Բանտը: 
  
   Ան 
  
   շինուած 
  
   է 
  
   քաղաքին 
  
   պարսպէ 
  
   դուրս: 
  
   Անաստաս 
  
   վվարդապետն 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   զայն 
  
   իր 
  
   Վանօրէից 
  
   Ցուցակին 
  
   ներածական 
  
   մասին 
  
   մէջ, 
  
   իբր 
  
   արքունական 
  
   ծախքով 
  
   շինուած: 
 
       
  
   Նկատի 
  
   առնելով 
  
   դարերու 
  
   ընթացքին 
  
   նոյն 
  
   վանքին 
  
   վրայ 
  
   կատարուած 
  
   յարձակումները 
  
   այլ 
  
   եւ 
  
   այլ 
  
   կողմերէ 
  
   եւ 
  
   ենթարկուած 
  
   աղեկտուր 
  
   տեսարաններու, 
  
   ինչպէս 
  
   կը 
  
   վկայեն 
  
   յիշատակարանք, 
  
   արդարեւ 
  
   հրաշք 
  
   մը 
  
   պէտք 
  
   է 
  
   համարել 
  
   անոր 
  
   մինչեւ 
  
   այսօր 
  
   կանգուն 
  
   մնալը: 
  
   1353 
  
   թուականին 
  
   (ՀԻՃ. 
  
   1 
  
   Շապան 
  
   755) 
  
   Հէօճճէթէ 
  
   մը 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   որ 
  
   Վասիլ 
  
   եպիսկոպոսի 
  
   օրով, 
  
   փոխանորդ 
  
   Գաբրիէլ 
  
   վարդապետը` 
  
   տեսնելով 
  
   որ 
  
   Ս. 
  
   Փր 
  
   կչի 
  
   վանքը 
  
   ամբոխին 
  
   յարձակումներուն 
  
   հետեւանքով 
  
   քանդուած 
  
   էր, 
  
   ուզեց 
  
   վերաշինել, 
  
   բայց 
  
   արգելքի 
  
   հանդիպեցաւ: 
  
   Հայերը 
  
   վանքին 
  
   նորոգութեան 
  
   համար 
  
   Մելիք 
  
   Մանսուր 
  
   Հիւսսամէտտին 
  
   Սալահիէն 
  
   հրովարտակ 
  
   ստացած 
  
   էին, 
  
   բայց 
  
   հակառակորդներուն 
  
   բողոքին 
  
   վրայ 
  
   սուլթանը 
  
   քննիչներ 
  
   ղրկած 
  
   էր 
  
   Երուսաղէմ. 
  
   եւ 
  
   անոնց 
  
   աննպաստ 
  
   տեղեկութեան 
  
   վրայ, 
  
   սուլթանը 
  
   հրամայեց 
  
   քանդել 
  
   վանքը 
  
   եւ 
  
   թողուլ 
  
   իր 
  
   առաջին 
  
   աւերակ 
  
   վիճակին 
  
   մէջ. 
  
   դատաւորը 
  
   կոչելով 
  
   Գաբրիէլ 
  
   վրդ.
  
   ը 
  
   պատուիրեց 
  
   անոր 
  
   բոլորովին 
  
   քանդելու 
  
   վանքը. 
  
   ան 
  
   չի 
  
   քանդեց 
  
   եւ 
  
   ցոյց 
  
   տուաւ 
  
   Մելիք 
  
   Սալիհ 
  
   Իսմայէլի 
  
   շինութեան 
  
   հրովարտակը. 
  
   բայց 
  
   դատաւորը 
  
   բողոքագրով 
  
   մը 
  
   տասն 
  
   անձեր 
  
   կը 
  
   ղրկէ 
  
   Եգիպտոս, 
  
   որուն 
  
   վրայ 
  
   սուլթանը 
  
   դարձեալ 
  
   հրովարտակով 
  
   մը 
  
   կը 
  
   հրամայէ 
  
   կործանել 
  
   վանքը 
  
   եւ 
  
   վերածել 
  
   իր 
  
   առաջուան 
  
   վիճակին: 
  
   Նոյն 
  
   հրովարտակին 
  
   վրայ 
  
   ամբոխը 
  
   բազմութեամբ 
  
   կը 
  
   դիմէ 
  
   եւ 
  
   ի 
  
   հիմանէ 
  
   կը 
  
   քանդէ 
  
   վանքը: 
 
        
  
   Ս. 
  
   Յակոբայ 
  
   մատենադարանին 
  
   Թ. 
  
   540 
  
   ձեռագրին 
  
   յիշատակարանին 
  
   համաձայն, 
  
   1355ին 
  
   կը 
  
   վերաշինուի 
  
   վանքը. 
  
   ահա 
  
   յիշատակարանը. 
 
        
  
   «Ես 
  
   նուաստ 
  
   Կարապետ 
  
   վարդապետ 
  
   որ 
  
   եմ 
  
   ի 
  
   գաւառէն 
  
   Տոսպայ 
  
   մերձ 
  
   առ 
  
   ստորոտ 
  
   լերինն 
  
   Վարագայ, 
  
   եւ 
  
   ի 
  
   տղայւոթեան 
  
   հասակին 
  
   սիրեցի 
  
   զսպասաւորութիւն 
  
   Բանի. 
  
   գնացի 
  
   առ 
  
   Յովհաննէս 
  
   վարդապետն 
  
   Արճիշեցի 
  
   եւ 
  
   աշակերտեցի 
  
   նմա, 
  
   գ. 
  
   ամ 
  
   եւ 
  
   առի 
  
   զաւրհնութիւն 
  
   կարգի 
  
   քահանայապետութեան, 
  
   եւ 
  
   անտի 
  
   գնացի 
  
   ի 
  
   մենաստանն 
  
   Գլաձոր 
  
   առ 
  
   հռչակաւոր 
  
   վարդապետն 
  
   յԵսայի 
  
   եւ 
  
   անդ 
  
   կացեալ 
  
   զամս 
  
   ը. 
  
   առի 
  
   զաւրէնութիւն 
  
   հրամանի 
  
   վարդապետութեան 
  
   յերեսուն 
  
   ամին 
  
   եւ 
  
   առաջնորդութեամբն 
  
   Քրիստոսի 
  
   եկի 
  
   ի 
  
   սբ. 
  
   քաղաքս 
  
   երուսաղէմ 
  
   երկիրպագանել 
  
   սբ. 
  
   Տնաւրինական 
  
   տեղեացս 
  
   եւ 
  
   տեսի 
  
   զսբ. 
  
   Փրկիչ 
  
   եկեղեցին 
  
   որ 
  
   է 
  
   տեղիք 
  
   չարչարանաց 
  
   Քրիստոսի 
  
   Աստուծոյ 
  
   յուսոյն 
  
   մերոյ. 
  
   էր 
  
   կոխան 
  
   լեալ 
  
   անօրինաց 
  
   այլ 
  
   եւ 
  
   ձիոց 
  
   եւ 
  
   իշուց, 
  
   քակած 
  
   եւ 
  
   ծակած. 
  
   եւ 
  
   ես 
  
   նուաստ 
  
   կարողութեամբն 
  
   Յիսուսի 
  
   գնեցի 
  
   ի 
  
   Պէթլմալէն 
  
   ի 
  
   չորս 
  
   հազար 
  
   դրամ 
  
   ընդ 
  
   գինն 
  
   եւ 
  
   ընդ 
  
   կաշառքն, 
  
   եւ 
  
   գ. 
  
   անգամ 
  
   յԵգիպտոս 
  
   իջայ 
  
   եւ 
  
   առի 
  
   թուղթ 
  
   հրամանի 
  
   յարքայէն 
  
   Եգիպտոսի 
  
   շինութեան 
  
   վանիցս 
  
   Սբ. 
  
   ՓՐկչին, 
  
   բ. 
  
   անգամ 
  
   յերկիրն 
  
   կիլիկեցւոց 
  
   գնացի 
  
   եւ 
  
   բազում 
  
   աշխատանս 
  
   կրիցի 
  
   ի 
  
   ծովու 
  
   եւ 
  
   ի 
  
   ցամաքի 
  
   զի 
  
   հետիոտն 
  
   ընթանայի 
  
   ընդ 
  
   ցամաքն, 
  
   եւ 
  
   ի 
  
   յԵրուսաղէմ 
  
   անպատմելի 
  
   վշտացայ 
  
   ի 
  
   յաւնօրինաց 
  
   եւ 
  
   յաւրինաւորաց 
  
   այլ 
  
   եւ 
  
   ի 
  
   սուտ 
  
   եղբարց»: 
 
        
  
   Կարապետ 
  
   վարդապետ 
  
   այս 
  
   յիշատակարանը 
  
   գրած 
  
   է 
  
   իր 
  
   սեպհական 
  
   Աստուածաշունչին 
  
   մէջ 
  
   զոր 
  
   յետոյ 
  
   կը 
  
   նուիրէ 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին, 
  
   ի 
  
   յիշատակ 
  
   իր 
  
   հօրը 
  
   Թովմայ 
  
   քահանային 
  
   եւ 
  
   մօրը: 
 
        
  
   Կարապետ 
  
   վրդ.
  
   ին 
  
   կողմէն 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին 
  
   վերաշինութեան 
  
   թուականը 
  
   յայտնի 
  
   է 
  
   ուրիշ 
  
   յիշատակարանէ 
  
   մը 
  
   (Թ. 
  
   574), 
  
   որուն 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   յիշուի 
  
   Կարապետ 
  
   վրդ.
  
   ը, 
  
   1355ին, 
  
   եւ 
  
   անոր 
  
   հետ` 
  
   Սրագիս 
  
   մենակեաց 
  
   մը 
  
   իբր 
  
   անոր 
  
   գործակից. 
  
   ուրեմն 
  
   1355ին 
  
   վանքին 
  
   վերեւ 
  
   յիշուած 
  
   քանդումէն 
  
   անմիջապէս 
  
   վերջ 
  
   Տոսպեցին 
  
   է 
  
   որ 
  
   կը 
  
   ձեռնարկէ 
  
   վերաշինութեան, 
  
   ըստ 
  
   իր 
  
   վերոյիշեալ 
  
   անթուական 
  
   յիշատակարանին: 
 
       
  
   Ունինք 
  
   նաեւ 
  
   ձեռագիրի 
  
   մը 
  
   անթուական 
  
   յիշատակարանը 
  
   (Թ. 
  
   1818), 
  
   ուրկէ 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   նաեւ 
  
   որ 
  
   Կարապետ 
  
   վրդ. 
  
   Երուսաղղէմացի 
  
   Ս. 
  
   ՓՐկչի 
  
   վանքին 
  
   վերաշինութեան 
  
   շուրջ 
  
   կը 
  
   պատմէ 
  
   համանման 
  
   դէպքեր, 
  
   ինչպէս 
  
   Տոսպեցին, 
  
   այդ 
  
   պատճառաւ 
  
   ոմանք 
  
   այս 
  
   րեկու 
  
   անձերը 
  
   կը 
  
   նկատեն 
  
   միեւնոյնը: 
  
   Տոսպեցին 
  
   իր 
  
   անձին 
  
   համար 
  
   կը 
  
   հաղորդէ 
  
   մանրամասնութիւններ. 
  
   իսկ 
  
   Երուսաղէմացին 
  
   լուռ 
  
   է 
  
   իր 
  
   անձին 
  
   շուրջը, 
  
   միայն 
  
   թէ 
  
   իր 
  
   Ղուկասու 
  
   մեկնութեան 
  
   ձեռագրին 
  
   մէջ 
  
   բուն 
  
   յիշատակարանէն 
  
   զատ, 
  
   ձեռագրին 
  
   լուսանցքին 
  
   վրայ, 
  
   ինքնագիր 
  
   հետեւեալ 
  
   տողն 
  
   ունի. 
  
   «Տէր 
  
   Յս. 
  
   ողորմեա 
  
   Կրպ. 
  
   վրդ.
  
   ին 
  
   Եմացո»: 
  
   Եմացո 
  
   (Երուսաղէմացի) 
  
   բառը 
  
   հոս 
  
   ալ 
  
   կրկնուած 
  
   է. 
  
   իր 
  
   անձին 
  
   համար 
  
   քանիցս 
  
   այս 
  
   մակդիրը 
  
   գործածուող 
  
   անձը 
  
   ի՞նչպէս 
  
   կրնայ 
  
   այլուր 
  
   փոխել 
  
   Տոսպեցիի. 
  
   ըստ 
  
   իս 
  
   այս 
  
   հաւանական 
  
   չէ. 
  
   յետոյ 
  
   Երուսաղէմացին 
  
   իր 
  
   յիշատակարանին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   նաեւ 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   տաճարին 
  
   նորոգութիւնը, 
  
   ինչ 
  
   որ 
  
   չի 
  
   յիշեր 
  
   Տոսպեցին. 
  
   այդ 
  
   պատճառաւ 
  
   Երուսաղէմացին 
  
   Տոսպեցիին 
  
   հետ 
  
   նոյնացնելու 
  
   համաէտ 
  
   չըլլալով 
  
   մեր 
  
   «Միաբանք 
  
   եւ 
  
   Այցելուք 
  
   Հայ 
  
   Երուսաղէմի» 
  
   աշխատութեան 
  
   մէջ 
  
   զատ 
  
   զատ 
  
   անձեր 
  
   ներկայացո 
  
   ւցինք 
  
   ծանօթութեամբ 
  
   մը 
  
   (էջ 
  
   200), 
  
   եւ 
  
   վերջնական 
  
   ճշդումը 
  
   պիտի 
  
   կատարենք 
  
   այն 
  
   ատեն 
  
   երբ 
  
   Երուսաղէմացիին 
  
   ապրած 
  
   թուականը 
  
   կարողանանք 
  
   հաստատել: 
 
        
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին 
  
   վերաշինութեան 
  
   այս 
  
   թուականէն 
  
   սկսեալ 
  
   վանքին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   ծաղկի 
  
   գրչագրութեան 
  
   արուեստը 
  
   եւ 
  
   յետագայ 
  
   դարերու 
  
   մէջ 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   յարատեւէ: 
  
   Այսպէս 
  
   1363ին 
  
   Կիրակոս 
  
   գրիչ 
  
   իր 
  
   Աստուածաշունչի 
  
   ԺԲ. 
  
   Մարգարէից 
  
   գիրքերը 
  
   կ’ընդօրինակէ 
  
   նոյն 
  
   վանքին 
  
   մէջ 
  
   ու 
  
   իր 
  
   յիշատակարանին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   վանքին 
  
   վանահայր 
  
   Ներսէս 
  
   վրդ.
  
   ը 
  
   ու 
  
   անոր 
  
   ծնողքը 
  
   եւ 
  
   ուրիշ 
  
   միաբաններ: 
  
   Կիրակոս 
  
   գրիչ 
  
   յետոյ 
  
   նոյն 
  
   Աստուածաշունչը 
  
   հետը 
  
   Կտուց 
  
   անապատ 
  
   տարած 
  
   է 
  
   (Տե'ս 
  
   Միաբանք 
  
   եւ 
  
   Այցելուք 
  
   եւլն. 
  
   էջ 
  
   205): 
 
        
  
   1322ին 
  
   Ճառընտիր 
  
   մը, 
  
   եւ 
  
   1363ին 
  
   Սարգիս 
  
   գիրք 
  
   մը 
  
   կ’ընդօրինակէ 
  
   Ստեփանոս 
  
   երէց 
  
   նոյն 
  
   վանքին 
  
   մէջ. 
  
   յիշեալ 
  
   գրիչը 
  
   Ս. 
  
   Յակոբի 
  
   մէջ 
  
   եւս 
  
   ուրիշ 
  
   ընդօրինակութիւններ 
  
   կատարած 
  
   է 
  
   (անդ, 
  
   էջ 
  
   483): 
  
   1398ին 
  
   Սահակ 
  
   աբեղայ 
  
   Ղրիմեցի 
  
   կ’ընդօրինակէ 
  
   Ճառընտիր 
  
   մը, 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   նուիրէ 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին: 
  
   Իր 
  
   յիշատակարանին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   յիշատակէ 
  
   իր 
  
   ժամանակակից 
  
   միայնակեցները. 
  
   Գառնալ 
  
   միայնակեաց, 
  
   Աստուածատուր 
  
   դռնապան: 
  
   Յովհաննէս 
  
   ակնճատ, 
  
   Յովհաննէս 
  
   բրդագործ, 
  
   Արեւ 
  
   միայնակեաց, 
  
   Յովհաննէս 
  
   Շամախեցի 
  
   եւ 
  
   Յակոբ 
  
   դպիր 
  
   (անդ, 
  
   էջ 
  
   434): 
  
   1424ին 
  
   Յովհաննէս 
  
   աբեղայ 
  
   հոն 
  
   կ’ընդօրինակէ 
  
   Սարգիս 
  
   գիրքը 
  
   եւ 
  
   յիշատակ 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   զայն 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին 
  
   (անդ, 
  
   էջ 
  
   351-52): 
 
        
  
   1355ի 
  
   վերաշինութենէն 
  
   15 
  
   տարի 
  
   վրեջ 
  
   1478ին, 
  
   ըստ 
  
   Ֆապրիի 
  
   Ուղեգրութեան, 
  
   զոր 
  
   վերեւ 
  
   յիշեցինք, 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքը 
  
   ծախու 
  
   կը 
  
   հանուի 
  
   պարտքի 
  
   համար. 
  
   բայց 
  
   Հայաստանցի 
  
   անանուն 
  
   ուխտաւոր 
  
   մը 
  
   պարտքերը 
  
   կը 
  
   վճարէ, 
  
   վանքը 
  
   կը 
  
   նորոգէ 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   յանձնէ 
  
   Միաբանութեան: 
  
   Հոգելոյս 
  
   Տ. 
  
   Դուրեան 
  
   Սրբազան 
  
   այս 
  
   անանուն 
  
   ուխտաւորին 
  
   յիշատակին 
  
   համար 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին 
  
   մէջ 
  
   քառակուսի 
  
   յախճապակիի 
  
   յիշատակարան 
  
   մը 
  
   զետեղել 
  
   տուաւ 
  
   սա 
  
   խօսքերով. 
  
   «1479, 
  
   Անծանօթ 
  
   Ուխտաւորին. 
  
   F. 
  
   F. 
  
   1925, 
  
   Մ. 
  
   Ս. 
  
   Յ.
  
   »: 
 
       
  
   Այս 
  
   վերանորոգութենէն 
  
   134 
  
   տարի 
  
   վերջ, 
  
   1613ին 
  
   Գրիգոր 
  
   Պարոնտէր 
  
   պատրիարքին 
  
   օրով, 
  
   վանքին 
  
   հակառակորդներէն 
  
   ոմանք 
  
   գիշեր 
  
   ատեն 
  
   կ’այրեն 
  
   թէ 
  
   վանքին 
  
   եւ 
  
   թէ 
  
   եկեղեցիին 
  
   դուռները, 
  
   կը 
  
   կողոպտեն 
  
   վանքն 
  
   ու 
  
   եկեղեցին: 
  
   Պատրիարքը 
  
   եւ 
  
   դատաւորը 
  
   վանք 
  
   կ’երթան 
  
   քննութեան 
  
   համար. 
  
   կը 
  
   տեսնեն 
  
   այրեացաւեր 
  
   վանքը. 
  
   դատաւորը 
  
   բան 
  
   մը 
  
   չի 
  
   կրնար 
  
   ընել, 
  
   միայն 
  
   կը 
  
   բաւականանայ 
  
   գործուած 
  
   վնասները 
  
   գրի 
  
   առնուլ 
  
   եւ 
  
   յանձնել 
  
   պատրիարքին. 
  
   հակառակ 
  
   դրացիներէն 
  
   ոմանք 
  
   քննութենէն 
  
   գրգռուած 
  
   տարբեր 
  
   հակառակութիւններ 
  
   կը 
  
   սարքեն 
  
   ու 
  
   կ’ըսեն 
  
   թէ 
  
   իերնց 
  
   նախնիք 
  
   Սուլթան 
  
   Սիւլէյմանի 
  
   կալուածոց 
  
   վերակացութիւնն 
  
   ու 
  
   նէին, 
  
   եւ 
  
   զոր 
  
   կը 
  
   վարէին 
  
   ժառանգաբար. 
  
   կ’ամբաստանէին 
  
   թէ 
  
   այն 
  
   արտը 
  
   ուր 
  
   քրիստոնեայք 
  
   իրենց 
  
   մեռելները 
  
   կը 
  
   թաղէին` 
  
   մաս 
  
   կը 
  
   կազմեր 
  
   իրենց 
  
   վերակացութեան 
  
   յանձնուած 
  
   կալուածոց: 
  
   Դատարան 
  
   կը 
  
   կանչեն 
  
   դանքի 
  
   տեսուչ 
  
   Աստուածատուր 
  
   վրդ.
  
   ը 
  
   եւ 
  
   ուրիշներ, 
  
   որոնք 
  
   կը 
  
   ներկայացնեն 
  
   իրենց 
  
   պաշտօնագիրերն 
  
   ու 
  
   դատաւորը 
  
   կը 
  
   հաստատէ 
  
   գերեզմանատան 
  
   սեպհականութիւնը: 
  
   Դր 
  
   ացիները 
  
   աւելի 
  
   կը 
  
   նեղեն 
  
   պատրիարքը` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   դիմէ 
  
   Արքունի 
  
   Դուռը. 
  
   կրկին 
  
   քննութիւն 
  
   կ’ըլլայ 
  
   արքունի 
  
   հրամանաւ. 
  
   դարձեալ 
  
   կը 
  
   հաստատուի 
  
   գերեզմանատան 
  
   օրինաւորութիւնը: 
  
   Դրացիները 
  
   գրգռուած` 
  
   այս 
  
   անգամ 
  
   վանքին 
  
   համար 
  
   զայն. 
  
   գիշերը 
  
   միաբանք 
  
   քանդումին 
  
   ձայները 
  
   երբ 
  
   կը 
  
   լսեն, 
  
   օգնութիւն 
  
   կ’աղաղակեն. 
  
   բայց 
  
   չարագործները 
  
   կը 
  
   փախչին: 
  
   Դարձեալ 
  
   քննութիւն 
  
   կը 
  
   կատարուի, 
  
   արդիւնքը 
  
   անորոշ. 
  
   միայն 
  
   թէ 
  
   պատրիարքին 
  
   կը 
  
   պատուիրեն 
  
   որ 
  
   վանքին 
  
   պարիսպները 
  
   նորոգէ, 
  
   երկաթէ 
  
   դուռը 
  
   դնել 
  
   տայ 
  
   տեղը 
  
   եւ 
  
   ամրացնէ 
  
   բոլոր 
  
   տեղերը: 
  
   1614-15 
  
   թուականներուն 
  
   գրուած 
  
   պաշտօնագրերէն 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   թէ 
  
   Գրիգոր 
  
   պատրիարք 
  
   Պարոնտէր 
  
   ընդարձակ 
  
   նորոգութիւններ 
  
   կատարած 
  
   է 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին 
  
   մէջ: 
  
   Դամասկոսի 
  
   կուսակալին 
  
   կողմէն 
  
   յատուկ 
  
   պաշտօնէի 
  
   մը 
  
   կողմէ 
  
   տեղւոյն 
  
   վրայ 
  
   քննութիւն 
  
   կը 
  
   կատարուի` 
  
   այս 
  
   նորոգութեանց 
  
   մասին 
  
   ու 
  
   կը 
  
   հաստատեն 
  
   վերաշինութեանց 
  
   օրինաւորութիւնը: 
 
        
  
   1691ին 
  
   Յովհաննէս 
  
   պատրիարքի 
  
   օրով, 
  
   դարձեալ 
  
   աւազակները 
  
   պարսպին 
  
   վրայէն 
  
   վանք 
  
   կը 
  
   մտնեն. 
  
   կը 
  
   կողոպտեն 
  
   եկեղեցին, 
  
   կ’սպաննեն 
  
   Յովհաննէս 
  
   եւ 
  
   Կարապետ 
  
   միաբանները 
  
   եւ 
  
   միւսներն 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   փախչին: 
  
   Յովհաննէս 
  
   պատրիարք 
  
   տեսնելով 
  
   այս 
  
   չարիքները, 
  
   կայսեր 
  
   կը 
  
   դիմէ 
  
   եւ 
  
   նոր 
  
   հրովարտակով 
  
   մը 
  
   կ’սկսի 
  
   նորոգել 
  
   վանքը 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   բարձրացնէ 
  
   հին 
  
   պարիսպները 
  
   չորս 
  
   կանգունի 
  
   չափ, 
  
   եւ 
  
   յետ 
  
   քննութեան 
  
   հազիւ 
  
   հազ 
  
   դատաւորը 
  
   դաւերական 
  
   կը 
  
   նկատէ 
  
   այս 
  
   նորոգութիւնները 
  
   շատ 
  
   նեղութիւններէ 
  
   վերջ: 
  
   Դրացիները 
  
   դարձեալ 
  
   այս 
  
   նորոգութեանց 
  
   համար 
  
   խնդիր 
  
   կը 
  
   յարուցանեն 
  
   եւ 
  
   պատրիարքը 
  
   1695ին, 
  
   իր 
  
   դիմումին 
  
   վրայ 
  
   կրկին 
  
   հրովարտակ 
  
   կ’ստանայ. 
  
   բայց 
  
   հակառակորդք 
  
   կը 
  
   պնդեն 
  
   իրենց 
  
   ապօրէն 
  
   պահանջներու 
  
   վրայ. 
  
   1698ին 
  
   միայն 
  
   հայ 
  
   միաբանները 
  
   մի 
  
   քիչ 
  
   կը 
  
   հանգստանան: 
 
        
  
   1631ին 
  
   Մինաս 
  
   պատրիարքի 
  
   օրով, 
  
   Երուսաղէմի 
  
   Սալահիէ 
  
   իսլամ 
  
   վարժարանին 
  
   վերատեսուչները 
  
   դատարան 
  
   կը 
  
   դիմեն 
  
   եւ 
  
   կ’ամբասանեն 
  
   պատրիարքը 
  
   եւ 
  
   թարգման 
  
   Յովհաննէս 
  
   վրդ.
  
   ը 
  
   ըսելով 
  
   թէ` 
  
   Հայոց 
  
   Փրկչայ 
  
   վանքին 
  
   ձիթենեաց 
  
   պարտէզը, 
  
   գերեզմանատունը, 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   պարսպէն 
  
   մինչեւ 
  
   արեւմտեան 
  
   ճանապարհը 
  
   Սալահիէ 
  
   դպրոցին 
  
   կալուած 
  
   կը 
  
   նկատուին, 
  
   վանքին 
  
   եւ 
  
   պարտէզին 
  
   վրայ 
  
   տարեկան 
  
   վարձք 
  
   մը 
  
   (հէքիր) 
  
   դրուած 
  
   ըլլալով 
  
   ամէն 
  
   տարի 
  
   կը 
  
   վճարէին. 
  
   տասն 
  
   տարիէ 
  
   ի 
  
   վեր 
  
   չեն 
  
   վճարծ 
  
   նոյն 
  
   տուրքը 
  
   եւ 
  
   պարտք 
  
   ունին 
  
   8800 
  
   փարայ 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   պահանջեն 
  
   որ 
  
   վճարուի: 
  
   Հայոց 
  
   թարգմանը 
  
   դատարանին 
  
   առջեւ 
  
   պաշտօնագրերով 
  
   կը 
  
   պահանջեն 
  
   որ 
  
   վճարուի: 
  
   Հայոց 
  
   թարգմանը 
  
   դատարանին 
  
   առջեւ 
  
   պաշտօնագրերով 
  
   կը 
  
   հերքէ 
  
   այդ 
  
   ամբաստանութիւններն, 
  
   եւ 
  
   դատաւորն 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   մերժէ 
  
   ամբաստանողներուն 
  
   բողոքը: 
 
        
  
   1703 
  
   Օգոստոս 
  
   18ին 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   ծագի 
  
   ալ 
  
   աւելի 
  
   ցաւալի 
  
   դէպք 
  
   մը, 
  
   թելադրութեամբ 
  
   հակառակող 
  
   դրացիներուն. 
  
   նոյն 
  
   օրը, 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   միաբանները 
  
   կերակուրի 
  
   համար 
  
   Ս. 
  
   Յակոբ 
  
   դիմած 
  
   ըլլալով` 
  
   ոմանք 
  
   եղելութիւնը 
  
   իմանալու 
  
   համար 
  
   կ’երթան 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ` 
  
   ուր 
  
   կը 
  
   տեսնեն 
  
   վանքին 
  
   դուռը 
  
   կիսաբաց, 
  
   միաբաններէն 
  
   ոմանք 
  
   սպաննուած, 
  
   եկեղեցիին 
  
   եւ 
  
   սենեակներուն 
  
   դուռները 
  
   խորտակուած 
  
   եւ 
  
   վանքը 
  
   թալանուած. 
  
   յետ 
  
   քննութեան 
  
   ստուգուած 
  
   է 
  
   որ 
  
   սպաննուած 
  
   է 
  
   Սարգիս 
  
   վրդ.
  
   ը 
  
   եւ 
  
   երեք 
  
   ծերունի 
  
   միաբաններ: 
  
   Հայերը 
  
   խստիւ 
  
   բողոքեցին 
  
   դատաւորին, 
  
   որ 
  
   ոչ 
  
   միայն 
  
   աւազակները 
  
   գտնելու 
  
   ջանք 
  
   մը 
  
   չէ 
  
   ըրած, 
  
   այլ 
  
   մեռեալներուն 
  
   համար 
  
   չորս 
  
   քսակ 
  
   դրամ 
  
   պահանջած 
  
   է 
  
   հայոցմէ: 
  
   Հայերը 
  
   կ’ստուգեն 
  
   որ 
  
   գողերը 
  
   Բեթղեհէմէն 
  
   գալով 
  
   վանքին 
  
   հակառակորդ 
  
   դրացիներէն 
  
   միոյն 
  
   թելադրութեամբ 
  
   կատարած 
  
   են 
  
   այդ 
  
   ոճիրը: 
  
   Յոյնք 
  
   եւ 
  
   լատինք 
  
   եւս 
  
   միանալով 
  
   կը 
  
   դիմեն 
  
   Պոլիս 
  
   թէ' 
  
   Պատրիարքարան 
  
   եւ 
  
   թէ 
  
   Կառավարութեան, 
  
   որպէս 
  
   զի 
  
   վանքին 
  
   հակառակորդները 
  
   Գազա 
  
   տեղափուխուին 
  
   եւ 
  
   անոնց 
  
   տեղը 
  
   Եէնիչէրիները 
  
   բնակեցնեն: 
 
        
  
   1800ին, 
  
   Պետրոս 
  
   պատրիարքի 
  
   օրով, 
  
   Մեծն 
  
   Նաբոլէոն 
  
   իր 
  
   զինուորներով 
  
   Պաղեստինէն 
  
   կը 
  
   քաշուէր. 
  
   լեռնական 
  
   Ֆէլլահները 
  
   Ռէմլէի 
  
   դատարկութենէն 
  
   օգտուելով 
  
   քաղաք 
  
   մտած 
  
   ու 
  
   ամէն 
  
   ինչ 
  
   կողոպտելէ 
  
   ու 
  
   կու 
  
   գան 
  
   հաստատուիլ 
  
   Երուսաղէմ, 
  
   Սիոնի 
  
   թաղին 
  
   մէջ: 
  
   Աւարառուները 
  
   գիշերը 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքը 
  
   կը 
  
   մտնեն, 
  
   գտածնին 
  
   կը 
  
   յափշտակեն, 
  
   կը 
  
   խորտակեն 
  
   պատկերները, 
  
   եկեղեցւոյն 
  
   խաչկալը, 
  
   եւ 
  
   պարտէզ 
  
   մտնելով 
  
   33 
  
   ձիթենիներ 
  
   արմատէն 
  
   կը 
  
   կտրեն 
  
   ու 
  
   կը 
  
   մեկնին 
  
   Ռէմլէ: 
  
   Նոյն 
  
   միջոցներուն 
  
   Յոպպէի, 
  
   Ռէմլէի 
  
   ու 
  
   Երուսաղէմի 
  
   վանքերը 
  
   կ’ենթարոկւին 
  
   մեծ 
  
   նեղութիւններու: 
  
   1810ին, 
  
   Թէոդորոս 
  
   պատրիարքին 
  
   օրով, 
  
   անտանելի 
  
   դարձած 
  
   էին 
  
   Եէնիչէրի 
  
   զօրաց 
  
   աւարառութիւները. 
  
   ԵԷնիչէրիք 
  
   քաղաքային 
  
   պատերազմ 
  
   բացին 
  
   Մղրըպի 
  
   զինուորներուն 
  
   դէմ. 
  
   Երուսաղէմ 
  
   ահուսարսափի 
  
   մատնուած 
  
   էր, 
  
   Եէնիչէրները 
  
   Դաւթի 
  
   բերդին 
  
   մէջ 
  
   հաստատուած 
  
   էին, 
  
   բայց 
  
   անոնցմէ 
  
   մաս 
  
   մը 
  
   փախչելով 
  
   գացին 
  
   ապաստանեցան 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքը 
  
   զոր 
  
   պաշարեցին 
  
   Մղրըպի 
  
   զինուորները 
  
   անձնատուութեան 
  
   համար 
  
   եւ 
  
   չորս 
  
   ժամ 
  
   պատերազմեցան. 
  
   երբ 
  
   Եէնիչերնէրը 
  
   չհամակերպեցան, 
  
   ռմբակոծեցին 
  
   վանքին 
  
   պարիսպները, 
  
   որուն 
  
   պատճառով 
  
   հիւսիսային 
  
   պատը 
  
   կործանեցաւ 
  
   եւ 
  
   երոկւ 
  
   տեղէ 
  
   խրամ 
  
   բացուեցաւ. 
  
   Մղրըպիները 
  
   ներս 
  
   խուժեցին 
  
   եւ 
  
   սպաննեցին 
  
   հոն 
  
   ապաստանողները: 
  
   Այս 
  
   ընդհարումներուն 
  
   պատճառաւ 
  
   ծերունի 
  
   Յակոբ 
  
   եպիսկոպոսը 
  
   եւ 
  
   միաբաններ 
  
   նուաղած 
  
   հազիւ 
  
   հասան 
  
   Ս. 
  
   Յակոբ: 
  
   Զինուորները 
  
   վանքին 
  
   կարասիները 
  
   աւարի 
  
   տուին, 
  
   մինչեւ 
  
   անգամ 
  
   դուռներուն 
  
   բեւեռները 
  
   եւ 
  
   նիգերը 
  
   հանեցին: 
  
   Քաղաքապետը 
  
   շինել 
  
   կուտայ 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   պարսպին 
  
   խրամատները, 
  
   եւ 
  
   կ’ստիպէ 
  
   Հայերը 
  
   որ 
  
   նորոգեն 
  
   կործանուած 
  
   տեղերը 
  
   ու 
  
   հոն 
  
   միաբաններ 
  
   հաստատուին, 
  
   ըստ 
  
   առաջնոյն: 
 
       
  
   Տխուր 
  
   դէպքերու 
  
   այս 
  
   համառօտագրութենէն 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   որ 
  
   մասնաւորապէս 
  
   ԺԲ. 
  
   դարէն 
  
   մինչեւ 
  
   ԺԹ. 
  
   դար 
  
   պարբերաբար 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ 
  
   վանքին 
  
   վրայ 
  
   պակաս 
  
   չեն 
  
   եղած 
  
   թալանները 
  
   եւ 
  
   յարձակումները 
  
   մերթ 
  
   հակառակորդ 
  
   դրացիներէն 
  
   եւ 
  
   մերթ 
  
   աւարառու 
  
   աւազակներէն. 
  
   այս 
  
   կրկնուած 
  
   աղէտներուն 
  
   եւ 
  
   կործանումներուն 
  
   հանդէպ 
  
   կը 
  
   դիտուի 
  
   որ 
  
   Հայ 
  
   միաբանութիւնը 
  
   դարուց 
  
   ի 
  
   դարս 
  
   երբեք 
  
   չէ 
  
   ընկճուած, 
  
   այլ 
  
   կամքի 
  
   ու 
  
   հաւատքի 
  
   զօրեղ 
  
   ուժգնութեամբ 
  
   մը 
  
   դիմակալելով` 
  
   կարողացած 
  
   է 
  
   շարունակ 
  
   վերաշինել 
  
   վանքը 
  
   պահպանելով 
  
   սրբավայրին 
  
   վեհութիւնը: 
  
   Կրնա՞նք 
  
   ըսել 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ 
  
   նահա 
  
   տակ 
  
   վանք 
  
   մը 
  
   եղած 
  
   է: 
 
       
  
   ԴԷպքերու 
  
   այս 
  
   համառօտութիւնը 
  
   քաղեցինք 
  
   Երուսաղէմի 
  
   Պատմութենէն 
  
   զոր 
  
   հանգուցեալ 
  
   Ա. 
  
   Եպ. 
  
   Տ. 
  
   Յովհաննէսեան 
  
   յօրինած 
  
   է 
  
   ու 
  
   արաբերէն 
  
   պաշտօնագիրներէ, 
  
   հէօճէթներէ 
  
   եւ 
  
   հրովարտակներէ 
  
   թարգմանելով 
  
   այս 
  
   դէպքերը 
  
   մանրամասն 
  
   գրի 
  
   առած 
  
   է 
  
   ժամանակագրակա 
  
   ն 
  
   կարգաւ: 
 
        
  
   Վերեւ 
  
   յիշուած 
  
   գլխաւոր 
  
   վերաշինութիւններէ 
  
   ու 
  
   նորոգութիւններէ 
  
   զատ, 
  
   այլ 
  
   եւ 
  
   այլ 
  
   ժամանակներ 
  
   մասնաւոր 
  
   նորոգութիւններ 
  
   կատարուած 
  
   են 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքին 
  
   մէջ. 
  
   այսպէս 
  
   1734ին 
  
   Գրիգոր 
  
   Շղթայակիր 
  
   եւ 
  
   Յովհաննէս 
  
   Կոլոտ 
  
   պատրիարքները 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ 
  
   եկեղեցին 
  
   կը 
  
   նորոգեն 
  
   սեղանն 
  
   ու 
  
   յատակը 
  
   սալարկել 
  
   ու 
  
   խաչկալը 
  
   շինել 
  
   կուտան 
  
   աշխատակցութեամբ 
  
   միաբաններու: 
 
        
  
   1794ին 
  
   Եւդոկիացի 
  
   Պետրոս 
  
   պատրիարքին 
  
   օրով 
  
   Ակնայ 
  
   Չէրէզցի 
  
   Մատթէոս 
  
   աբեղան` 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   տեսուչը` 
  
   եկեղեցիին 
  
   անօթները 
  
   կ’աւելցնէ 
  
   եւ 
  
   բոլոր 
  
   եկեղեցին 
  
   չինիապատ 
  
   կը 
  
   զարդարէ: 
 
        
  
   1812ին 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   տեսուչ 
  
   Եւդոկիացի 
  
   Անտոն 
  
   աբեղայ` 
  
   վանքը 
  
   եւ 
  
   անոր 
  
   խուցերը 
  
   նորոգել 
  
   կու 
  
   տայ: 
 
       
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքը 
  
   ճոխ 
  
   է 
  
   խաչքարերով, 
  
   տապա 
  
   նագիրերով 
  
   եւ 
  
   այլ 
  
   յիշատակարաններով 
  
   որոնց 
  
   ընդօրինակութիւններն 
  
   ամփոփուած 
  
   են 
  
   Սիոնի 
  
   գերեզմանատան 
  
   տապանագիրերու 
  
   հետ 
  
   Տ. 
  
   Հ. 
  
   Թ. 
  
   Սաւալանի 
  
   Պատմութիւն 
  
   Երուսաղէմի 
  
   նորատիպ 
  
   գիրքին 
  
   յաւելուածին 
  
   մէջ 
  
   (էջ 
  
   1256-1304):