ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ըստ Մարինոսի, Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցիին նայելով` Մար - Սաբա այս վանքը շինած է Յուստինիանոսի կայսեր նիւթական օժանդակութեամբը, ինչպէս որ կը հասկցուի նոյն կայսեր գրած մէկ նամակէն` ուղղեալ առ եպիսկոպոսն գաւառին. շրջակայ թշնամիներէն զերծ մնալու համար, վանքը շինուած է բերդի մը նման, ըստ յանձնարարութեան կայսեր: Նոյն իսկ Մար - Սաբայի օրով այս վանքին մէջ կ՚ապրէին բազմաթիւ անապատականներ, որոնց գլխաւոր բնակարաններն էին մերձակայ ձորակին փապարները. երկաթի մը ծայրով շատ դիւրին էր փխրել ժայռը եւ շինել բնակարաններն, որ մինչեւ ցայսօր կըմնան, ինչպէս ըսինք: Կ՚ըսուի թէ այստեղ բնակած են մինչեւ 10, 000 վանականներ, որ կ՚ապրէին իրենց ձեռական աշխատութեամբ: Դարձեալ, ըստ Մարինոսի, այս վանքին մէջ ընձիւղած են Սաբայցիք, Կիւրեղացիք, Եւսեբեանք եւ Դամասկացիք, նոյն իսկ Ոսկեբերան, որ իբր թէ իր մէկ գիրքին մէջ նշանակած է այս պարագան: Սաբայի վանքը` ի սկզբանէ ենթակայ էր դրացիներուն յարձակմանց: Է. դապու սկիզբն ալ Պարսիկները հիմնայատակ կործանեցին զայն: Յիշատակութիւն մը չունինք թէ Խաչակիրք ժամանակ ունեցա՞ն վերականգնելու այս վանքը: Մեր Երուսաղէմացի Յովհաննէս եպիսկոպոսը (Հաննէ) իր Պատմութեան մէջ (էջ 282) կը գրէ թէ Կիռ Մանուէլ թագաւորը վերանորոգած է զայն պարիսպներով, աշտարակներով եւ խուցերով, եւ ան կը թուէ ութը եկեղեցիներ նոյն վանքին մէջ: Պատմութենէ յայտնի է թէ Կիռ Մանուէլ (1143-1180) քաղաքական նկատումներով սերտ յարաբերութեան մէջ էր Երուսաղէմի լատին թագաւորին եւ կղերին հետ, եւ թէ անոնց կ՚ընծայէր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյն վերանորոգութեան առթիւ, ինչպէս կը վկայէ նոյն եկեղեցւոյն մէջ գտնուած լատիներէն յիշատակարան մը. այս պատճառով, հաւանական է որ նոյն կայսրն վերաշինած ըլլայ Մար-Սաբայի վանքը: Դարձեալ, ըստ Մարինոսի, կը հասկցուի թէ ժամանակ մը Մար-Սաբա վանքը սեպհականութիւնը եղած է յունադաւան վրացւոց, որոնք ԺԴ. դարուն վերջերը, դրացիներուն յարձակումներէն ձանձրանալով` ծախեցին զայն Սերպերուն, եւ վերջիններսալ աւերեալ տեղերը նորոգցեին եւ կը պահպանէին վանքը, բայց Սերպ տէրութեան անկման հետեւանքով չկրցին մշտապէս դիմադրել դրացիներու թշնամութեանց: Սուլթան Սէլիմի գրաւումէն յետոյ, ինչպէս կը գրեն պատմիչք, 1570ին նոր կուսակալ մը կը հասնի Երուսաղէմ, Մար - Սաբայի հազարաի չափ կրօնաւորները` ընծաներով շնորհաւորութեան կուգան կըուսակալին եւ կը խնդրեն անոր պաշտպանութիւնը. կուսակալը կ՚ընդունի ընծաները, բայց այդ բազմաթիւ կրօնաւորներուն` Մար - Սաբայի բերդանման վանքին մէջ բնակութիւնը տէրութեան շահուց իբր թէ հակառակ գտնելով` կը հրամայէ եէնիչէրներուն որ անոնց միայն երեսունը վերադաձրնեն եւ մնացեալներրը մահացնեն: Մինչեւ 1639 Սերպք որոշ իրաւունքներ ունէին Ս. Տեղեաց մէջ, եւ տակաւին իրենց ձեռք կը մնար Մար - Սաբայի վանքը: Նոյն թուականէն քանի մը տարի առաջ անոնք շատ աշխատեցան ի հոգեւորս անկախ ըլլալ յոյն պատրիարքարանէն. 1634ին, թէեւ ձեռք բերին կրօնական անկախութիւն, բայց իրենց վանքերը 54, 000 դահեկանի պարտքի տակ ինկած եւ գրաւի դրուած էին. եւ Մար - Սաբան ալ աւերեալ վիճակ մը ունէր: Սերպերը ճարահատեալ ուզեցին ծախել իրենց գրաւի դրուած վանքերը եւ պարտքերնին հատուցանել: Քրիստոնեայ ազգերը իմանալով Սերպերուն նպատակը` ուզեցին ծախու առնուլ ոանոնց վանքերը: Յունաց պատրիարքաարնը սակայն, ինչպէս որ կը պատմէ Աստուածատուր եպիսկոպս` արաբացի պատմիչէ առնելով, ամէն գնով աշխատեցաւ Սերպերուն վանքերը սեպհականել` վճարելով պարտուց ամբողջ գումարը պետական անվճար տրոց հետ միասին: Այս գումարին հայթայթումը ձեռք բերուած է գլխաւորապէս ի Ռումանիա եւ յԵգիպտոս, եւ ահա այս կերպով յոյն պատրիարքարանը տէր եղած է Մար- Սաբայի վանքին (Տե'ս Ժամանակագրական Պատմութիւն Երուսաղէմի, Հտր. Ա. էջ 322-4):