ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քրիստոնէութիւնը շատ կանուխէն մուտք գտած էր Քէրէկի մէջ: Ե. դարուն Քարաք-Մոպա անուամբ եպիսկոպոսութիւն մը կար. իր եպիսկոպոսներէն երկուքը ծանօթ են, մին Դիմետրիոս, որ 536ի Երուսաղէմի ժողովին ներկայ գտնուած է, իսկ միւսը` Յովհաննէս աշակերտը Սաբայի վանական Ստեփանոսի: Մատապայի մոզայիքէ քարտէսին ժայռի մը վրայ թառած, մեծամեծ շէնքերով, եկեղեցիներով եւ սիւնազարդ սրահներով: Խաչակիրք` երբ Քէրէկի տիրեցին, քաղաքը գրեթէ ամայի գտան եւ աւերակ. Երուսաղէմի Լատին թագաւոր Ֆուլկի սեղանապետ Բայենն էր որ 1136ին, յաղջողեցաւ ամրացնել անոր պարիսպները` աւելցնելով եկեղեցի եւ ուրիշ կարեւոր շէնքեր, եւ Քէրէկը եղաւ Անդրյորդանանի գլխաւոր պողոտան: Քէրէկի եւ Մոնրէալի պարոնութիւնը իր դիրքովն ու տարածութեամբ Երուսաղէմի Լատին թագաւորութեան կարեւորագոյն պարոնութիւնն էր: 1177ին, Ռընօ Տը Շադիյլեոն` իր կնոջ մահուամբ` երկրորդ անգամ ամուսնացաւ «Գրագի տիկնոջ» Անդրյորդանանի պարոն Հոնֆրօա տը Տօրոնի այրւոյն Էթիէնթ տը Միլլիի հետ, եւ Քէրէկի պարոնութիւնը ստանձնելով` քաջութեամբ ետ մղեց Սալահէտտինի 1183ի, եւ հետեւեալ տարիներու յարձակումները. բայց ան 1187ի պատերազմին` սպաննուեցաւ Սալահէտտինէ. եւ անոր այրին մէկ տարւոյ չափ պաշտպանեց Քէրէկը` որ սովին պատճառաւ միայն անձնատուր եղաւ: Խաչակրաց տիրապետութեան ժամանակ, Քէրէկի ամայութիւնը եկան շէնցնելու զանազան գաղթականներ. այնպէս որ ծովային եւ ցամաքային վաճառականութիւնը մեծապէս ծաղկեցաւ. Մեռեալ Ծովուն վրայ անընդհատ կ’երթեւեկէին վաճառաբարձ նաեւր, ինչպէս երբեմն Յուստինիանոսի օրով. այնպէս որ երթեւեկող նաւերուն տուրքը մեծ եկամուտ մը եղած էր Քէրէկի պարոնութեան. այս վիճակը ալ աւելի զարգացաւ Ռընօ տը Շաթիյլեոնի պատերազմաշունչ եւ յանդուգն ձեռնարկներուն առթիւ: Քէրէկի պարոնները իրենց ընդարձակ սահմաններուն վրայ, դիւրութիւններ կու տային վաճառականաց, ինչպէս նաեւ առանձնաշնորհումներ` Երուսաղէմի Ս Յովհաննու հիւանդանոցի ասպետներուն, որպէս զի անոնց հաշուոյն երթեւեկող նաւերը զերծ մնային մաքսէ: Լատիներէն նոյն արտօնագիրները կը մնան ցարդ, ինչպէս Բայէն 1152ին, նոյնպէս Տը Շաթիյլեոն 1177ին, վերահաստատած են այդ արտօնութիւնները:
       Քէրէկի բերդին նորոգութիւնը կ’սկսի Երուսաղէմի լատին թագաւորներու ժամանա կ: Նշանաւոր է նոյն բերդի եկեղեցին, որուն նկարագրութիւնն է հետեւեալը. «բերդին արեւելեան ճակատը շինուած է այն միեւնոյն վարպետներէն` որ Թորթոզի մայր եկեղեցւոյն ամնէն հին մասը շինեցին, վասն զի երկու շէնքերուն մէջ միեւնոյն է վիմագրական նշաններու շարքը: Պատերուն դուրսի կողմի քարերը քիչ յղկուած են եւ եզրաքարերը խիտ շարուած:
       Քէրէկի բերդին փոքր եկեղեցին ունի կոզակ մը եւ երեք գերանամէջով պարզ նաւ մը: Կոզակը կը կազմէ երկրորդ պատին արտագծ մը եւ մեծազանգուած որմի մը կցուած է, եւ որ կտրուած անկեան մը քառակուսիի մը յատակագիծը ունի: Նաւը ծածկուած է կորաձեւ որրանով մը եւ պարզ կիսասիւներու կռթնող հեծանակներով: Կիսասիւները միայն ճակատակուած են. ճակատը կը մեղմանայ քառակուսի յատակագիծով բարաւորին (imposte) տակ, ինչպէս հեծանակալը. կամարի բարաւորը կիսասիւներու բարաւորները կ’երաշխաւորէ, անոնք իբր կտրած (profil) ունին գօտի մը, փորոքներէ (rainures) շրջանակուած փորուածք մը (gorge) եւ գաւազան մը (baguette):
       Ինչպէս Montjoieի մայր եկեղեցւոյ նաւուն մէջ, կողմնակի պատերը մեծ աղեղներով` կրկնակամար, առանց մեծանակալի քանդուած են: Ուղղանկիւն պատուհանները կամարին մէջ մտած ձեւով յարդարուած են, հարաւի կողմէն երկու գերանամէջերով (travé e), իսկ հիւսիսէն միայն մէկ գերանամէջով: Կոզակը ունի միայն փոքր կամարաձեւ պատուհան մը: Գլխաւոր լոյսը կ’առնէ ճակատի մեծ պատուհանէն: Վերջինս ունի կրկնակ շրջազարդ (chambranle) մը որ կորաձեւ է, նաման այն մայրադրան (portail) որուն վրայ ալ շինուած է: Այս մայրադրան վերին կորութիւնը իբր ցցուակ (moulure) ունի ցցանկիւնին (arռte) վրայ պարզ փորուածք մը եւ կը շրջանակուի բարաւորներու ցցուածին նման կամարաքիւով (archivolte): Ինչպէս Montjoieի մէջ, այս մայրադուռը բարաւոր չունի: Մեծ կամարը ունի պորտի քար մը (clef), մինչ ճակատի պատուհանինը` կետրոնական կցուած մը: Ճակատը կը վերջանայ հորիզոնական գծով:
       Տեղւոյն ներքին հաղորդակցութիւնները բարելաւելու համար, ԺԳ. դարու ընթացքին, ճակատը շինուած լայն սանդուխով մը մայրադուռը խափանուած է. այն ատեն դուռ մը բացած են առաջին գերանամէջին հարակային պատին մէջ եւ պատսպարած են զայն ծածկոյթի մը տակ, որ մեծ սրահին ծածկոյթին դիմացը կը գտնուի: Պէրութի եւ Գազայի մայր եկեղեցիներու նման ցցանկիւն կամարով քառակուսի շէնք մ’է, եւ որ ունի պատշգամ մը: Հարաւային եւ արեւմտեան կողմը ան ունի երկու կորաձեւ կամարներ` կետրոնական կցուածով եւ առանց զարդի:
       Այս մատուռը մեծ նմանութիւն ունի Montjoieի նաւով եկեղեցիին հետ, եւ որ ինքնին վանքին նախնական մատուռը կը նկատուի: Ան կը տարբերի Թորթոզի եկեղեցիէն իր պատերուն վիմաշարքովը: Բայց այս մայր եկեղեցիին հետ ան ունի աչքի զարնող համանմանութիւններ, որոնք են. միեւնոյն վիմագրական նշաններ, կամարներուն մէջ միեւնոյն ուղղանկիւն պատուհաններ, կիսասիւներուն վրայ միեւնոյն ճակատակներ, մայր դուռներու վրայ միեւնոյն կամարաքիւը եւ միեւնոյն ձեւը բարաւորներու եւ Քէրէկի յատուկ պարուրազարդերու (boudin): Հաւանական կը թուի որ միեւնոյն վարպետը ԺԲ. դարուն վերջերը հսկած է երեք շինութիւններուն: Այս եկեղեցին 1271ին մզկիթի փոխուած է:
       Բերդը կը պարունակէ քաղաքային ճարտարապետութեան երկու նշանաւոր մասեր, հարաւային արեւմուտք, բերդին տիրոջ տունը, եւ հարթավարյին դէպի կեդրոնը, մեծ սրահը:
       Տունը ունի դիտանոց մը, ունի երկու սրահներ` վարի եւ վերի, ցցանկիւն կամարներով շինուած: Վերի սրահը ունի երկու կրկնակ պատուհաններ: Սրահին ծայրը արեւելքէն կապուած է կիսաշրջանակային աշտարակ մը որ կը պարունակէ ցցանկիւն կամարով շինուած ուղղանկիւն սենեակ մը. արեւմուտքէն կլոր աշտարակ մը սիւներով կապուած սրաձեւ կամարազարդ սենեակով մը: Հինգթերթ կիսածաղիկ խորոտ (զարդ, cavet) մը կը շրջապատէ սենեակը եւ անոր արտաքին պատուհանը կը կրէ իր շրջապատին վրայ միեւնոյն զարդարանքը: Կը թուի թէ այս աշտարակը շինուած էր ԺԳ. դարուն եւ ցցանկիւն սրահները 1180- 1200»: (Տե'ս Camille Enlartի Les monuments des Croisès dans le Royaume de Jerusalem, II. p. 96-98):