ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հայ մատենարգութիւնը Ս. Տեղեաց թէ' հայկական վանքերու թէ' օտար վանքերու մէջ ապրող հայ միաբանութեանց նկատմամբ դժբախտաբար բառ մը անգամ չէ արձանագրած, հակառակ որ նախնական դարերէ սկսեալ, մեր բնիկ աշխարհէն ուխտաւորական կարականներ շարունակ այցելած են Երուսաղէմ, յուխտ եւ երկրպագութիւն Քրիստոսի Տնօրինական Ս. Տեղեաց: Հայոց Անաստաս վրդ. ը միայն, ինչպէս յիշած ենք այլուր, գրի առած է Ցուցակ մը Երուսաղէմի Հայ Վանօրէից մասին: Ան թէեւ զերծ չէ քննադատութենէն եւ ձեռնմխութիւններէ, ինչ որ ալ ըլլայ սակայն, այդ Ցուցակը հայեցի կարեւոր յիշատակարան մըն է, որուն համաձայն, Ձիթենեաց լերան վրայ, բաւական թուով վանքեր կը յիշուին. բայց ցաւալի է ըսել որ նոյն յիշուած վանքերը, գոնէ առ այժմ, չէ կարելի վաւերագիրներով ճշդել, միայն անոնցմէ երեքը, ըստ կարելւոյն, պիտի կրնանք նկարագրել հնախօսութեան եւ պատմութեան հայթայթած տուիքներու համաձայն: Այդ երեք վանքերն են. 1. Ս. Յովհանէս Կարապետի վանքը. 2. Մժավանքը. 3. կանանց յատուկ Ս. Աւտեման վանքը:
      
       Ս. Յովհաննէս Կարապետի վանքը.
       Երբ Դ. դարուն աշակերտարանի եւ Բլրի երկու մայր եկեղեցտիները սկսան շինուիլ, բարերար իշխաններու եւ մեծահաւատ տիկիններու օժանդակութեամբ, եւ Ձիթենեաց լերան միայնակեացներու ջերմեռանդութեամբը, նոյն եկեղեցեաց շուրջը շինուեցան մասնաւոր վանքեր եւ եկեղեցիներ. այդ մասին անհերքելի ապացոյցներ են հնախօսական ա'յն թանկարժէք բեկորները` որ երեւան եկած են վերջինվ տարիներու պեղումներէն: Հայք` Բլրի եկեղեցւոյն արեւելեան կողմը, ունեցած են վանք մը Ս. Յովհաննու Կարապետի անուամբ: Անաստաս վրդ. ի Ցուցակին մէջ, հետեւեալ կերպով կը յիշուի ան. «Պանտայ վանքն, որ սուրբ Կա րապետին է, որ յարեւելից կողմանէ Ձիթենեաց լերինն կայ, նոյնպէս արքունի ծախիւք շինեալ, յանուն սուրբ Կաթուղիկէին որ ի Վաղարշապատ քաղաքի, զոր Աղուանք ունին մինչեւ ցայժմ»: Մովսէս Կաղանկայտուացին ալ կը յիշէ այսպէս. «Պանդայ վանքն, որ յարեւելից կողմանէ Ձիթենեաց լերինն կայ Պանոն ոմն ճգնաւոր յԱղուանից եղեալ նախաշինող, եւ աժմ Պետրոս Աղուան քահանայ ունի» (Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի, էջ 227):
       Նկատի առնելով այս երկու յիշատակարանները, համոզում կը գոյացնենք թէ Ձիթենեաց լերան այս վանքին Աղուանք նախապէս տիրացած էին, յանուն իրենց Տ. Պանդ կաթողիկոսին` որ մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչտ թոռան Գրիգորիսէ սկսեալ, Աղուանից կաթողիկոսներուն վեցերորդն է Կաղանկայտուացւոյն վերի յիշատակարանին համաձայն անդ, էջ 274): Յետոյ Աղուան ճգնաւոր մը, Պանոն անուամբ, կը վերաշինէ նոյն վանքը. բայց ամէն պարագայի տակ, հայ արքունիքի ծախքով կը շինուի, յանուն Ս. Կաթուղիկէին Վաղարշապատու, ինչպէս կը յարէ Անաստաս վրդ.: Սակայն Դ. դարու յիշատակարան մը, Ձիթենեաց լերան հայկական այս վանքին ծագումը տարբեր կերպով կ’աւանդէ մեզ: Պալլատիոս կը գրէ թէ (Hist. Laus, Gh. XLIV), «Յուլիանոս Ուրացողէն յետոյ, Իննովկենտիոս քահանան սուրբ Լերան վրայ շինեց (385) մատուռ մը, ուր կը պահէր Սեբաստիոյ հեթանոսներուն վանտալութենէն զերծ մնացած սուրբ Յովհաննու Կարապետի մասունքները»: Պալլատիոս մէկ տարի ապրած էր Ձիթենեաց լերան վրայ (412-13), հետեւաբար իր ականատեսի վկայութիւնը արժէքաւոր կը նկատուի: Այս մատրան նաւակատիքը կատարուէր Սեպտ. 29ի, ն վրացերէն Սաղիմական հնագոյն ծիսարանի համաձայն. (Տե'ս R. B. 1924. էջ 611-623): Արդէն ուր կար սուրբի մը մասունքը կամ տապանը, հոն եկեղեցի կամ վանք շինել ի հնումն կանոնական սովորւոթիւն մըն էր: Կ’երեւի պարագայից բերումով, արդէն հիմնարկուած վանքի մը միասնաբար կը տիրանան Հայք եւ Աղուանք, եւ յանուն Վաղարշապատի Ս. Կաթուղիկէին արքունական ճոխութեամբ կը զարդարեն նոյն վանքը: Պարսկական եւ արաբական տիրապետութեան շրջանին, այս վանքը անտարակոյս ենթարկուած է Ձիթենեաց լերան միւս վանքերու ճակատագրին: Սակայն նոյն վանքը Թ. դարու սկիզբները, վերանորոգուած կը գտնենք: Նոյն միջոցին Մեծն Կարալոսի եւ Պաղտատի խալիֆային միջեւ համայնութիւն մը կնքուած էր, որով` Մեծն Կարոլոս` Ս. Քաղաքին թեւարկութիւնը ստանձնելով` առատաձեռն գումարներով վերաշինել կու տար վանքին ու եկեղեցիներն ու կը հոգար վանականները. ղրկած էր մասնաւոր պաշտօնեայ մը յԵրուսաղէմ, եւ անոր միջոցաւ նպաստի դրամ կը բաշխէր վանականաց: նոյն պաշտօնէին գրի առած Ս. Տեղեաց ու կրօնաւորաց վիճակագրական Ցուցակը ամփոփուած է յիշատակարանի մը մէջ, որ կը կոչուի Commemoratorium de Casis Dei: Արդ այս յիշատակարանին համաձայն, կը հասկցուի որ Բլրի եկեղեցւոյն վանականաց շարքին մէջ կը յիշուին նաեւ Հայեր: Նոյն Ցուցակին մէջ մասնաւորապէս կը յիշատակուի Հայոց Ս. Յովհաննու Կարապետի վանքը, ուր կը բնակէին վեց հայ կրօնաւորներ: Անոնք անցելոյն բարգաւաճ վիճակի մը բեկորներ էին, որ անտարակոյս արեւելքէն դարձեալ պայծառացնել Ս. Կարապետի վանքը, նորոգելով աւերեալ մասերը: Օտար յիշատակարանի մը այս անհերքելի վկայութիւնը` Հայոց Ս. Յովհ. Կարապետի վանքը, նորոգելով աւերեալ մասերը: Օտար յիշատակարանի մը այսանհերքելի վկայութիւնը` Հայոց Ս. Յովհ. Կարապետի վանքին գոյութեան մեծ ապացոյց մըն է: Հաւանական կ’երեւի որ` նոյն վանքը մինչեւ ԺԲ. դար կանգուն մնացած է, եւ ի վերջոյ Սալահէտտինի յարձակումներէն դարձեալ քանդուած ու յիշատակներն ալ երկար դարեր հողի տակ ծածկուած են: ԺԹ. դարու կիսուն էր որ Ձիթենեաց լերան Հայոց Ս. Յովհանու Կարապետի վանքին նախկին պայծառութեան չքնաղ յիշատակարանները հողերու տակէն դուրս կու գային հիացումի անթերկելով բոլոր տեսնողները. հայկական չորս արձանագրութիւններով գեղակարտ խճանկարներ (mosaïque ) երբեմն կը զարդարէին Ս. Կարապետի վանքին յատակը: Այս յիշատակարանները կ’ապացուցանեն թէ` որպիսի պայծառութեան մը հասած էր նոյն վանքը: 1868էն սկսեալ, զանազան գիրքերու եւ լրագրաց մէջ քանիցս հրատարակուած եւ լուսանկարուած են նոյն արձանագրութիւնները եւ խճանկարները: Անցեալ տարի ալ, Գեր. Տ. Մեսրոպ Ս. Եպս. Նշանեան` Երուսաղէմայ Դամասկոսի դրան մօտի հայկական խճանկարի մէկ մանրանկարը հրատարակելուն առթիւ, Ձիթենեաց լերան հայ արձանագրութիւններն ալ ամփոփած էր, (Տե'ս Տարեցոյց Թէոդիկի, 1927, էջ 399-406): Ս. Յովհ. Կարապետի վանքին արձանագրութիւնները քաղելով նոյնէն կը դնենք հոս.
       1 . «Բարեխաւս ունելով
       առ Աստուած զսուրբ Ե
       սայի եւ զերանելի
       հարսս ես Վաղան ա
       րարի վասն թողու
       թեան մեղաց զյի
       շատակարանս զայս»:
       2 . «Այս դիր երանելւոյ Շուշանկա
       մաւրն Արդաւանայ Հոռի ԺԸ«:
       3 . «Վասն աղաւթից եւ փր
       կութեան Թեւայ Ա
       բասու եւ Մաւրկան»:
       4 . «Այս յիշատակարան Տն Յակոբայ
       որ եղեւ ի ձեռն խնդրելոյ»:
       Այս արձանարգութիւններէն զատ, նոյն տեղը գտնուած են 16 դամբարաններ որոնցմէ երեքը անաղարտ մնացած են եւ իւրաքանչիւրին վրայ առանձին առանձին կը կարդացուին Ջոջիկ, Շուշան, Մարին անունները:
       Կը փափաքինք վերեւ յիշուած մոզայիքներու ծագման մասին պատմական տեղեկութիւն մը տալով` նոյն արձանագրութեանց մէջ յիշուած քանւի մը անձերու ինքնութիւնը ճշդել, որքան որ կարալի է: Այս հնութիւններով շատ զբաղած է յայտնի հնախօս Glermont-Ganneau (Archaeological Researches in Palestine, 1873-74. էջ 329-337), ուր յիշեալը շատ մը ենթադրութիւններէ յետոյ, կը կարծէ թէ թիւ 2 արձանագրութիւնը եւ մոզայիքը միաժամանակ չեն շինուած, քանի որ նոյն մոզայիքին արձանարգութիւնը առանձին մաս մը կը կազմէ եւ չի յարմարիր մոզայիքի ամբողջութեան շինուածքին եւ գոյներուն. թիւ 1 եւ 2 մոզայիքներուն շինութիւնը ժամանակակից կը համարի, դատելով երկուքին ալ կերտուածքին եւ նկարագրութեան նոյնութենէն, իսկ թիւ 3 եւ 4 մոզայիքները կը նկատէ յետին տարինրու շինուածք: Պէտք է գիտնալ թէ Քրիստոնէութենէ շատ յառաջ, մոզայիքի գործածութիւնը տեսակ մը զարդարանքի ձեւ մըն էր, սակայն անոր գիտութիւնը տակաւին նոր է: Զարդարանքի այդ եղանակը, ինչպէս կը տեսնուի, մարդիկ աւելի կը նախընտրէին քան որմնանակարներն եւ մագաղաթներն որ շատ չէին կրնար տոկալ, մինչ մոզայիքի դարերով հողին տակ կրնար մնալ, առանց աւրուելու: Սեւ, կարմիր եւ սպիտակ գոյներով մոզայիքներ երբեմն կը զարդարէին Հռոմայեցւոց պարտէզները. իսկ բազմագունեանները կ’երեւնային Պոմպէի եւ Ափրիկէի կողմերը: Քրիստոնէական մոզայիքներու վրայ գաղափար մը կազմելու համար պէտք է այցելել Ռավեննա, Հռովմ եւ Թեսաղոնիկէ: Քրիստոնեայք փոխ առնելով հեթանոսական մոզայիքները, անոնց տուին խորհրդաւոր մեկնութիւն մը: Եկեղեցեաց որմերուն, յատակներուն եւ կոզակներուն մէջ շինուած մոզայիքները քրիստոնէից յատուկ թելադրիչ դասեր կը պարունակէին իրենց նկարէն պատկերներովը. անոնք կը նկարէին նաեւ Փրկչին եւ նկարէին նաեւ Փրկչին եւ Առաքելոց պատկերները: Մոզայիքի արուեստաւորները` Փրկչին փառքը պանծացնելու տենչով լեցուած` կըվ տեսնուի որ ընդհանրապէս կը խուսափէին նկարել Անոր խոնարհ ծագումը եւ չարչարանքը, Քրիստոսի մսուրը, ծնունդը, խաչելութիւնը` որ վերածնութեան դարուն նկարիչներուն սիրելի նիւթերն էին. առաջին եըթն դարերու մոզայիք շինողները չէին մօտենար անոնց, միեւնոյն նպատակաւ. նահատակաց յաղթանակը ի մտի ունէին, քան թէ անոնց մատիրոսութիւնը. (Ներածութիւն, Les Mosaï ques Chrétiennes du IVme au Xme siècle ): Ձիթենեաց լերան Հայոց Ս. Յովհ. Կարապետի վանքի այդ մոզայիքները յայտնի է թէ հեռաւոր թուականէ մը կը հասնին. այդ մոզայիքի վարպետներն ալ միեւնոյն ոգւով շարժած են` հեթանոսականը խառնելով քրիստոնէականին հետ, ինչպէս ցոյց կու տան անոնց լուսանկարուած մանրանկարները:
       Գալով վերոյիշեալ չորս արձանագրութեանց մէջ յիշուած անձերուն ինքնութեան, պէտք է ըսել թէ շատ դժուար է ճշդել այդ պարագան: Թիւ 3 եւ 4 արձանագրութեանց մէջ յիշուած անձերուն վրայ տեղեկութիւն մը չունինք, բայց թիւ 1 եւ 2 արձանարգութեանց մէջ յիշուածներուն մասին կարելի է հաւանական կարծիք մը յայտնել: Glermont-Gannar իր վերոյիշեալ գործին մեէ (էջ 332) կ’ընդունի թէ թիւ 2 արձանագրութեան Արտաւանը պարսկահայ մըն է, Յուստինիանոսի օրով, կուսակալ եւ զօրապետ, հրամաձայն De Muraltի Chronographie Byzantineի տեղեկութեան (Հտր. 1. էջ 190 եւ 203): Մենք թիւ Վաղանը ուղղագրական սխալ նկատելով` հաւանական կը համարինք որ ըլլա Վահան. եւ եթէ ընդունիք այդպէս, այն ատեն Պաղեստինցի Պրոկոպիոս պատմիչին դիմելով` կը տեղեկանանք թէ` Արտաւն եւ Վահան Արշակունի երկու եղբայրներ էին, եւ Պարսկաստանէն փախչելով ապաստանած էին Բիւզանդիոն: Այս երկու եղբայրները մեծ ծառայութիւն մատուցած էին Բիւզանդական պետութեան: Արտաւան եղաւ մեծ դուքս եւ Վահան մեռաւ պատերազմին մէջ: Յուստինիանոսի կայսրութեան յառաջադիմութեան եւ զարգացման սատարներ եղած են այս հայազգի երկու եղբայրները. մանրամասնութիւնները տեսնել (Չամչ. Բ. էջ 241, 250-55, 517-520): Այս պատմական տեղեկութիւնները ի մտի ունենալով հաւանական չէ՞ որ ԲԻւզանդական այս հայ զօրականաց մայրը Շուշանիկ Երուսաղէմ ուխտի եկած եւ վախճանած ըլլայ հոն, եւ իբր մայրը երկու երախտաւոր զինուորականներուն, թաղուած է Հայոց Ս. Կարապետի գաւիթը, յատկացուցելով անոր գեղակերտ մոզայիքներով տապան մը Արտաւանի ձեռքով, եւ յանուն իր եղբօրը Վահանին ալ կա նգնելով Եգիպտացի անապատականին` Եսայիի եւ այլ Հարց համանման շիրիմ մը, հոն ամփոփելով անոնց նշխարները:
      
       Մժավանք
       Անաստաս վրդ. իր Ցուցակին մէջ այս վանքը հետեւեալ կերպով կը ծանօթագրէ. «Մըժայ վանքն, որ յանուն սբ. Քառասնիցն, զոր այժմ Տաճիկք ունին»: Իսկ Կաղանկայտուացին կ’ըսէ. «Մրուվայ վանք սուրբ Քառասունքն ի նոյն կողմն եւ մերձ ի նա, զոր այժմ տաճիկն ունի (նոյն, անդ): Ալիշան եւ Աստուածատուր եպս. կը կարծեն թէ Մժավանքը պիտի ըլլայ Մժէժավանք. վասն զի Մէժ անուն չունինք. բայց մենք աւելի հաւանական կը նկատենք թէ Մժավանքը պիտի ըլլայ Մժժավանք. Կաղանկայտուացիին Մրուվայ վանք ըսածը բոլորովին անհատկանալի է: Մեր պատմութեան մէջ երկու Մժէժ Գնունի ունինք, մին` 518ին, մարզպան Պարսից կողմէն, ի Դուին, 30 տարի մարզպանութիւն ըրած, շինարարութեամբ համբաւեալ եւ բարեկամ Թրակացի Յուստինիանոս կայսեր (Չամչ. Ա. էջ 237-255), իսկ միւսը` նոյնին սերունդէն, Հերակլի օրով. Յունաց բաժնին զօրավար, որ մինչեւ անգամ կայսր ընտրուեցաւ, բայց իսկոյն սպաննուեցաւ (անդ, էջ 528): Բայց մենք աւելի հաւանական կը նկատենք որ Մժժավանքը շինուած կամ նորոգուած է յանուն առաջնոյն: Սակայն Պետրոս վրացիին կենսագիրը, զոր նախընթացով յիշեցինք, կը պատմէ թէ` Հռովմայեցի կրտսերն Տիկին Մելանիա ( 439) Ձիթենեաց լերան վրայ, Բլրի եկեղեցւոյն մօտիկ, երկու վանքեր կը շինէ, արանց ու կանանց, եւ հո'ն կը զետեղէ Հայոց Սեբաստիայէն բերել տուած 40 վկաներու նշխարները, որոնց վրայ կ’աւելցնէ նաեւ Պետրոս վրացիին բերած պարսիկ երկու վկաներու մասունքներն ալ: Մասանց նաւակատիքը կը կատարէ Կիւրեղ Ալեքսանդրացի հայրապետը, որ նոյն ժամանակ Երուսաղէմ կը գտնուէր: Ահա' այս Մելինիայի Քարասնից վանքն է, որուն յետոյ կը տիրանայ հայ Մժէժ Գնունի մը կամ մարզպանը, եւ կամ բիւզանդական զօրաւարը. բայց թէ ի'նչ պարագաներու տակ, պատմականօրէն անծանօթ կը մնայ մեզ: Մժժավանքը շատ մօտ կը գտնուի ի վերեւ նկարագրուած Ս. Յովհ. Կարապետի վանքին, եւ թէ շատ կանուխէն մասամբ գրաւուած էր արաբացիներէն, ինչպէս յայտնի կ’ըլլայ վերի յիշատակարաններէն: Աստուածատուր եպս. հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ Մժժավանքի աւերակը. «յս վանք է հիւսիսային կոմն Ս. Կարապետի իբրեւ քարընկէց մի. հիմունք, շրջապատ որմոց միայն երեւին այժմ. ի կեդրոնի կանգնեալ են արաբացիք գմբէթ եւ կոչեն ըստ բարբառոյ իւրեանց Գուպպէթ էլ արպային շուհատէ, գմբէթ 40 մարտիրոսաց` ըստ առաջին անուան իւրոյ եւ մի մասն գերեզմանատուն գիւղականաց: Աստ եւս գոն գերեզմանք նախնեաց մերոց, բայց ծածկեալ են արաբացիք»: (Ժամանակագրակա ն Պատմութիւն Երուսաղէմի, Ա. հտր. էջ 89):
      
       Աւետման վանք հայոց
       Այս վանքը կուսանաց յատուկ էր. գրաւոր ո'եւէ յիշատակարան չունին: 1892ին, Ձիթենեաց լերան վրայ երեւան ելած յունարէն գրով տապանագրէ մը յայտնի կ’ըլլայ թէ Հայք ունեցած են Աւետման անուամբ վանք մը: Այդ տապանագրին թարգմանութիւնը կը դնենք հոս. «Այս է տապան սրբուհւոյ Խարադայի, մայր միանձնուհեաց Աւետման վանացն Հայոց» (R. B. 1892. էջ 571): Վանքին հայկական ըլլալուն տարակոյս չկայ. միայն դատելով վանքին մեծաւորուհիին անունէն եւ հայ վանքի մը մէջ յունարէն լեզուի գործոծութենէն` կը կարծենք թէ այս վանքը գգոյութիւն ունէր հայերէն գրոց գիւտէն յառաջ, եւ թէ նոյն վանքի մաինձունք անխտրաբար ամէն ազգէ կ’առնուէին, թէեւ սեպհականութիւնը ըլլալ հայկական: Կը թուի թէ մինչեւ Է. դարու սկիզբը կանգուն էր Աւետման վանքը. յորմէհետէ կործանուած էր Պարսիկներուն յարձակմանց հետեւանքով: Հաւանաբար նոյնն էր այս վանքը Հարանց Վարքի մէջ յիշուած . հտր. էջ 461) կուսանոցին հետ, որ Ձիթենեաց լերան վրայ գտնուելով` Փարախ անունը կը կրէր. հո'ն կ’ապրէին չորս հարիւրի մօտ կոյսեր: Պարսիկները վանքը կործանեցին, կոյսերը դժնէաբար հոս հոն ցրուեցին: Հարանց Վարքի նոյն էջերուն մէջ կը պատմուի հալածուած կոյսերէն միոյն դիւցազնական առաքինութիւնը:
       Ձիթենեաց լերան Բլրի եկեղեցիին նկարագրութեան առթիւ, ոեւէ յիշատակութիւն չըրինք նոյնին սեպհականութեան մասին:
       Ինչպէս կ’երեւի գրաւոր յիշատակարանց հետքերէն, վաղեմի դարերէ սկսեալ, նոյն եկեղեցիին սեպհականութիւնը կը վերաբերէր Հայ Միաբանութեան: ԱՅս մասին հայ ժամանակագիր մը կը գրէ թէ արաբ պատմագրաց մէջ գրուած է որ Համբարձման եկեղեցին կը վերաբերէր հայոց (Ստորագրութիւն Երուսաղէմի, էջ 308): Արդէն 1529ին, Յովհաննէս պտրք. Ս. Համբարձման եկեղեցւոյն գմբէթը, որ երկրաշարժէն խարխլած էր, դատաւորին վճռով նորոգել կու տայ, եւ 1560ին, Անդրէաս պատրիարքը դարձեալ վաղեմի իրաւանց հիման վրայ եւ դատարանի վճռագրով, կը յաջորդի ամբողջութեամբ նորոգել նոյն եկեղեցին. 1617ին ալ, Գր իգոր Պարոնտէր, պաշտօնական վակերագրոց ոյժով, կ’արգելու տեղւոյն մէկ դրացին անտեղի ոտնձգութիւնները: Հայոց Միաբանութիւնը 1836ին, առանց հակառակելու ուրիշ Միաբանութեանց կողմէ նոյն եկեղեցիին մէջ կատարուած պաշտամունքին եւ արարողութեանց, կարեւոր նորոգութիւններ կը կատարէ նոյն եկեղեցւոյն մէջ, եւ կը կառուցանէ յարակից շէնքեր` համաձայն ա'յն արտօնութեանց, զորս ձեռք բերած էր Հիճրէթի 1022ին, Սուլթան Ահմէտ Ա. ի օրով, որուն զօրութեամբ նաեւ ստացած էր Հիճ. 1250, 1251 եւ 1252 թուական հրովարտակները: 1838ին սակայն, Լատինք եւ Յոյնք կը հակառակին այս նորոգութեանց, կը ջանան բեկանել տալ ստացուած հրամանագրերը, եւ այլ եւ այլ ազդեցութիւններու միջոցաւ, ի մեծ վաշտ քրիստոնէութեան, 1839ին քանդել կու տան շինութիւնները, եւ հոն հիմակ աւերակներն են որ կ’իշխեն: Մանրամասնութիւնները տեսնել (Սաւալանեանց, Բ. հտր. էջ 993-999. Ժամանակագրական Պատմութիւն Երուսաղէմի, հտր. Ա. էջ 251, 271, 290, Բ. 439 եւ այլն, «Բովանդակութիւն Ազգ. Սեփ. » էջ 94-95):