Ըմբռնման 
  
   եկեղեցին, 
  
   Պարսիկներու 
  
   արշաւանքին 
  
   ժամանակ, 
  
   ահարկու 
  
   բոցերը 
  
   լափեցին 
  
   ու 
  
   եկեղեցին 
  
   դարերով 
  
   մնաց 
  
   մոխիրի 
  
   տակ, 
  
   որուն 
  
   հետքերը 
  
   երեւան 
  
   ելան 
  
   1920ի 
  
   պեղումներու 
  
   առթիւ, 
  
   ինչպէս 
  
   յիշեցին: 
  
   614 
  
   թուականին 
  
   եկեղեցին 
  
   կործանուելէ 
  
   յետոյ, 
  
   Խաչակիրներէ 
  
   յառաջ 
  
   վերաշինուա՞ծ 
  
   է 
  
   Մոդեստոսի 
  
   ձեռքոյ, 
  
   չենք 
  
   կրնար 
  
   հաստատել 
  
   ճշդօրէն 
  
   եւ 
  
   բացարձակ 
  
   կերպով 
  
   ալ 
  
   չենք 
  
   կրնար 
  
   հերքել. 
  
   բայց 
  
   եթէ 
  
   ան 
  
   վերականգնուած 
  
   իսկ 
  
   ըլլար 
  
   Թ. 
  
   դարուն: 
  
   Հաքէմի 
  
   հակաքրիստոնէական 
  
   հարուածներուն 
  
   տակ 
  
   եւ 
  
   կամ 
  
   Խաչակիրներուն` 
  
   Ս. 
  
   Քաղաքի 
  
   մերձեցման 
  
   պահուն, 
  
   ներքին 
  
   տագնապներուն 
  
   հետեւանքով 
  
   ապահովաբար 
  
   քանդուած 
  
   կրնայ 
  
   ըլլալ: 
  
   Ըմբռնման 
  
   եկեղեցիին 
  
   քանդումէն 
  
   վերջ 
  
   անոր 
  
   մասին 
  
   քրիստոնէից 
  
   աւանդական 
  
   պարագաները 
  
   պատմականօրէն 
  
   տեղափոխուած 
  
   կը 
  
   տեսնուին: 
  
   Ձիթենեաց 
  
   լերան 
  
   ստորոտը 
  
   կատարուած 
  
   Քրիստոսի 
  
   Տնօրինական 
  
   գործերու 
  
   կատարումթ 
  
   ըթ 
  
   դիտուի 
  
   որ 
  
   Ձիթենեաց 
  
   լերան 
  
   վրայ 
  
   կառուցուած 
  
   Աշակերտարանի 
  
   եկեղեցիին 
  
   մէջ 
  
   տեղի 
  
   կ՚ունենայ: 
  
   Աւագ 
  
   հինգշաբթի 
  
   գիշերային 
  
   թափօրինառթիւ 
  
   հո'ն 
  
   կը 
  
   կատարուին 
  
   ու 
  
   կ՚երգուին 
  
   Յիսուսի 
  
   մատնութեան 
  
   եւ 
  
   այլ 
  
   Տնօրինականաց 
  
   Աւետարանները 
  
   ու 
  
   երգերը: 
  
   Ձիթենեաց 
  
   պարտէզի 
  
   աւետարանական 
  
   աւանդութիւնը 
  
   ժամանակ 
  
   մը 
  
   թէեւ 
  
   լերան 
  
   զառիվայրին 
  
   վրայ 
  
   փոխադրուած 
  
   է, 
  
   բայց 
  
   քիչ 
  
   վերջ 
  
   իր 
  
   սկզբնական 
  
   ուղղութեան 
  
   հետեւելով 
  
   Աւագ 
  
   հինգշաբթի 
  
   գիշերուան 
  
   նախնական 
  
   տօնակարգը 
  
   սկսած 
  
   է 
  
   կատարուիլ 
  
   Ըմբռնման 
  
   եկեղեցիի 
  
   աւերակներու 
  
   տեղւոյն 
  
   վրայ:
  
   վ 
 
       
  
   Խաչակրաց 
  
   գալէն 
  
   մինչեւ 
  
   1112-1120, 
  
   այս 
  
   եկեղեցին 
  
   տակաւին 
  
   վերաշինուած 
  
   չէր, 
  
   ինչպէս 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   de 
  
   Belardo 
  
   d'Ascoliի 
  
   նոյն 
  
   ժամանակի 
  
   Ուղեգրութենէն. 
  
   ան 
  
   տեսած 
  
   էր 
  
   միայն 
  
   աւանդական 
  
   տեղը: 
  
   Հաւանաբար 
  
   նոյն 
  
   թուականէն 
  
   վերջը 
  
   վերաշինուած 
  
   է 
  
   Ըմբռնման 
  
   եկեղեցին 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ 
  
   անուամբ: 
  
   Անանուն 
  
   լատին 
  
   հեղինակ 
  
   մը 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով 
  
   կը 
  
   նկարագրէ 
  
   այս 
  
   պարագան. 
  
   «Այս 
  
   եկեղեցիէն 
  
   զաի, 
  
   (Ս: 
  
   Կուսի 
  
   եկեղեցին) 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   այն 
  
   տեղը` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   կոչուի 
  
   Գեթսեմանի, 
  
   եւ 
  
   ուր 
  
   կար 
  
   քարայր 
  
   մը, 
  
   հոն 
  
   Յուդան 
  
   կատարեց 
  
   մատնութիւնը, 
  
   աջ 
  
   կողմը, 
  
   քարընկէց 
  
   մը 
  
   հեռաւորութեամբ 
  
   շինուած 
  
   էր 
  
   այն 
  
   եկեղեցին` 
  
   ուր 
  
   Յիսուս 
  
   աղօթեց 
  
   իր 
  
   չարչարանքի 
  
   ժամանակ, 
  
   եւ 
  
   իր 
  
   քրտինքը 
  
   արեան 
  
   կայլակներու 
  
   նման 
  
   գետին 
  
   կը 
  
   վազէր» 
  
   (Տե'ս 
  
   Les 
  
   Eglises 
  
   de 
  
   terre 
  
   sainte, 
  
   de 
  
   Vogue, 
  
   էջ 
  
   414). 
  
   նոյնը 
  
   կը 
  
   վկայեն 
  
   Jean 
  
   de 
  
   Wurzbourg 
  
   1165ին, 
  
   1172ին 
  
   Theodoric, 
  
   1177ին 
  
   յոյն 
  
   վանական 
  
   մը 
  
   Յովհաննէս 
  
   Փոկաս: 
  
   ԺԳ. 
  
   դարու 
  
   յիշատակարան 
  
   մը 
  
   "Les 
  
   Assises 
  
   de 
  
   Jerusalem" 
  
   (Բ. 
  
   հտր. 
  
   էջ 
  
   531) 
  
   խորագրով` 
  
   հետեւեալը 
  
   կը 
  
   գրէ 
  
   նոյն 
  
   վանքի 
  
   մասին. 
  
   «Ձիթենեաց 
  
   լերան 
  
   ստորոտը, 
  
   վանք 
  
   մը 
  
   կար 
  
   որ 
  
   ժայռի 
  
   մը 
  
   վրայ 
  
   հաստատուած 
  
   էր 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   կոչուէր 
  
   Գեթսեմանի. 
  
   հոն 
  
   Յիսուսի 
  
   Քրիստոս 
  
   աղօթեց, 
  
   մէկ 
  
   կողմը 
  
   ճանապարհ 
  
   մը 
  
   կայ 
  
   ուրկէ 
  
   կ՚ելնեն 
  
   Ձիթենեաց 
  
   լեռը, 
  
   հոն 
  
   կողմը 
  
   ճանապարհ 
  
   մը 
  
   կայ 
  
   մօտն 
  
   էր 
  
   վանքը` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   կոչուէր 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ. 
  
   հոն 
  
   էր 
  
   որ 
  
   Յիսուս 
  
   Քրիստոս 
  
   գիշեր 
  
   ժամանակ 
  
   տագնապեցաւ 
  
   ու 
  
   աղօթեց, 
  
   եւ 
  
   հոն 
  
   էր 
  
   որ 
  
   Յիսուսի 
  
   մարմինը 
  
   արիւն 
  
   քրտնեցաւ»: 
  
   Ըմբռնման 
  
   եկեղեցին 
  
   մեծ 
  
   կարեւորութիւն 
  
   կ՚ստանայ 
  
   Խաչակրաց 
  
   ժամանակ 
  
   եւ 
  
   կ՚ըլլայ 
  
   հոգեւոր 
  
   կեդրոն 
  
   Յովսափատի 
  
   հիւանանոցին, 
  
   որուն 
  
   անդամները 
  
   իշխանաւորներ 
  
   էին 
  
   եւ 
  
   ամէն 
  
   շաբաթ 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցիին 
  
   մէջ 
  
   պատարագ 
  
   կ՚ըլլար 
  
   հիւանդանոցի 
  
   բարերարներու 
  
   ննջեցելոց 
  
   հոգւոյն 
  
   համար, 
  
   եւ 
  
   այս 
  
   միջնադարեան 
  
   եկեղեցիին 
  
   գաւիթը 
  
   կը 
  
   թաղուէին 
  
   հիւանդանոցի 
  
   մեծ 
  
   բարերարները: 
 
        
  
   Այս 
  
   եկեղեցիին 
  
   հաստաբեստ 
  
   պատերուն 
  
   կառուցուածքը 
  
   կը 
  
   յայտնէ 
  
   թէ 
  
   եկեղեցին 
  
   շինուած 
  
   էր 
  
   ա'յն 
  
   թուականին 
  
   որ 
  
   անհրաժեշտութիւն 
  
   մը 
  
   կը 
  
   տիրէր 
  
   Ս. 
  
   Քաղաքին 
  
   պարիսպներէն 
  
   դուրս 
  
   գտնուած 
  
   շէնքերը 
  
   ամրացնել, 
  
   վախնալով 
  
   արշաւանքներէն 
  
   այն 
  
   թշնամիներուն 
  
   որ 
  
   ԺԲ. 
  
   դարուն 
  
   մօտեցան 
  
   մինչեւ 
  
   Ս. 
  
   Քաղաքին 
  
   դուռները: 
  
   Բայց 
  
   երբ 
  
   իսլամները 
  
   1187ին 
  
   Երուսաղէմը 
  
   գրաւեցին, 
  
   Քրիստոսի 
  
   Ըմբռնման 
  
   եկեղեցիին 
  
   չվնասեցին. 
  
   յիշատակարան 
  
   մը` 
  
   որ 
  
   գրուած 
  
   է 
  
   Երուսաղէմի 
  
   գրաւումէն 
  
   յետոյ, 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով 
  
   կը 
  
   գրէ 
  
   այդ 
  
   մասին. 
  
   «Ձիթենեաց 
  
   լերան 
  
   ստորոտը 
  
   Գեթսեմանի 
  
   ըսուած 
  
   տեղը 
  
   կար 
  
   եկեղեցի 
  
   մը, 
  
   ուր 
  
   Յիսուսի 
  
   Քրիստոս 
  
   աղօթեց, 
  
   եւ 
  
   հոն 
  
   էր 
  
   որ 
  
   ան 
  
   արեան 
  
   կայլակներու 
  
   նման 
  
   քրտինք 
  
   թափեց» 
  
   (de 
  
   Vogue, 
  
   les 
  
   de 
  
   la 
  
   Terre 
  
   Sainte, 
  
   էջ 
  
   442):