ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Գերեզմանին լատին Յիշատակագիրքէն կ’իմացուի թէ Առաջին Խաչակրաց առաջնորդը Կոտըֆրօայ տը Պուիյիոն Երուսաղէմի գրաւոմէն յետոյ, Ս. Գերեզմանի սեպհականութեան համար 21 գիւղեր շնորհած էր. Էլ-Պիրէհ այդ գիւղերէն մին էր, որուն հետ կային մերձակայ Էր-Րամ, Քալանտրէ, Պէյթ-Լիճճէ եւ Սուպիէ գիւղերը, Ռամալլակի արեւմտեան կողմը: Յիշատակագիրքը Էլ- Պիրէհը կը կոչեն Պէրրա կամ լատիներէն Mahomerie: Առաջին Խաչակրութեան տարիներուն, հոս կը բնակէին քաղքենի ազնուականներ, գլխաւորաբար Ֆռանկներ, ինչպէս ցոյց կու տայ մեզ Ս. Գերեզմանի Յիշատակագրոց 131 թիւը: Այս քաղաքացիները ունէին երդուեալներու ատեան մը, ուր երբեմն կը գումարուէին բոլոր անդամներով. անոնք հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կ’երդնուին ո'չ թէ իշխանի մը կամ կոմսի մը, այլ կ’ուխտէին հաւատարիմ մնալ Ս. Գերեզմանի վանքին, որուն ներկայացուցիչն էր մատակարար մը, որ կ’ապրէր Էլ-Պիրէհի ժողովրդապետին եւ պաշտօնէութեան հետ. անոնք ամէնքն ալ հնազանդ էին Ս. Գերեզմանի, այնպէս որ առանց հաւանութեան մեծաւորին, չէին կրնար վաճառել իրենց այգիներն, եւ եթէ վաճառումը տեղի ունենար, արդիւնքին կէսը կը կրնար ծախել Տաճարականաց եւ կամ ուրիշ եկեղեցիի մը. նոր այգիները պարտաւոր էին տնկել Ս. Գերեզմանի հողերուն վրայ. նոյն քաղաքացիներէն շատերը տեղւոյն հասարակութեան կը յատկացնէին իրենց անձը եւ ստացուածքը: Ս. Գերեզմանը` հողերէ եւ տուներէ զատ, Էլ- Պիրէհի մէջ, ո'չ միայն գերիշխանութեան ոյժով, այլ ուղղակի կը ժառանգէր դղեակ մը, եկեղեցի մը եւ աւազան մը. գիւղն օժտուած էր նաեւ հիւանդանոցով մը, ուխտաւորներու յատուկ հիւրանոցով մը, որ տեղւոյն սեպհականութիւնն էր. եկեղեցին կը կրէր Ս. Կուսին անունը, անոր ստացուածոց մատակարարութիւնը ստանձնած էր Ս. Գերեզմանի կողմէն կարգուած անձը: Եկեղեցին մըտ տնկած էին քարէ խաչ մը, եօթն աստիճան պատուանդանի մը վրայ, ուրկէ ուխտաւորք կրնային նշմարել Երուսաղէմի Դաւթի աշտարակը (Revue Biblique, 1926, #2):