ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մոգերու Քարայրին մեր այցելութեան առթիւ վանքականք ցոյց տուին մեզ Թէոդոսի յաջորդ վվանահայրը Հայազգի Սոփրոնիոսի գերեզմանը, որուն տապանաքարը, Թէոդոսի գերեզմանին մօտ, ագուցուած էր քարայրին հարաւային պատին: մեր ուխը կատարեցինք Սոփրոնիոսի տապանին, որուն վրայ դժբախտաբար չգտանք ոեւէ արձանագրութիւն: Բայց հետաքրքրութեցանք գիտնալու ինքնութիւնը այս վաստակաւոր հայ վանականնին, որուն կենսագրութիւնը Գերմանացի Hoffmann Usener յառաջաբանով մը հրատարկած է 1890ին, Լայբցիկ, Թէոդորի եւ Սկիւթուպոլսեցւոյն յունարէն բնագրերով: Ահա նոյն կենսագրութեան կարեւոր մասը կը դնենք հոս, թագրմանութեամբ հոգելոյս Տ. Դուրեան Սրբազան Պատրիար Հօր. «Աբբայ Թէոդոսի վանքին նբրեւ առաջնորդ յաջորդեց Սոփրոնիոս, որ վանական բարեկարգութեանց մէջ յայտնի հռչակ ունէր. Սոփրոնիոս հայ էր ազգաւ, Սեբաստիոյ մետրապօլտութեան ենթարկուած Զովմերի կոչուած գիւղէն: Դեռ երիտասարդ` թողլով իր հայրենիքը` Երուսաղէմ եկաւ, եւ բազմաթիւ հայրերու հնադիպելով, եւ իւրաքանչիւրին վանքն ուսումնասիրելով եւ այդ տպաւորութիւնը կրելով իր անձին վրայ` երկաւ եւ երանելի Թէոդոսի վանքը մտնելով` վանկան սքեմն հագաւ, եւ վանականօրէն կրթուելով եւ վանական առաքինութիւններէ շրջապատուած` իր վարքին հիմը ըրաւ խոնարհութիւնը եւ հեզութիւնը: Առաքինասէր ճգնութեան բոլոր փորձերէն անցնելով` շա'տ ու զանազան սպասարկութիւններ կատարեց այդ վանքին մէջ, եւ յայտնապէս հրահանգուած ըլլալով` վանքին մէջ երկրորդ եղաւ 15 տարիներ, եւ ըստ այսմ հականութեամբ մեծ աբբային Թէոդոսի` անոր վախճանումէն յետոյ ստանձնեց վանքին առաջնորդութիւնը: Երանելին Սոփրոնիոս հօրեղբօրորդի մը ունէր Մամաս անունով: Այս Մամասը երիտասարդութեան մէջ` արկածի մը հետեւանքով, ներքինացուած էր բժիշկներու ձեռամբ: Բիւզանդիոն երթալով` Անաստաս թագաւորին սենեակապան եղաւ, եւ հետզհետէ յառաջդիմելով հրամանատարի պաշտօնին ալ բարձրացաւ: Ասիկա շատ ճոխ ու առատ նուէրներ ըրաւ վանքին: Այդ նուէրներուն շնորհիւ` սուրբն Սոփրոնիոս քառապատիկ ընդարձակութեամբ լայնցուց վանքը, երանելի Թէոդոսի ննջումէն վերջը: Ի հիմանէ շինեց նոյն վանքին մէջ եկեղեցի մը յանուն Ամէնօրհնեալ Սուրբ Աստուածածնի եւ միշտ կուսին Մարիամու: Բայց Ի'նչ հարկ որ ամէն ինչ թուեմ մի առ մի: Սոփրոնիոսի աշխատանքներն ու բարեկարգութիւնները մեծապէս բայլեցան երանելի աբբայ Թէոդոսի վանքին մէջ. վասն զի ոչ միայն տարուէ տարն աւելցուած շէնքերով եւ եկամուտներով հարտացուց զայն, այլ եւ անոր մէջ եռապատիկ բազմացուց վանականներու թիւը. եւ համառօտ խօսելով` 14 տարի եւ 2 ամիս բարւոք կառավարելէ յետոյ այդ վանքը, ուրախ սրտով մեռաւ 543ին, մարտ ամսու 21ին:
       Երբ մօտ էր վախճանելու` ըսաւ իր մօտ կեցող ու լացող աշակերտին. «մի' ցաւիր որդեակս, եթէ երբեք համարձակութիւն գտնեմ, եօթներովր օրը կ՚առնեմ քեզ, որպէսզի ինծի հետ ըլլաս հանգստեան տեղւոյն մէջ», ինչ որ պատահեցաւ. վան զի եօթներորդ օրը կ՚առնեմ քեզ, որպէսզի ինծի հետ ըլլաս հանգստեան տեղւոյն մէջ», ինչ որ պատահեցաւ. վասն զի եօթներորդ օրը մեռաւ աշակերտը, ու ամէնքը վերահասու եղան Սոփրոնիոսի համարձակութեանը Աստուծոյ մօտ» (Տե'ս բնագիրը 111--3): Այս տողերը ինքնին պերճախօս են ճանչցնելու համար հայազգի Սոփրոնիոսի իր սրբակեաց կեանքին, գործունէութեան եւ Թէոդոսի վանքին վերաբերութեամբ կատարուած շինարար աշխատանքին մէջ: