Դ. 
  
   դարէն 
  
   սկսեալ 
  
   Երուսաղէմի 
  
   մէջ 
  
   Աւագ 
  
   Հինգշաբթի 
  
   գիշեր 
  
   տեղի 
  
   կ’ունենար 
  
   եկեղեցական 
  
   թափօր 
  
   մը, 
  
   որ 
  
   Ձիթենեաց 
  
   Լեռնէն 
  
   սկսելով 
  
   եւ 
  
   Տնօրինական 
  
   Ս. 
  
   Տեղեաց 
  
   մէջ 
  
   կանգ 
  
   առնելով` 
  
   ընթերցմամբ 
  
   եւ 
  
   սաղմոսերգութեամբ 
  
   կը 
  
   շարունակէր 
  
   իր 
  
   այցելութիւնը 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   վերջացնէր 
  
   Գողգոթայի 
  
   մէջ. 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   որ 
  
   Դ. 
  
   դարուն 
  
   նոյն 
  
   թափօրը 
  
   Ձիթենեաց 
  
   Լեռնէն 
  
   կ’իջնէր 
  
   Գեթսեմանի 
  
   եւ 
  
   անկէ 
  
   ալ 
  
   կու 
  
   գար 
  
   Գողգոթա. 
  
   այս 
  
   տեղեկութիւնը 
  
   կը 
  
   քաղենք 
  
   լատին 
  
   ուխտաւորութի 
  
   Էթէրիայի 
  
   Ուղեգրութենէն: 
 
       
  
   Զ-Է 
  
   դարուն 
  
   եկեղեց. 
  
   թափօրը 
  
   կ’սկսի 
  
   Աւագ 
  
   Հինգշաբթի 
  
   գիշերը 
  
   այցելելով 
  
   նաեւ 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   եկեղեցին, 
  
   որ 
  
   եկեղեցական 
  
   լեզուաւ 
  
   կ’ըսուի 
  
   «Սրահ 
  
   Քահանայապետին». 
  
   ինչպէս 
  
   վերեւ 
  
   յիշուեցաւ, 
  
   Զ.
  
   դարու 
  
   քառորդին 
  
   շինուեցաւ 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   եկեղեցին, 
  
   Կայիափայի 
  
   տան 
  
   տեղւոյն 
  
   վրայ. 
  
   ահա 
  
   նոյն 
  
   թուականէն 
  
   սկսեալ 
  
   տօնամակները 
  
   կը 
  
   յիշատակեն 
  
   Անագ 
  
   Հինգշաբթիի 
  
   այցելութիւնը 
  
   ի 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ: 
  
   1192 
  
   թուին 
  
   Մաշկւոր 
  
   վանքին 
  
   մէջ 
  
   ընդօրինակուած 
  
   երկաթագիր 
  
   սաղիմական 
  
   Ճաշոց 
  
   մը 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   թափօրին 
  
   այցելութիւնը 
  
   ի 
  
   Ս. 
  
   Փրկիչ. 
  
   «եւ 
  
   անդէն 
  
   երթան 
  
   ի 
  
   սրահ 
  
   քահանայապետի 
  
   ի 
  
   տեղին 
  
   յորում 
  
   ապաշխարութիւն 
  
   Պետրոսի, 
  
   եւ 
  
   ընթեռնուն 
  
   Աւետ. 
  
   ըստ 
  
   Մատթ. 
  
   ի 
  
   ՃԻԸ. 
  
   «իսկ 
  
   նոցա 
  
   կալեալ 
  
   զՅիսուս… 
  
   » 
  
   եւ 
  
   յետոյ 
  
   թափօրը 
  
   սաղմոսելով 
  
   գիշերայն 
  
   կու 
  
   գայ 
  
   Գողգոթա 
  
   եւայլն: 
 
        
  
   Այժմ 
  
   տեսնենք 
  
   թէ 
  
   Է. 
  
   դարու 
  
   վրացի 
  
   սաղիմական 
  
   տօնամակը 
  
   ինչպէս 
  
   կը 
  
   նկարագրէ 
  
   այս 
  
   այցելութիւնը. 
 
       
  
   «էջ 
  
   77 
  
   … 
  
   կ’արտասանեն 
  
   սաղմոս 
  
   եւ 
  
   աղօթք, 
  
   յետոյ 
  
   թափօրը 
  
   կու 
  
   գայ 
  
   դէպ 
  
   ի 
  
   Ս. 
  
   Պետրոս 
  
   ուր 
  
   էր 
  
   Կայիափայի 
  
   տունը 
  
   եւ 
  
   կ’երգեն 
  
   հինգերորդ 
  
   կցուրդը 
  
   (antiphone) 
  
   … 
  
   կ’արտասանեն 
  
   ԿԸ 
  
   սաղմոսը 
  
   «Կեցո 
  
   զիս 
  
   Աստուած, 
  
   զի 
  
   հասին 
  
   ջուրք 
  
   յանձն 
  
   իմ, 
  
   ընկալայ 
  
   ես 
  
   ի 
  
   խորս 
  
   անդնդոց, 
  
   ուր 
  
   ոչ 
  
   գոյ 
  
   ինձ 
  
   հանգիստ»: 
 
        
  
   Այս 
  
   սաղմոսը 
  
   բարձր 
  
   աստիճանով 
  
   մեսիական 
  
   է, 
  
   կը 
  
   գուշակէ 
  
   մեր 
  
   Փրկչին 
  
   տառապանքը 
  
   խաչելութեան 
  
   ժամանակ: 
  
   Պէտք 
  
   կ’ըլլայ 
  
   հոս 
  
   նշանակել 
  
   այն 
  
   համարները 
  
   որ 
  
   մասնաւորապէս 
  
   կը 
  
   վերաբերին 
  
   Յիսուսի 
  
   Քրիստոսի 
  
   բերուիլը 
  
   Կայիափայի 
  
   ատեանը, 
  
   որուն 
  
   տան 
  
   մէջ 
  
   գումարուաթ 
  
   էր 
  
   քահայանապետներու 
  
   եւ 
  
   Հրէից 
  
   ծերերուն 
  
   ժողովը, 
  
   ի 
  
   խնդիր 
  
   վկայութեան 
  
   ընդդէմ 
  
   Յիսուսի, 
  
   մեռցնել 
  
   տալու 
  
   համար 
  
   զԱնիկա 
  
   - 
  
   5 
  
   համար. 
  
   «բազումք 
  
   եղեն 
  
   քան 
  
   զհեր 
  
   գլխոյ 
  
   իմոյ, 
  
   ոյք 
  
   ատէին 
  
   զիս 
  
   ի 
  
   տարապարտուց» 
  
   - 
  
   6 
  
   համար. 
  
   «զօրացան 
  
   յիս 
  
   թշնամիք 
  
   իմ 
  
   եւ 
  
   ատելիք 
  
   իմ 
  
   ի 
  
   նանիր, 
  
   ինչ 
  
   զոր 
  
   ոչ 
  
   յափշտակեալ 
  
   էի` 
  
   տուժէի 
  
   նոցա» 
  
   - 
  
   10 
  
   համար. 
  
   «օտար 
  
   եղ 
  
   է 
  
   ես 
  
   յեղբարց 
  
   իմոց 
  
   եւ 
  
   հիւր 
  
   որդւոց 
  
   մօր 
  
   իմոյ» 
  
   - 
  
   11 
  
   համար. 
  
   «նախանձ 
  
   տան 
  
   քո 
  
   եկեր 
  
   զիս, 
  
   եւ 
  
   նախատինք 
  
   նախատչաց 
  
   քոց 
  
   անկան 
  
   ի 
  
   վերայ 
  
   իմ»: 
  
   Այս 
  
   համարները 
  
   հաստատուեցան 
  
   այն 
  
   անարգանքի 
  
   եւ 
  
   նախատանց 
  
   տեսարանով 
  
   զոր 
  
   պարզեցին 
  
   Սենետրիոնի 
  
   անդամները 
  
   Յիսուսը 
  
   մահուան 
  
   դատապարտելով: 
 
        
  
   Այս 
  
   հատուածներուն 
  
   վրայ 
  
   պէտք 
  
   է 
  
   աւելցնել 
  
   նաեւ 
  
   27 
  
   համարը. 
  
   «եղիցին 
  
   բնակութիւնք 
  
   նոցա 
  
   աւերակ, 
  
   եւ 
  
   ի 
  
   յարկս 
  
   նոցա 
  
   մի 
  
   ոք 
  
   իցէ 
  
   որ 
  
   բնակիցէ»: 
  
   Անէծք 
  
   մը 
  
   որ 
  
   աւերակի 
  
   կը 
  
   վերածէ 
  
   Յիսուսը 
  
   հալածողներու 
  
   ցեղը 
  
   եւ 
  
   բնակարանը. 
  
   անէծք 
  
   մը 
  
   որուն 
  
   ճշդօրէն 
  
   կատարումը 
  
   կը 
  
   հաստատէին 
  
   Երուսաղէմի 
  
   քրիստոնեաները` 
  
   ցոյց 
  
   տալով 
  
   ամէն 
  
   ազգի 
  
   ուխտաւորներու 
  
   Կայիափայի 
  
   տան 
  
   աւերեալ 
  
   պատերը. 
  
   արդէն 
  
   յիշեցինք 
  
   այս 
  
   մասին 
  
   Կիւրեղ 
  
   Երուսաղէմացիին 
  
   խօսքերը: 
 
        
  
   Յիշենք 
  
   նաեւ 
  
   լատին 
  
   բանաստեղծ 
  
   Prudenceը 
  
   (405), 
  
   որ 
  
   իր 
  
   գործերուն 
  
   շատ 
  
   տեղերուն 
  
   մէջ 
  
   իրազեկ 
  
   կը 
  
   թոի 
  
   Պաղեստինի 
  
   տեղական 
  
   աւանդութեանց 
  
   ան 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով 
  
   կը 
  
   բացատրէ 
  
   իր 
  
   Dittochaeon 
  
   աշխատութեան 
  
   մէկ 
  
   քառեակին 
  
   մէջ. 
  
   «ան 
  
   ինկած 
  
   է. 
  
   հայհոյիչ 
  
   Կայիափայի 
  
   ամբարաիշտ 
  
   տունը, 
  
   ուր 
  
   Քրիստոսի 
  
   սուրբ 
  
   երեսը 
  
   ապտակուած 
  
   է. 
  
   այս 
  
   է 
  
   վաիճակը 
  
   մեղաւորներուն, 
  
   իրենց 
  
   մահէն 
  
   յետոյ 
  
   անոնք 
  
   պիտի 
  
   ապրին 
  
   միայն 
  
   իրենց 
  
   աւերեալ 
  
   մահաբոյր 
  
   յիշատակարաններուն 
  
   մէջ»: 
 
        
  
   Կայիափայի 
  
   տան 
  
   աւերակները 
  
   թողուած 
  
   էին 
  
   այդ 
  
   վիճակին 
  
   մէջ 
  
   իբր 
  
   մարգարէական 
  
   յիշատակարան 
  
   մը 
  
   եւ 
  
   աստուածային 
  
   վրէժխնդրութեան 
  
   ապացոյց 
  
   մը. 
  
   եւ 
  
   այդ 
  
   էր 
  
   պատճառը 
  
   որ 
  
   այն 
  
   ատեն 
  
   այս 
  
   տեղւոյն 
  
   վրայ 
  
   եկեղեցի 
  
   չկար: 
 
        
  
   Ս. 
  
   Պետրոսի 
  
   եկեղեցին 
  
   շինուած 
  
   էր 
  
   արդէն 
  
   Զ. 
  
   դարու 
  
   առաջին 
  
   քառորդին, 
  
   ինչպէս 
  
   յիշեցինք 
  
   արդէն, 
  
   Աւագ 
  
   Հինգշաբթի 
  
   թափօրի 
  
   ժամանակ 
  
   հոն 
  
   կը 
  
   կարդացուէր 
  
   Մատթ.
  
   ի 
  
   ԻԶ. 
  
   57-ԻԷ., 
  
   2, 
  
   որ 
  
   կը 
  
   պատմէ 
  
   Կայիափայի 
  
   տան 
  
   մէջ 
  
   Յիսուսի 
  
   արուած 
  
   նախատանաց 
  
   տեսարանը: 
  
   Յիշատակարանները 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով 
  
   կը 
  
   հրահանգեն 
  
   թափօրին 
  
   գնացքը. 
  
   «Յետոյ 
  
   թափօրը 
  
   կ’երթայ 
  
   Սիոնի 
  
   մայր 
  
   եկեղեցին 
  
   ուր 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   այն 
  
   սիւնը 
  
   որուն 
  
   վրայ 
  
   ձաղեցին 
  
   մեր 
  
   Տէրըգ: 
  
   Հոնկէ 
  
   թափօրը 
  
   կ’երթայ 
  
   Կայիափայի 
  
   տունը 
  
   ուր 
  
   Պետրոս 
  
   ուրացաւ 
  
   Տէրը. 
  
   հոն 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   Ս. 
  
   Պետրոսի 
  
   եկեղեցին: 
  
   Միեւնոյն 
  
   թուականին 
  
   աւագ 
  
   սարկաւագ 
  
   Թէոդոսիոս 
  
   իր 
  
   Ուղեգրութեան 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   պատմէ. 
  
   «Այն 
  
   սիւնը 
  
   որ 
  
   Կայիափայի 
  
   տան 
  
   մէջ 
  
   էր` 
  
   այժմ 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   Ս. 
  
   Սիոնի 
  
   մէջ: 
  
   Մինչ 
  
   Տէրը 
  
   կը 
  
   ձաղէին 
  
   եւ 
  
   սիւնը 
  
   գրկած 
  
   էր, 
  
   իր 
  
   բազուկները, 
  
   ձեռքերը 
  
   եւ 
  
   մատները 
  
   անոր 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   մտնէին 
  
   իբր 
  
   կակուղ 
  
   մոմի 
  
   մէջ 
  
   … 
  
   »: 
  
   Ս. 
  
   Սիոնէն` 
  
   Կայիափայի 
  
   տունը, 
  
   որ 
  
   է 
  
   այժմ 
  
   Ս. 
  
   Պետրոսի 
  
   եկեղեցի, 
  
   յիսուն 
  
   քայլ 
  
   է: 
  
   Թէոդոսիոսի 
  
   պայմանադրական 
  
   քայլը 
  
   5-6 
  
   մէդր 
  
   է. 
  
   կը 
  
   հետեւի 
  
   ուրեմն 
  
   րո 
  
   սոյն 
  
   հեղինակը 
  
   Կայիափայի 
  
   տունը 
  
   250 
  
   մէդր 
  
   հեռի 
  
   կը 
  
   դնէ 
  
   Վերնատունէն, 
  
   ինչ 
  
   որ 
  
   կատարելապէս 
  
   ճիշդ 
  
   է: 
  
   Այս 
  
   եկեղեցին 
  
   Պարսից 
  
   արշաւանաց 
  
   ժամանակ 
  
   կանգուն 
  
   էր, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   Ս. 
  
   Տեղեաց 
  
   ծիսարանին 
  
   վրացական 
  
   թարգմանութեան 
  
   վկայութեան 
  
   համաձայն, 
  
   ան 
  
   Սոփրոնիոսի 
  
   ժամանակն 
  
   ալ 
  
   Աւագ 
  
   Հինգշաբթիի 
  
   հանդիսական 
  
   թափօրի 
  
   ընթացքին 
  
   նոր 
  
   կայանի 
  
   մը 
  
   տեղն 
  
   էր: 
  
   Հոն 
  
   բարեպաշտ 
  
   հաւատացեալները 
  
   կը 
  
   յիշէին 
  
   Փրկչին 
  
   վերջին 
  
   գիշերուան 
  
   բոլոր 
  
   դէպքերը, 
  
   հարցաքննութիւնը, 
  
   սուտ 
  
   վկայութիւնները, 
  
   Կայիափայի 
  
   երդմնեցումը 
  
   եւ 
  
   Յիսուսի 
  
   պատասխանը 
  
   հաստատելով 
  
   թէ` 
  
   ինքն 
  
   է 
  
   «Յիսուսը, 
  
   Աստուծոյ 
  
   Որդին», 
  
   քահանայապետին 
  
   բարկութիւնը 
  
   եւ 
  
   Փրկչին 
  
   ի 
  
   մահ 
  
   դատապարտուիլը, 
  
   Պետրոսի 
  
   երեք 
  
   անգամ 
  
   ուրացումը 
  
   գաւթին 
  
   մէջ, 
  
   Սենետրիոնի 
  
   անդամոց 
  
   եւ 
  
   ծառաներու 
  
   անարգանքը, 
  
   Պետրոսի 
  
   զղջալը 
  
   հաւախօսի 
  
   ատեն, 
  
   երբ 
  
   Փրկիչը 
  
   իրեն 
  
   կը 
  
   նայէր: 
  
   Իւրաքանչիւր 
  
   ոք 
  
   իր 
  
   յատուկ 
  
   զղջումը 
  
   կը 
  
   յայտնէր 
  
   հոն 
  
   աղօթելով 
  
   «ի 
  
   ծունր»: 
 
        
  
   Խաչակրաց 
  
   թուականէն 
  
   սկսեալ 
  
   Աւագ 
  
   Հինգշաբթիի 
  
   հանդիսական 
  
   թափօրը 
  
   կը 
  
   կորսնցնէ 
  
   իր 
  
   կանոնաւորութիւնը 
  
   եւ 
  
   նոր 
  
   փոփոխութիւններ 
  
   մտնելով 
  
   ընդունուած 
  
   կանոնը 
  
   կը 
  
   խանգարուի: 
  
   (Տե'ս 
  
   Ordre 
  
   des 
  
   offices 
  
   de 
  
   la 
  
   Semaine 
  
   Saint 
  
   à 
  
   Jérusalem 
  
   du 
  
   IVe 
  
   au 
  
   Xe 
  
   siàcle. 
  
   P. 
  
   J.
  
   -B. 
  
   Thibaut) :