ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այդ մասին յիշատակարան չունինք. բայց ազգային պատմութեան տուիքները զայն կրնան մեզ լուսաբանել: Յայտնի է թէ Ս. Ներսէս Պարթեւ հայրապետի օրով, առաջին անգամ հիմնուեցան ուրկանոցները Հայաստանի մէջ. ինչպէս կը վկայէ Բիւզանդ Փաւստոս (Տե'ս Պատմ. Հայոց, էջ 76): Աշտիշատի (365), Շահա պիվանի (447), Դունի Դ. (648) ժողովներու կանոնները բացայայտօրէն կը պարզեն թէ ո'րպիսի եկամուտներով պիտի մատակարարուէին Հայոց ուրկանոցները. անոնք կը կազմէին սահմանեալ տուրքերը, այր եւ կին դատապարտեալ սոսկականներուն` ուրկանոցներու կանոնական ծառայութեանց արդիւնքները. դրամական արդիւնքները այն ազատանիին` որոնք ուրիշ հողային արդիւնքներ եւ բարեպաշտական նուէրներ:
       Ռշտունեաց վանքի հիմնադրութենէն մինչեւ Ը. դար, Ռշտունեաց նախարարութիւնը կը մատակարարէր իր հիմնարկած նոյն վանքը ու անոր ուրկանոցը, ինչպէս ուրիշ նախարարութիւնները` թէ' Հայաստանի եւ' թէ' Ս. Քաղաքի մէջ, իրենց հիմնարկած վանքերն ու եկեղեցիները կը հոգային: Ռշտունեաց մատակարարութիւնը տեւած է մինչեւ Ը. դար, ինչպէս գրեցինք, այն պատճառաւ որ Ռշտունիք նոյն դարուն կը տկարանային ու անոնց հողերը կը դառնային Արծրունեաց աւատը: Շատ հաւանական է որ Ռշտունեաց անկումէն յետոյ Երուսաղէմի ուրկանոցը կը մատակարարուէր Հայաստանի ուրակնոցներուն ի վաղուց հաստատուած եւ վերեւ յիշուած ժողովական կանոններով եւ մասնաւոր հոգատարութեամբ հայ վանօրէից:
       Ռշտունեաց վանքի ուրկանոցը Ս. Քաղաքին ամենէն հին եւ միակ հաստատութիւնն էր. միայն 1047ին արաբ տիրապետութեան օրով, Այն - Սելովամի մէջ հաստատուած էր ընդարձակ հիւանդանոց մը (Պիմարիստան), ուր կային հիւանդներ: Նոյն Պիմարիստանի ծախքը կը հոգար Երուսաղէմ քաղաքը, ինչպէս կը ծանօթագրէ պարսիկ ուղեգիր Նասիրի Խոսրով (Տե'ս Palestine Pilgrims, Text Society, Vol. IV. էջ 26): Խաչակրաց ժամանակն ալ, քաղաքին հիւսիսային կողմը, Ս. Ստեփանոսի դրան մօտ, շինուած էր ուրկանոց մը, որ, 1171ին, գլխաւորապէս կը հոգացուէր մեծագումար նուիրատուութեամբ Երուսաղէմի թագաւոր Ամորիի, որուն զաւակն ալ վարակուած էր բորոտութեամբ (Տե'ս The Latin Kingdom of Jerusalem, էջ 196): Մելիսանդ թագուհին 1159ին, Երուսաղէմի վանօրէից բոլոր ուրկանոցներուն նուիրաթ էր հասութաբեր հողեր (Տե'ս R. B. 1926, էջ 276): Մելիսանդ ( 1160) ի մօրէ հայ էր, դուստր Պաղտին Բ. ի եւ կինը Երուսաղէմի Ֆուլք թագաւրոին, բարեգործութիւններով նշանաւոր հանդիսացած եւ թաղուած է Գեթսեմանիի Ս. Կուսի տաճարի աստիճաններուն աջ կողմը, ըստ Պատմութեան Տիւրացի Կիյօմի (XVII, 32):
       Ըստ այսմ, Երուսաղէմի օտար ուրկանոցները վերոգրեալ միջոցներով կը մատակարարուին. իսկ մեր Ռշտուենաց վանքն ու անոր ուրկանոցը, սկիզբէն մինչեւ ԺԲ. դար, կը հոգացուէր ա'յն եղանակաւ եւ միջոցներով զոր վերեւ նկարագրեցինք: Խաչակրաց հեհռանալէն յետոյ (1187), անծանօթ կը մնան մեզ նոյն հաստատութեան մատակարարութեան միջոցները. բայց սա պարագան յայտնի է թէ հայկական վանքերուն մեծագոյն մասամբ քանդուելէ կամ բռնագրաւելէն վերջ, նոյն ուրկանոցին հողը ծանրացած է Ս. Յակոբայ վանքին ուրկանոցին աւերակաց հողակոյտին վրայ թափառող եւ լքեալ ուրուկներուն օրական հացը կը հայթայթէր, մինչեւ որ անոնք այլուր փոխադրուեցան (Տե'ս Ժամանակագր. Պատմ. Երուսաղէ մի. Ա. հտր. էջ 90): Այս դժբախտներուն փոխադրութեան առիթով, կարավարական ուրկանոցներ շինուեցան պետական ծախքով Ռէմլէ եւ Նապլուս քաղաքներուն մէջ (Տե'ս վերը, Dict. Bibl. էջ նոյն):