ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Հրեշտակապետի վանքի եկեղեցին այլեւայլ շէնքերու մէջ կառուցուած գեղեցիկ իեւ սիրուն շէնք մըն է. արդի շէնքը տարակոյս չկայ որ քանդուած եւ կամ հնութենէ փլցուած շէնքին տեղ շինուած է. հարաւային կողմնակի դուռնէ մը ներս կը մտնենք եկեղեցիին գաւիթը, որ ընդարձակ տարածութիւն մը ունի, 51 ոտք երկայնութիւն եւ 17 ոտք լայնութիւն. գաւիթը կցուած չէ բուն շէնքին, վերջէն շինուած կ’երեւի, եւ ճարտարապետական ձեւով բոլորովին կը տարբերի: Ունի Չարչարանաց սեղան մը, եւ հիւսիսային պատին մէջ շինուած է նոր աւազանը. հինը կը մնայ բուն տաճարին մէջ եւ այժմ անգործածելի: Գաւիթէն ներս կը մտնենք եւ կը դիտենք որ իսկական տաճարի կառուցուածք ունի մէկէ աւելի հետաքրքրական կողմեր. եկեղեցիին ճիշդ մէջտեղը չորս հաստ սիւներ ատեանը կը բաժնեն երեք մասերու, մէջտեղինը ընդարձակ եւ լուսաւոր, կողմնաթեւերը խիստ նեղ եւ մթին. առաստաղի կամարաձեւ պատուհանները աւելի կը լուսաւորեն մէջտեղի մասը. եկեղեցիին երկայնութիւնն է 36 ոտք, իսկ լայնութիւնը 27 ոտք. ունի երեք սեղաններ, մէջտեղը Ս. Աստուածածնի անուամբ, աւելի ընդարձակ քան միւս երկուքը որ կառուցուած են Ս. Հրեշտակապետաց անունով. պատերը շատ թանձր են. նկատի առնելով այս պարագան, ինչպէս նաեւ յիշեալ չորս թանձր սիւներու գոյութիւնը, կը մտածենք թէ եկեղեցին շինող ճարտարապետը, անշուշտ հայ, ի մտի ունէր հայկական ոճով եկեղեցիին ճիշտ մէջտեղը գմբէթով մը զարդարել տաճարը, բայց կը տեսնենք որ գմբէթի փոխան առաստաղը կը կրէ պարզօրէն շինուած ծածք մը, զոր Հանէ վրդ. կ’անուանէ սագաշէն, այսինքն, հաւանաբար կամ նաւակի մը եւ կամ սագի մը ձեւով բացատրութեամբ: Բայց մեզ անծանօթ կը մնայ թէ ինչո՞ւ հայ ճարտարապետը հրաժարած է իր սկզբնական յատակագիծէն եւ կամ ի՞նչ արգելքի հանիպած էր ու զանց ըրած էր գմբէթին շինութիւնը: Ձեռնհասներէն ոմանք բիւզանդական, եւ այլք միջնադարեան կը նկատեն այս շէնքին կառուցումը: Բուն կառուցման թուականը անծանըթ կը մնայ, քննիչներ ԺԴ. դարու գործ կը նկատեն զայն, բայց մենք յիշատակարաններէն քաղելով դիտել կու տանք թէ 1215 փրկչական թուականով յիշատակութիւն գտած ենք ձեռագրաց մէջ. եկեղեցիին պատերուն վրայ զետեղուած խաչքարերուն ամենէն հինն է 1355ի խաչքարը, որ ագուցուած է հին աւազանի պատին մէջ, եւ այն չի կրնար եկեղեցիին հիմնարկութեան թուական նկատուիլ, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ 1215 թուականը: Զանազան թուականներու մէջ նորոգութիւններ կատարուած են Ս. Հրեշտակապետի եկեղեցիինմէջ: 1286ին ալ Հայոց Լեւոն Գ. Թագաւորը անոր պարիսպը շինել տուած է համաձայն այն յիշատակարանին որ գրուած է Ս. Յակո բի եկեղեցիին մէկ սիւնին վրայ (Տե'ս Հաննէ, Պատմութիւն Երուսաղէմի. էջ 242): Շ ղթայակիր եւ Կիրակոս պատրիարքներու օրով եւս կարեւոր նորոգութիւններ կատարուած են: Իսկ 1795ին ալ Ատանացի Յովհաննէս քհ. եկեղեցիին բոլոր պատերը գեղեցիկ չինիներով զարդարել տուած է, ըստ յիշատակարանի: