ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Յակոբայ տաճարին պատմութեան եւ նկարագրութեան չսկսած` յայտնենք թէ վանքին ու տաճարին հիմնարկութեան մասին ոեւէ յիշատակարան չունինք եւ չենք գիտեր թէ ո'ր թուականինան հիմնարկուած է. աւանդութիւնը կը տանի մինչեւ Տրդատ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ու անոնց կ՚ընծայէ վանքին եւ տաճարին հիմնարկութիւնը. այս աւանդական պարագայէն զատ ամէն ինչ մթութեան մէջ է. թերեւս օր մը յիշատակարան մը անակնկալօրէն լուսաբանէ հաստատութեանս հիմանրկութիւնը. բայց մենք Ս. Յակոբայ տաճարին սրբավայրերու նկարագրութեան ժամանակ առիթ պիտի ունենանք պարզելու թէ Ս. Յակոբայ տաճարին մասնաւոր մէկ սրբավայրը հաստատուած է Ե. դարուն. պատմութիւնը եւ շէնքին ճարտարապետական ձեւը կը հաստատեն այդ վարկածը: Մենք սա համոզումը ունինք թէ տաճարի սրբավայրերը միաժամանակ չեն շինուած. գլխաւոր սրբավայրերը Ս. Գլխադիր եւ Ս: Մինասի մատուռներն գոնէ Ե. դարէն սկսեալ գոյութիւն ունէին. ատոնց եւ ուրիշ մատուռներուն, իբր լրացուցիչ, շինուած կը թուի Ս. Յակոբեանց գեղեցիկ եւ հոյակապ տաճարը. բաց աստի, որոշ է նաեւ, եւ պատմականօրէն կը հաստատուի թէ Ս. Յակոբեանց վանքը ու եկեղեցին Խաչակիրներէն շատ յառաջ արդէն շինուած էր. վանքին արեւտեան պարսպին ճակատը խաչքար մը կայ հին ու կիսամաշ, որուն թեւերուն անկիւնները չորս ուրիշ խաչեր քանդակուած են, շրջանակին վերեւի երկու խորշերուն մէջ երկաթագիր` ՏՐ. ԱԾ. եւ խաչի պատուանդանին տակ` ԹՎ. ՆԵ. (=956) բառերը կան. այս խաչքարը մերձաւորապէս Խաչակիրներէն 150 տարիէ աւելի յառաջ գոյութիւն ունենալով ագուցուած է վանքի արտաքին պարսպին ճակատը: Երկու խաչքարեր կան նաեւ Վերնատան արեւմտեան արտաքին պատին վրայ «ի թուին Հայոց Ո» (= 1151), ինչպէս նաեւ հնագոյն խաչքար մը Վերնատան հիւսիսային արտաքին պատին վրայ ագուցուած «ՈԲ» (= 1153) թուականաւ, այս խաչքարաերը, երեւան ելած են շինութեանց առթիւ հին պատերու քանդուած ժամանակ. երեւցած յիշատակարաններու մէջ ամենէն հիները ասոնք են: Ս. Յակոբայ տաճարը իր ճարտարապետական ձեւովը ցոյց կու տայ թէ հայկական է. եկեղեցիին ճիշդ մէջ տեղը կը գտնուին քառակուսի չորս լայնանիստ ոտքեր կամ սիւներ որ կը կրեն գմբէթ մը. այս իսկ է գլխաւոր ապացոյցը շէնքին հայկականութեան. ան ճիշդ նմանն է հնագոյն հայ եկեղեցիներուն եւ կառուցուած է Մայր Մաշտոցի հրահանգաց համաձայն, եւ կատարեալ նման ձեւեր ունի, ինչպէս Էջմիածնի, Բագրեւանդայ, Գլակայ եւ ուրիշ հին մայր տաճարներու: Տա ճարը թէ արեւելքէն արեւմուտք եւ թէ հարաւէն հիւսիս երեք մասերու կը բաժնուի: Ամբողջ տաճարին երկայնութիւնը 22 մէթր է, աւագ դուռնէն մինչեւ աւագ սեղանին ետեւի կիսաբոլորակը, իսկ լայնութիւնը հարաւէն հիւսիս միջին հաշուով 16 մէթր, որ կու տայ իբր 350 քառակուսի մէթր տարածութիւն: Տաճարի արեւելեան կողմի սեղանները դէպի ետ քաշուած են շատ կանուխ թուականներու մէջ, Կիլիկեցի հայ թագաւորաց օրով, պարզապէս բեմը եւ դասը լայնցնելու համար. այս մասին յիշատակութիւն մը չունինք, բայց արտաքին կողմէն արեւելեան երկու կողման պատերուն վերջաւորութիւնը ճարտարապետական կառուցուծքէն դիտելով կը տեղեկանամք թէ արեւելք վերջացող մասերը հին պատերուն նոր ագուցուծի ձեւը առած են. իսկ արեւմտեան կողմի մասը նորոգուած կը թուի 1835-36ին, երբ կանանց վերնատունը շինուած է:
       Տաճարին սրբավայրերը նկարագր ելէ յառաջ եկեղեցւոյ զարդերը պէտք է նկատի ա ռնենք. եկեղեցւոյ, դասի, աւագ սեղանի պատերը մէկ մարդաչափ բարձրութեամբ Կուտինական ընտիր չինիներով զարդարուած են Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքի օրով. դասին մէջը ու բեմին վրան երփներանգ մարմարներով գորգանման գործուած են, եւ սրբազան պաշտամանց պահանջներուն համեմատ տեղեր ալ զատուած են: Այդ գեղեցիկ ձեռակերտը, որուն նման ուրիշ տեղ տեսնուած չէ, արդիւնք է Փիլիպպոս Աղբակեցի կաթուղիկոսին նախաձեռնութեան, երբ 1652 թուին Երուսաղէմ կը գտնուէր Կիլիկիոյ գործերով: Յատկապէս կը յիշուի բեմին բարձրացումն ալ Փիլիպպոսի կարգադրութեամ: Իսկ բեմին ճակատը քանդակուած ու ներկուած մարմարէ, պարսկական ճաշակով գործուած եւ Սեղբոս ամիրայի առատաձեռնութեամբ շինուած է 1730 թուականին:
       Տաճարին եկեղեցական դարերուն մէջ ամենէն նշանաւորն է աւագ սեղանին խաչկալը, բայց պարզ խաչկալ մը չէ: Զի սաղանին բուն խաչկալթ ետեօք կը մնայ եւ սեղանին քովերը ու վրան ամբողջ ճակատը մը կը կազմեն, մինչեւ մեծ կամարին բերանը, համակ գեղեցկաքանդակ եւ ոսկեզօծուած փայտէ, տեղ տեղ պատկերներով, որոնք կը գտնուին մինչեւ իսկ ներքին խաչկալին աստիճաններուն երեսները: Գր իգոր Շղթայակիր եւ Յովհաննես Կոլոտ պատրիարքներու անունով շինուած է խաչկալը 1723 թուին, ի յիշատակ իրենց պարագայից եւ միաբանից եւ նուիրատուաց: Ամբողջ ճակատը փառայեղ յաղթական կամարի մը կերպարանը ունի, մէկ մեծ ու երկու փաքրագոյն կամարձեւ բացուածքներով, իսկ վերեւը կը զարդարեն երեք փոքր գմբէթներ կամ կաթուղիկէներ: ոսկեզօծը նորոգուած է Կիրակոս Երուսաղեմացի պատրիրքին օրով 1847 թուին:
       Նշանաւոր է նաեւ Տեառնեղբօր Աթոռը, վրան բարձր գմբէթով, համակ ընտիր փայտէ շինուած, եւ սատափեայ ագուցիկ կտորներով արհեստակերտ զարդարուած: Սովորական գործածելի աթոռ մը չէ. պատրիարքը տարին մէկ անգամ միայն, Տեառնեղբօր տօնին օրը, այդ աթոռը կը բաձրանայ, մէկ մըն ալ պատրիարքները իրենց առաջին գահակալութիւնը այդ աթոռին վրայ կը կատարեն: Պատրիարքներու սովորական աթոռը, Տեառն եղբօր աթոռին քովն է դրուած, դէպի դասին դուռը: Հաստատուն աթոռ մ՚ալ կը մնայ Գլխադիրի ատեանին անկիւնը, որ Ս. Մակարի գերեզմանին եւ մատուռին մօտ ըլլալուն Մակարի աթոռ է կոչուած: Տեառնեղբօր նուիրական աթոռը արձանագրութեան մէջ եպիսկոպոսարան է ըսուած եւ շինուած ու զարդարուած է 1680 թուին Եղիազար Այնթապցի պատրիարքին ձեռքով եւ Տարսիախցի Մելիտոն ամիրայի ծախքով, եւ նորոգուած է 1812 թուին Թէոդորոս Վանեցի պատրիարքին օրով:
       Սկսինք այժմ սրբավայրերու նկարագրութեան. եկեղեցւոյն ձախակողմը, հարաւային պատին մէջտեղը, Գլխադիր մատուռին դէմ, ընդարձակ եւ զարդարուն դուռ մը կայ: Ասկէ կը մտցուի Ս. Էջմիածին եկեղեցին, որ կը տարածուի մայր տաճարի երկայնութեամբ. մեծ դուռը աւելի զարդարուն է դէպի մայր տաճար մտնելուն կողմը, իբր զի այս է եղեր նախապէս Գլխադիրի աւագ դուռը, ասկէց ուխտաւորք եւ ժողովուրդք տաճար կը մտնեն եղեր: Ինչ որ այժմ Ս. Էջմիածին եկեղեցի է, առաջ ժամանակներ երեսը բաց գաւիթ է եղեր, որուն կամարները հիւսելով եւ ներսն ալ յարդարելով եկեղեցի ձեւակերպուած է Եղիազար Այնթապցի պատրիարքէն. երբ ան կ՚ուզէր հակաթոռ կաթուղիկոսութիւն մը ստեղծել Երուսաղէմի մէջ, օգտուելով պարագաներէն: Ս. Էջմիածնի եկեղեցիին զարդերը աւելի յառաջ տարուած Շղթայակրին օրով, երկու եկեղեցինրու միջեւ եղող դրան փեղկերը Կեսարացի Ղանտիլ վարպետին եւ իր աշակերտին Տ. Յովակիմեան Սարգիս վարպետին յիշատակներն են, նուիրուած 1711ին: Հաննէ կը վկայէ թէ Շղթայակիրը վիզէն անուրը հանելուն ի յիշատակ 1726ին կազմեց Ս. Սինայի սեղանը Էջմիածնի եկեղեցւոյն հարաւային պատին ներքեւ. այն երեք մեծ քարերուն վրայ, որոնք յիշատակ բերուած էին Սինա եւ Թաբոր լեռներէն եւ Յորդանանի գետէն. եւ ուխտաւորներուն համար այդ հեռաւոր սրբավայրերուն կարօտը կը յագեցնեն: Այդ քարերը այժմ ալ կը տեսնուին երկաթեայ թելէ հիւսկէններով պատած: Սինայի սեղանը շատ փոքր է եւ միասիւն. եւ այդ միակ սիւնին խոյակին ներքեւ տեսնուած երկաթեայ մեծ օղակը Շղթայակիրին անուրն է անշուշտ, բայց մենք տարբեր աղբիւրէ մը կը ծանօթանանք թէ, ըստ Սարգիս վրդ. ի Երուսաղեմայ նորագիւտ պատմութեան (1683, ձեռ. Յ. Քիւրտեանի) Շղթայակիրէն յառաջ նոյն տեղը գոյութիւն ունէր Ս. Սինայի սեղանը ի յիշատակ այն սրբազան երեք քարերուն զոր հրեշտակը բերած էր Ս. Աստուածածնի մօտ, ի գոհացումն նոյն վայրերու կարօտին: Շղթայակիրը 1733ին նոյն տաճարին գեղակերտ խաչկալը, եւ 1742ին ալ մարմաեայ բեմը շինել տուաւ, երկուքն ալ Սեղբոս ամիրային ծախքով: Ս. Էջմիածնի տաճարին պատերն եւս զարդարուած եի Կուտինայի թանկարժէք չինիներով 1794ին, Եւդոկիացի նորապսակ Պետրոս պատրիարքի գահակալութեան ժամանակ եւ Կեսարացի Պաշպազիրկանեան Յովհաննէս ամիրային ծախքով:
       Ս. Էջմիածին եկեղեցիին մեծ դրան աջակողմը պատկերներու կարգին դուռ մը կայ վեց ոտք շարժական գանդուխով: Արտաքին սատափազարդ դուռնէն ներս, երկրորդ դուռ մ՚ալ կայ, գեղեցիկ քանդակներով զարդարուած, որ հին արհեստի հազուագիւտ նմոյշ մը կը նակտուի, նոյն դրան երկու փեղկերուն վրայ հետեւեալ արձանարգութիւնները կը կադացուին.
       Ա. փեղկ.
       «կազմ. դուռն սուրբ տաճարի,
       որ է յանուն Սուրբ Պաւղոսի,
       Առաքելոց մեծաց գնդի»:
       Բ. փեղկ.
       «սա յիշատակ անջնելի
       հեզահոգոյն Յովհանիսի,
       եւ որում թվ. ՊԻ» (= 1371):
       Տաճարին մայր պատին մէջէն բացուած 25 ոտք նեղ սանդուխով մը բարձր, ճիշդ ներքեւի Ս. Աստուածածնի խորանին վրայ շինուած է Ս. Պօղոսի մատուրը, որուն տարածութիւնն է մերձաւորաբար 4ական մէթր երկայն ու լայն: Մատուռն ամբողջ յախճապակիով զարդարուած է, մինչեւ իսկ կոզակին վրայի կիսաբոլոր կմաարը: Սարգիս վրդ. իր «Երուսաղէմի պատմութեան» մէջ 25 ոտք սանդուխին մէջտեղը կը յիշատակէ Ս. Սիոնի վրենատան անուամբ սեղան մը, որ այսօր գոյութիւն չունի: Մատուռին միւս կողմէն 12 ոտք սանդուխով բարձրութեամբ աւագ սեղանին ետեւէն դարձեալ 12 ոտք իջնելով` ներքեւի Ս. Կարապետի խորանին վրայ կը գտնուի Ս. Պետրոսի մատուռը, միւս մատուռին կատարելապէս յար եւ նման: Պօղոս Պետրոսի տօնին այս երկու սեղաններուն վրայ ալ միեւնոյն ժամուն պատարգա կը մատուցուէր. հայ ուխտաւոր քահանայ մը` Զուար Ճիյէրճի Օղլու անուամբ, իր Ուղեգրութեան մէջ (Տե'ս Բազմավէպ, 1867, էջ 207) հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ երկու ժամարարներու պատարագելու կերպը. «գամք ի տօնի սոց ա ժամարան երկու. սպասաւորն ութը չորսն մի կողմն. մէկ Պօղոս անուն, եւ մէկ Պետրոս անուն. մէկ մէկ խորան կու կանգնեն, որ աւետարան համբուրելու համար. դպիրք վարն կու կանգնին. երկու ժամարարն ձայնաւորն նօպէթով կ՚ասեն. մինն ձայնով ասէ եւ միւսն խորհրդաբար, նոյնպէս միւսն. եւ դպիրք երկուսին այլ դպրութիւն կ՚անեն». նոյն ճամբով կ՚իջնուի տաճար ուղիղ հանդիպակաց կողմի Ս. Ստեփանոսի մատուռը նկարագրելու համար:
       Ս. Ստեփանոսի մատուռը տաճարին աւանդատունն է. Հաննէ վրդ. ` իր Պատմութեան մէջ (էջ 88) այս մատրան համար կը գրէ. «ի կարգի սրբոյ Գլխադրի հետեւի եկեղեցին սրբոյն Ստեփանոսի, շինեալ ի մերոց թագաւորաց Կիլիկեցւոց ի վերայ հիւսիսային մեծ դրան սրբոյ եկեղեցւոյն, որ կէս դուռն փայտեայ ամպիոնիւ տեսանի. …»: Տարածութիւնը մերձաւորաբար տասնական մէթր երկայն ու լայն է, եւ մէջտեղը երկու քառակուսի սիւներ` կամարներուն իբր յենարան կը ծառայեն. երեք սեղաններ կան, միջինը Ս. Ստեփանոսի, աջակողմինը Ս. Լուսաւորչի եւ ձախակողմինը Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացւոյ անունին: Այս վերջինը Ս. Կիւրեղի աւազան ալ կ՚ըսուի, վասն զի սեղանին ներքեւ կը գտնուի աւազան մը, որուն մէջ Ս. Կիւրեղ խաչի երեւման օրը դարձի եկողները մկրտած է: Մէթր մը տրամագիծով եւ երեք քառորդ մէթր խորութեամբ մարմանեայ կոնք մըն է, եւ չափահասները ընկղմամբ մկրտելու բաւական է: Հիւսիսակողմը կը գտնուի մկրտութեան աւազան մը որ կը գործածուի ուխտաւորներու եւ բացառիկ պարագաներու համար: Հիւսիս արեւմտեան անկիւնը յատուկ սանդուխով կը բարձրացուի գեղաքանդակ ամպիոնը` ոսկեզօծ ամպհովանաւորեալ, ուրկէ կը կարդացուի Յայմաւուրք եւ ինչ ինչ օրեր ալ աւետարան եւ քարոզ կը խօսուի: Ս. Ստեփանոսի մատուռի պատերը եւ խորանները չինիով զարդարուած են մարդաչափէ աւելի բարձրութեամբ:
       Ս. Ստեփանոսի դրան փեղկերուն վրայ գրուած արձանագրութենէն կը հասկցուի, անոր սատափեայ դուռը 1733ին շինած են Տարսախցի մահաեսի Մելիտոն եւ կենակիցը մահտեսի Նազլու: Ս. Ստեփանոսի դրան արեւմտեան կողմը պատին վրայ եղած Տէրունական պատկերը Ս. Յակոբ Առաքելոյն գլխատումը կը ներկայացնէ, այս պատկերի աջ կողմն է Գլխադիր Ս. Յակոբայ մատուռը, դուռն սատափազարդ է եւ ամենագեղեցիկ յօրինուած: Այս մատուռը մէկ ու կէս մէթր երկայնք ունի, երկու մէ քառորդ լայնքի վրայ. արեւելակողմը սղեան մը կայ, որուն ներքեւ բաց է կիսաբոլորակ ձեւով, եւ մէթր ու կէս տրամագիծով: Մէջտեղը բոլորակ գունաւոր մարմաիոն մը, յատակէն աւելի ցած, Առաքելոյն գլխոյն թաղուած տեղը կը մատնանշէ, որուն շուրջը եւ սեղանին ներքեւ վեց մշտավառ կանթեղներ կախուած են: Ամբողջ քանդակուած ճերմակ մարմաէ, իսկ մատուռին պատերը ոնյնպէս քանդակագործ մարմարներ են. բայց երփներանգ դունաւորուած, իսկ վերեւի մասը չինիով պատած է: Մատուռին վրայ զարդարուն գմբէթ մը կը բարձրանայ, եւ դրան վրայ գեղաքանդակ եւ ոսկեզօծուած կէս մէթրի չափ դուրս ցցուած բարաւոր մը: 1731ին շինուած է Ս. Գլխադիրի սատափեայ դուռը Յակոբ անուն վարպետէ մը, ի յիշատակ Կամարակապցի Նազարի որդւոց. Շղթայակիրի օրով:
       Սարգիս վրդ. ` գրիչ Երուսաղէմայ նորագիւտ պատմութեան, 1683ին հետեւեալ կերպով կը նկարարգէ Ս. Գլխադիրի մատուռը. «… վասն որոյ զգեղեցկութենէ, եւ պայծառ զարմանակերտութենէ դամբարանի սուրբ գլխոյ առաքելոյն ոչ ոք լեզու կարէ պատմել եւ ճառել, զի միջի եղեալ սեղանն, արդարեւ` ձեւով եւ տեսլեամբ է յար եւ նման եօթնաստեղեան խորանին: Նմանապէս եւ դամբարան սրբազան գլխոյն, որ ի ներքոյ սեղանոյն` ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ շնորհազեղ եւ կենսաբուխ վտակ մի, լցեալ անմահական փառօք, զոր ճաճանչաձեւ մարմարոնեայ փորուածովք եւ մանրաշար բազմագոյն քարամբ զարդարեալ. ունելով դ. կանթեղս մշտավար շուրջանակի, եւ բ. դրունս, մինն դէպ յարեւմուտս, երկայնութիւն յարեւելից յարեւմուտս թ. թզաչափ, եւ լայնութիւն հիւսիսոյ հարաւ է. թզաչափ»:
       Քանի որ Գլխադիրի նկարագրութիւնը կատարեցինք պէտք է հոս յիշել որ բստ յիշատակարանց, կ՚աւանդուի թէ Ս. Գլխադիրի առջեւ եւ տաճարին սիւնին ներքեւ թաղուած են Լեւոն Զ. ի կինը Մարիուն եւ աղջիկը Փեննա` որ Լեւոնի ազատութենէն յետոյ 1382ին, Եգիպտոսէն Երուսաղէմ կ՚ուղեւորին, եւ ժամանակ մը բարեպաշտութեամբ կ՚ապրին Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ եւ երբ կը վախճանին անոնք կը թաղուին տաճարին յիշեալ տեղւոյն մէջ. այս պարագան ձեռագիր յիշատակարանները մասնաւորապէս Ս. Աթոռոյ պատրիարք Մարտիրոս Ղրիմեցին` կը վկայեն, նաեւ Միաբանական աւանդութիւն մը եղած է եւ տեւած է մինչեւ ցայսօր. միայն յիշեալներուն թաղուած տեղի մասին անստուգութիւն կը տիրէր: Սաւալանեանցի Երուսաղէմի Պատմութեան թարգմանիչը Գեր. Տ. Մեսրոպ Եպս. Նշանեան կը ծանօթագրէ թէ «1897 տարւոյ Նոյեմբեր ամսուն երբ Ս. Գլխադիրի մատուռին արջեւը նոր քարերով կը սալարկուէր` գեետինը փորուած ատեն մատուռին դրան եւ դիմացի սիւնին մէջտեղը քով քովի երկու ամբողջական կմախքներ երեւան ելան` մէկը մեծ եւ միւս քիչ մը փոքր: Ամենայն հաւանականութեամբ ասոնք մեէ եւ միւս քիչ մը փոքր: Ամենայն հաւանականութեամբ ասոնք ըլլալու են Մարիամ թագուհիին եւ իր Փեննա աղջկան նշխարները»:
       Ըստ մեր հետազօտութեան, այս ծանօթութեան վրայ, կ՚աւելցնենք թէ Լեւոն Զ. ի կինն էր Մարգարիտ որ, Տարտելի համաձայն, Լեւոնի հետ ամուսնացած ու յետոյ վերի տարուած է Եգիպտոս, եւ հաւանաբար հոն մեռած. իսկ Մարիուն որ Կոստանդին Դ. ի այրին էր ու անոր ազգականուհին Փեննա, նմանապէս գերի տարուած էին. այս վերջին երկունքը, հւանաբար Լեւոնն ալ, Երուսաղէմ կու գան ուխտի, Լեւոն կ՚ուղեւորի Եւրոպա, իսկ Մարիուն եւ Փեննայ երբ կը վախճանին, Ս. Գլխադիր առջեւ, սիւնին ներքեւ կը թաղուին. եւ այս բացատրութիւնը հակառակ չէ յիշատակարանց, վասն զի Մարիունն ալ հայոց թագուհի մ՚էր, բայց ոչ Լեւոն Զ. ի, ինչպէս շատերը կը կարծեն:
       Ս. Գլխադիրը դուռ մը եւս ունի արեւմտեան կողմը, որուն առջեւը կայ փոքր գաւիթ մը, որ է նաեւ մուտքը Ս. Մինասի մատուռին. հիւսիսի կողմէն դուռ մը կը տանի Ս. Մինասի մատուռը, ուր կան երկու սեղաններ, մին` Ս: Մինաս Աղեքսանդրացիին, եւ միւսն` Ս. Սարգիս զօրավարի անուններուն նուիրուած: Չորս մէթր թեւերով քառակուսի մ՚է ամբողջը, պատերը չինիազարդ, մատրանս պատերէն շարուած են վարդապետական եւ եպիսկոպոսական գաւազաններ, հետաքրքրականգլուխներով: Մատուռը հասարակութեան կը բացուի նոյն երկու սրբոց տօներուն եւ բացառիկ պարագաներուն: Այս մատուռին յարակից է մայր տաճարին գանձարանը, կամ աւանդատունը զանազան բաժանմունքներով - պարունակութեանց տեսակին ու արժէքին համաձայն: Ս. Յակոբայ գանձատունը նշանաւոր է իր մեծահարուստ եւ բազմաթիւ զարդերով ու սպասներով: Ասոնց շատը Պարոնտէր եւ Շղթայակիր պատրիարքներու ժամանակներէն պատրաստուած կամ հետզհետէ բարեպաշտներէն նուիրուած են: Գանձատան մուտքը միշտ վերապահեալ եղած է, եւ այնպէս ալ կը շարունակուի ցարդ: Ս. Մինասի արտաքին դրան վրայ Ս. տեառնեղբօր արծաթի շրջանակի մէջ առնուած մէկ պատկերը կայ, որուն վրաի անկիւնը ծունկի եկած է «Հաննա աբեղան» եւ ձօնն ալ գրուած է «Յովհան Հաննայի» կողմէն, 1714: Այս պատկերը Յովհ. Հաննէ եպս. ին կենդանագիրն է Շղթայակիրին գործակից եւ Երուսաղէմացի:
       Ս. Մինասի երկաթեայ դուռը 1733ին յիշատակ տուած է մհտ. Սարգիս խալիֆան. իսկ նոյն մատրան սատափեայ դուռը յիշատակած է 1737ին Տարսիախցի մհտ. Մելիտոն եւ կողակիցը հաճի Նազլու:
       Յաջորդ սրբավարյին նկարագրութիւնը ընելէ յառաջ պէտք է յիշել Ս. Մինասի մատրան ծագումը եւ գիտնոց պատմական տեղեկութիւնը: Ե. դարուն Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցին իր Եւթիմիոսի Վարքին մէջ կը յիշէ այս սրբավայրը, որ հիմնարկուած է Եւդոկսիա թագուհիին մէկ մերձաւորի կողմէն: Եւդոկսիա եւ իրենները այն ատեն ունէին միաբնակ հաւատքը: Սկիւթուպոլսեցին կը յիշէ նաեւ թէ Ս. Մինասի մատրան քով հաստատուած էր կուսանոց մը հովանաւորութեան տակ Թէոդոս պատրիարքին` որ հակառակ Քաղկեդոնիկ Յոբնաղի գահակալ էր Երուսաղէմի Աթոռին. նոյն դարուն այս սրբավայրին, անտարակոյս Ս. Գլխադրին ալ, վանահայր կարգուած էր հայազգի Մելիտենեցի Անդրէաս, որ եղբայրն էր այն երկու եպիսկոպոսներուն` որ կ՚ապրէին Եւթիմիոսի վանքին մէջ, եւ որ ապա կոչուեցան բարձր աթոռներուն (Genier, Vie de Saint Euthyme le Grand, էջ 284), եւ որոնց վրայ պիտի գրենք գիրքիս յետագայ մասերուն մէջ: Եթէ ուշի ուշով քննենք Ս. Մինասի մատրան կառուցուածքը ու անոր վերնայարկ Ս. Առաքելոց մատրան երեւելեան ճակատը` պիտի համոզուինք թէ արդարեւ նոյն մատուռն շատ հին դարերէն մեզ կը հասնի, եւ մատրան կառուցուածքին մէջ Սինայի եկեղեցիին հետ մեծ նմանութիւն կը տեսնուի, արեւելեան ճարտարապետութեան տեսակէտով:
       Ս. Մինասի անուամբ այս մատուռը իբր կրօնական հին շէնք Երուսաղէմի մէջ միակն է եւ հիւսիսի կողմէն կցուած է Ս. Յակոբայ եկեղեցւոյն: Մեր համոզումով թէ այս մատուռն եւ անտարակոյս Ս. Գլխադիրը Ե. դարուն կը պայծառանան եւ Հայոց համար կ՚ըլլան սկիզբը Ս. Յակոբեանց վանական բոլոր հաստատութեանց այն թաղին մէջ, ուր ապա հաստատուեցաւ հայկական գաղութ մը, որուն սկզբնական բարգաւաճանքը առաջին Խաչակիրներէն յառաջ եղած է, Գրիգոր Վկայասէրի ժամանակ: Այս գաղութը մեր գրիչներէն զատ կը յիշեն նաեւ արեւմտեանք. եւ Ասսիզքն Երուսաղէմի, որ ցոյց կու տան թէ Հայք հոն բազմաթիւ էին. եւ ԺԲ. դարու կիսուն հիւրանոցներ ունէին եւ իրենց անունով ամբողջ թաղ մը, Ruga Armenorum, որ 1222ին կը յիշուի դիւանական գրուածոց մէջ (Տե'ս Սիսուան, էջ 482):
       Ս. Մինասի մատրան կից կը գտնուի Ս. Մակարի մատուռը, որուն արեւելակողմն է սեղանը, եւ հիւսիսակողմը Ս. Մակարի գերեզմանը: Յատակը երկու մէթր երկայն ու լայն է. գերեզմանաքարը սպիտակ մարմար է, շինուած 1751ին Եաղուպ Ամիրային ծախքով: Մակարի գերեզմանին վրայ կը գտնուի նոյն հայրապետի մահուան հնօրեայ պատկեր մը 1731 թուականաւ: Այս մատուռը Մակարէ զատ Ս. Լուսաւորչի պատուոյն ալ յատկացուած կը նկատուի իբր թէ նախապէս այստեղ կը պահուի եղեր Լուսաւորչի նշանաւոր մասունքը: Այս մատրան դուրսն է Գլխադիրի ատեանը: Մատուռին պատերն ու կամարաձեւ առաստաղթ չինիով պատած է: Ս. Մակարի սատափեայ դուռը շինած է Տէր Մինաս:
       Գլխադիրի դասին անկիւնը դրուած պատրիարքական աթոռին քովէն նեղ դուռէ մը, իբր 30ոտք նեղ ու փայտեայ սանդուխ մը կը տանի տաճարին հարաւակողմին վերի մատուռները, որոնց կ՚երթացուի Վերնատունէն ալ կամրջակերպ անցքով մը: Առաջին մատուռը կը կոչուի Ս. Նշան, իբր թէ այստեղ կը պահուէր երբեմն Խաչափայտի մեծ մասունքը, որ արուսետակերտ պատուանդանով մասնատուփ մը ունի: Իսկ Խաչափայտի մասունքը ստացուար է հին ժամանակներէ յոյն պատրիարքէ մը որ իսլամութեան յարեր է եւ մասունքը վաճառեր է Հայոց պատրիարքին: Այս պատմութեան մէկ տարբերակը կը պատմէ Զուար Ճիյէրճի Օղլու քահանան եւ իր Ուղեգրութեան մէջ եւ կը գրէ թէ (անդ, 1867, 203-204) Կիրինի առման ժամանակ յոյն լուսարարը Կենաց Փայտը հետը կ՚առնու ու կը բերէ Երուսաղէմ. կը դիմէ Յունաց` բայց վերջիններս կը հակառակին անոր. լուսարարը կը դիմէ Ս. Յարութեան մօտ բնակող Շէյխ Մէֆա անուն մէկուն` որուն մօտ դռնապան կ՚ըլլայ, եւ կտակ կ՚ընէ որ երբ մեռնի Շէյխ Մէֆան իր մօտ գտնուած Կենաց Փայտի մասունքը յանձնէ Հայոց վանքին. կը վախճանի յիշեալը եւ Շէյխ Մէֆա նոյն մասունքը կը բերէ կը յանձնէ Եղիազար պատրիարքին: Մատուռը իբր մէկ մէթր լայնք, ու մէկուքառորդ մէթր երկայնք ունի, շուրջանակի չինիով պատած. յատակը աւագ խորանի բեմին պէս երփներանգ մարմարներով արուեստագործուած: Մատուռին երեսը բաց է մայր տաճարին վրայ, եւ այնտեղ կայ արուեստագործ եւ ոսկեզօծ պատշգամ մը:
       Ս. Նշանի մատուռէն դուրս բացօթեայ պզտիկ բակ մը կայ որուն վրայ կը բացուի Ս. Առաքելոց մատուռը, կոկիկ փոքր եկեղեցի մը 25 քառակուսի մէթր տարածութեամբ, ուր կը պահուին Շղթայակիրի եւ Կոլոտի ուսուցիչ Բաղիշեցի Վարդան վարդապետի պատկերները եւ ուրիշներ: Այս եկեղեցիի մասին Հաննէ վրդ. իր Պատմութեան մէջ (էջ 91) հետեւեալ տողերը կը գրէ. «գեւ է հնագոյն եւ սագաշէն. որպէս եւ լուեալ եմ թէ ընդ մեծի եկեղեցւոյն շինեցաւ յատուկ աղօթարան թագաւորաց, զի դուռն ի տանեաց է, եւ այժմ է գրտաքուն: Նորոգեալ ի մեծ Վարդապետէն ի ՌՃՀԳ (=1734) թուին»: Ս. Առաքելոց բակին քովը եւ քիչ մը բարձր երկրորդ փոքրիկ բակ մըն ալ կայ, որուն վրայ կը բացուի Համբարձման մոտւռը, երկայնքը մէկ ու քառորդ, իսկ լայնքը երեքուկէս մէթր սեղանով մը:
       Ս. Յակոբայ տաճարին աւագ դրան երկու կողմերը մանր խորշերու մէջ երկու սեղաններ կան Ս. Գէորգայ զօրավարին եւ Ս. Անկողայոսի հայրապետին, պղնձէ վանդակներով փակուած: Կը թուի որ Ս. Նիկողայոսինը աւելի ուշ շինուած է քանի որ չի յիշուիր հիներէն: Աւանդութիւն է թէ երբ Սալահէտտին 1187-1194 եօթը տարիներու մէջ կնիքի ներքեւ պահեց Ս. Յակոբի տաճարին մուտքը, Միաբանութիւնը արտաքին գաւիթին մէջ եւ այս սեղաներուն առջեւ կատարած է սրբազան պաշտամունքը: Հաննէ վրդ. ` իր Պատմութեան մէջ (էջ 80-87) Սալահէտտինի կողմէն Ս. Յակոբայ տաճարին գրաւման եւ վերստին Հայոց շնորհման մասին կը պատմէ յատկանշական զրոյց մը, իսկ ԹԱդէոս Միհրդատեանց իր Դատաքննութիւն Դատաքննութեանց գիրքին մէջ (էջ 48-49) յակոբ քհյ. Ամասիացիին ձեռագիր պատմութենէն (այժմ կորսուած) առնելով կը յիշէ Սալահէտտինի կողմէն Ս. Յակոբայ եկեղեցիին գրաւման, եւ վերստին շնորհման պարագաները զոր մէջ կը բերենք հեղինակին գրչութեան ոճովը. «Արդ` երբ ժամանակ որ Սլահէտտին Սուլթանը Երուսաղէմ կը մօտենայ, դեռ քաղաք չի մտած հեռուէն մեր Սուրբ Յակոբայ տաճարին փառաւոր գսբէթը եւ անոր հսկայաշինութիւնը տեսնելով` կը կարծէ թէ Էօմէրին մզկիթն է, եւ կսիոյն երկրպագութիւն մատուցանելով փառք կու տայ Արարչին` որ իր ձեռօքը յաղթութիւն տուաւ եւ արժանացաւ Սուրբ Երկրին տիրապետելու եւ Սէյրէթուլլահը տեսնելու: (Ըստ որում մինչեւ ցայսօր քաղաքը չի մտած ի հեռուած կ՚երեւի մեր հսկայաշէն վանքը. քանզի ոչ միայն մերձ է դրան Եաֆայի եւ աշտարակին Դաւթի, այլ չի կայ քաղաքին մէջ անոր պէս մեծակառոյծց եւ մեծադիր շէնք մը. նա մանաւանդ գետնի բարձր դիրքովն ալ երեելի ձեւացուցած է տաճարը, որովհետեւ Սիոն լերան վրայ կառուցուած է): Բայց երբ ժամանակ որ քաղաքէն ներս կը մտնէ` կը տեսնէ որ խաբուած է` եւ իր կարծիքը պարապ. ուստի անոր երկիրպագութիւն մատուցանելով աղօթելուն (նամազի կայնելուն) հմաար, զայրանալով կը հրամայէ նոյն ժամանակի Հայոց հայրապտին` (որ Երուսաղէմի Աբրահամ պատրիարքն էր) որ կամ վանքը ձգեն ու դուրս ելնեն որ մզկիթ դարձնէ Մար Եագուպը, եւ կամ եթէ յանձնառու չըլլան` հիմնայատակ պիտի ընէ մանասթըրը: Յայնժամ երանելի հայրպետը իր բոլոր միաբանութեամբը ու ժողովրդովը ճիչ կը բառնան եւ աղիողորմ արտասուօք Սուլթանին ոտքը կը փարին գոչելով եւ պաղատելով` որ ողորմի եւ խնայէ վանքը ու իրենց պարգեւէ: Նոյնժամոյն բարկութենէն բքրով զիջանելով` վերստին կը հրամայէ որ գոնէ հրամանը տեղը գտնելու համար տաճարին գմբէթը իջեցնե ի խոնարհ, իսկոյն զիջանելով այս որոշմանը` կը քակեն կաթողիկէն (կամ նոյն է գագաթն կամ սկաւառակն Ս. Յակոբայ տաճարին), որով եւ կը հանդարտի փոքր ինչ յաղթողին սիրտը, եւ կը պատուիրէ որ մէյ մ՚ալ գմբէթը չի բարձրացնեն. ըստ որոում կ՚ըսէ ինձմէ ետքը եկողները, կամ եղելութիւնը իմանալով, կամ տաճարին փառքը տեսնելով` յայնժամ կամ ձեռուընուդ կը յափշտակին եւ կամ հիմնայատակ կ՚ընեն. այս ըսելով Ս. Յակոբայ վանքը կը թողու ու կ՚ելնէ հայրապետին հետ մեկտեղ քաղաքը շրջիլ ու Սէյրէթուլլահը (Էօմէրին մզկիթը) տեսնել»: Կ՚երեւի որ Ս. Յակոբայ գմբէթին վար առնուած գագաթը կամ սկաւառակը բաց էր մինչեւ 1610, վասն զի Levaillant գաղղիացի ճանապարհորդը "le Pelerin Veritable", Paris, էջ 508, 509 գիրքին մէջ կը գրէ թէ այս գմբէթը կլոր ծակ մը ունէր, ուրկէ անձրեւը կը թափանցէր, ինչպէս Ս. Յարութեան եկեղեցիին գմբէթը: Այս ծակէն սակայն թռչունները չեն կրնար անցնիլ, վասն զի անոր վրայ շինուած էր երկաթէ ցանցկէն մը, որուն արուեստական աշխատանքը հիացուցած էր ուխտաւորը: (Տե'ս Camille Enlart, les Monument des Croisws dans le Royaume de Jerusalem. էջ 238): Զուար Ճիյէրճի Օղլու քահանան ալ իր Ուղեգրութեան մէջ (Տե'ս անդ, էջ 202-203), կը պատմէ զրոյց մը իբր թէ Սալահէտտին երբ եկեղեցւոյ իր կնքած դուռը կը բանար` երեք անձեր շապիկ հագած եւ մոմ ի ձեռին կը ներկայանան եկեղեցւոյ դրան առջեւը կեցած. նոյն անձերն են Յակոբոս Տեառնեղբայր, Յակոբոս Զեբեդեան եւ Մակար հայրապետ, որոնց պատկերենրը ցոյց կը տրուին Սալահէտտինի, որ կը յարէ թէ այդ անձերն էին որ երեւցած են իրեն շապիկ հագած ու մոմ ի ձեռին, եւ այլն:
       Հաննէ Սալահէտտինին կողմէն Ս. Յակոբայ գրաւման եւ շնորհման զրուցային իր պատմուածքէն յետոյ կը յարէ (էջ 81) «… եւ վերստին շնորհեաց զվանքն բոլորովիմբ. եւ գրեաց ի վերայ դրան վանից արապերէն անէծք ըստ օրինաց իւրեանց, թէ մի ոք առցէ զսա ի ձեռաց հայոց. եւ կայ մինչեւ ցայսօր»: Նոյն իմաստ է նաեւ Զուար Ճիյէրճի Օղլու քահանային գրածը. բայց վանքին դրան վրայ քանդակուած արաբերէն արձանագրութիւնը Սալահէտտինի կողմէ չէ, այլ Եգիպտոսի սուլթան Մէլէք Զահըր Չախմախն է (1438-1453) որ եգիպտացի Մարտիրոս պատրիարքին հտճրեթի 954 (= 1450)ին կը շնորհէ հրովարտակ մը որուն մէկ օրինակը կը քանդակուի վանքի արտաքին դրան կամարին տակ, միւս օրինակն ալ դռնէն ներս դիմացի պատին մէջ զետեղուած ջրի Զէպիլին վրայ: Արձանագրութեան իմաստը հետեւեալն է` թէ ոչ ոք բռնութեամբ վանք մտնելով անիրաւ տուրքեր պահանջէ վանականներէն. ու կը յարէ թէ անոնք որ հակառակը կը գործեն ու կ՚անսաստեն այս հրամանին անիծեալ ըլլան: Արձանագրութեան օրինակը հետեւեալն է. (արաբ. )
       Սոյն արձանագրութիւնը կը մնայ մինչեւ ցայսօր:
      
       Ս. Թէոդորոս եկեղեցին մայր տաճարէն բոլորովին անջատ է. անոր հիւսիս արեւելեան կողմը եւ ուխտաւորաց թաղերուն մօտ: Ըստ տեղական աւանդութեան նոյն եկեղեցին շինուած կ՚ըլլայ Հեթում Ա. թագաւորին կողմէն յիշատակ իր որդւոյն Թորոսի, որ սպաննուեցաւ Մառիի ճակատամարտին մէջ 1266ին, Եգիպտացւոց դէմ պատերազմելով: Ըստ պատմութեան, Հեթում Ա. ին մահը տեղի ունեցաւ 1270ին, միջանկեալ չորս տարիներու մէջ Հեթում Ա. ի Երուսաղէմ այցելութիւնը չի յիշատակուիր: Մինչեւ ցայսօր Ս. Թէոդորոսի եկեղեցւոյն մօտերը սենեակ մը ցոյց կը տրուի իբր Հեթում Ա. ի բնակարան. բայց քանի որ պատմութենէ ծանօթ է թէ Հեթում Բ. Երուսաղէմ եկած ու մնացած է եւ յիշատակներ ալ ունի, հաւանական կը գտնենք որ Հեթում անուամբ ցոյց տրուած սենեակը բնակարանը եղած է Հեթում Բ. ի:
       Ս. Թէոդորոսի եկեղեցիին շինութեան մասին կը դրեն Հաննէ (էջ 98) եւ Սարգիս վրդ. իրենց պատմութիւններուն մէջ, ըստ Հաննէի «շինեցեալ ի Լեւոն թագաւորիէն մերմէ ի ՊԼԵ թուին Հայոց: Յորժամ Թորոս որդին իւր մեռաւ` աստ թաղելով զնա եւ յիշատակ որդւոյն իւրոյ շինեաց զեկեղեցիո զայս. եւ գերեզման յանկիւնս հիւսիսոյ երեւի»: Բայց պէտք է որդին ուղղել եւ եղբայր ըսել. զի Թորոս Հեթումի որդին էր, եւ թուականն ել ուրիշ տեղ գրուածին համեմատ ԷՃԼԵ=ՉԼԵ 1286 կարդալ (էջ 82), ինչպէս որ Ս. Յակոբի ձախակողմեան ետեւի սիւնին վրայ ալ կը կարդացուի: Բայց այս պարագային Ս. Թէոդորոսի եկեղեցիին շինութիւնը անագան կատարուած կ՚ըլլայ, Լեւոնի թագաւորութեան վերջին տարիները, որ 1270ին թագաւորեց եւ 1289ին վախճանեցաւ:
       Իսկ Սարգիս վրդ. հետեւեալ կերպով` կ՚արտայայտուի եկեղեցւոյս հիմնարկութեան համար. «վասն զի թէպէտ հիմնարոկւթիւն ի Հեթում թագաւորէ Հայոց արկեցեալ է յառաջագոյն, զի յորժամ եկն ի քաղաքս Երուսաղէմ. պատերազմի պատճառաւ ընդ ազգին Թաթարաց որդին իւր Թէոդորոս անուն աստ վախճանեցաւ. վասն որոյ թագաւորն վասն առաւել սիրոյ որդւոյն իւրոյ հրամայեաց ի մէջ վանիցս թաղել զմարմին որդւոյն, եւ շինեաց ի յիշատակ հոգւոյն զայս եկեղեցիս. բայց փոքարգոյն»: Սարգիս վրդ. ի յիշած Հեթում Բ. ը` որ Երուսաղէմ եկաւ եւ Թաթարաց հետ պատերազմեցաւ` ամուրի էր եւ զաւակ չունէր, ուստի իր պատմուածքը անհիմն է. ամենէն հաւանականն է, ինչպէս վերեւ տեսանք, Լեւոն Գ. կամ Եգիպտոսէն ուխտի եկած ժամանակ, իբր գահաժառանգ, ինչպէս կը յիշէ Վահրամ Րաբունին, եւ կամ Կիլիկիայ վերադարձէն յետոյ իբր թագաւոր, իր եղբօրը Թորոսի յիշատակին շինել տուած է այս եկեղեցին, եւ Թորոսի գերեզմանը նոյն եկեղեցիին «յանկիւնս հիւսիսոյ երեւի» խօսքը հաւանական չենք գտներ, քանի որ անոր մարմինը Մառիի պատերազմի դաշտէն Երուսաղէմ փոխադրել դժուարութիւններ ունէր:
       Ս. Թորոս եկեղեցին 9 մէթր լայնունթեան վրայ 18 մէթր երկայնութիւն ունի. այժմու շէնքը Լեւոնի շինել տուածը չի կրնար ըլլալ. վասն զի յետոյ Շղթայակիր նորոգած ու ամեն կողմն չինիներով զարդարել տուած է: Մտադրութեան արժանի է աւագ սեղանին Տիրամօր պատկերը, որ ընտիր արուեստի արտադրութիւն մըն է: Խաչկալը քանդակուած եւ ոսկեզօծ է: Եկեղեցին ունի հետեւեալ մատուռները` Ս. Կարապետի` որ եկեղեցիին աւանդատունն է, իսկ ձախակողմը` բեմին վրայ` Ս. Մերկերիոսինը. Ս. Թէոդորոսի, Ս: Կարապետի եւ Ս. Մերկերիոսի սեղաններէն զատ չորրոչր մ՚ալ կայ, եկեղեցիին դուռնէն դուրս, 4 քառակուսի մէթր տարածութեամբ բակին վրայ Ս: Թադէոսի եւ Ս. Սանդխտոյ նուիրուած սեղանը: Ս. Յակոբեանց շրջափակին մէջ 40ի չափ պատարագամատոյց սեղաններ կան, եւ անոնցմէ մին է Հոգւոյն Սրբոյ նուիրեալ մատուռը, տանիքին վրայ, Ս. Թէոդորոսի մօտ, եւ ներքին պատուհանով մը անոր մէջը նայող, 12 քառակուսի մէթր տարածութեամբ, սովորական շինուածքով եւ սեղանով:
       Ս. Թորոս եկեղեցին առաջները ուրոյն տեսչութիւն ունէր. այժմ ոչ. Վեհապետեան Յարութիւն պատրիարքի կարգադրութեամբ, 1897ին, եւ իր անձնական ծախքով շինուած 16 գարդարաններու մէջ նոյն եկեղեցիին մէջ ամփոփուած են վանքին գրեթէ բոլոր ձեռագիրները` ցեցակերութենէ եւ խոնաւութենէ ազատ պահելու զանոնք: Տիգրան Սաւալանեանց 1865-67 ցուցակագրած է 1742 ձեռագիր, բայց վանքին ունեցած ձեռագիրներուն թիւը այժմ 3000է աւելի է, որով Ս. Յակոբեանց Աթոռին պատկանող գրչագրաց թիւը` Մայր Աթոռի մատենադարանէն ետքը առաջին տեղը կը գրաւէ: Ս. Յակոբայ վանքին գրչագրաց գիտական եւ լիակատար ցուցակագրութիւն մը այլեւս անհրաժեշտ պէտք էմ՚է գրականութեան եւ պամութեան ծառայութեան համար. ուստի յուսալի է որ Ս. Աթոռոյ վարչութիւնը պատեհ ժամու ի մտի կ՚ունենայ կատարելու զայն յօգուտ բանասիրութեան, ի մասնաւորի Ս. Աթոռի պատմութեան:
      
       3. Ս. Յակոբեանց վանքին բոլոր հաստատութիւններն ու շէնքերը նկարագրել Ս. Յակոբայ վանքին մենագրութիւնը պիտի ըլլար. ինչ որ մեր նպատակէն դուրս է. վասն զի մենք կէտ նպատակի ունինք սրբավայրերը նկարագրել, ինչ որ կատարեցինք. ուստի զանց կ՚ընենք նկարագրել միաբանական եւ ուխտաւորական թաղերը, երկրորդական շէնքերը, ինչպէս նաեւ վանքին մէջ գտնուած պարտէզներն ու հարապարակները, այլ միայն կը նկարագրենք գնխաւոր հաստատութիւնները, որոնք են 1. Պատրիարքարան, 2. Տպարան, 3. Մատենարդարան, 4. Ժառ. Վարժարան կամ Ճեմարան, 5. նորաշէն Ս. Թարգմաչաց Նախակրթարան, ինչ ինչ տեղագրական մասերուն համար օգտուելով հոգելոյս Տ. Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի Տեղագիր Հայ- Երուսաղէմի ձեռագրէն:
      
       Ա. Պատրիարքարան
       Մայր Տաճարէն յետոյ իբր հոյակապ շէնք կը ներկայանայ Պատրիարքարանը, զոր 1853ին կառուցած է Զմիւռնիացի Յովհաննէս է այս հսկայ ու հոյակապ շինուածքը, որ իրաւամբ կրնայ մրցիլ նմաններու հետ: Շէնքը բոլորովին քարուկիր է ես գմբէթաւոր. իր ճարտարապետական ձեւը հիացում կ՚առթէ բոլոր այցելուաց, մանաւանդ իր դահլիճը` որ այժմ ելեքտրականութեամբ ալ կը լուսաւորուի, շէնքին ամենէն չքնաղ ու աչաց հաճոյ մասը կը կազմէ, եւ արժանի է կոչել զայն Վեհարան: Անոր երկայնութիւնը 21 մէթր է եւ լայնութիւնը 7, 5 մէթր. 158 քառակուսի մէթր տարածութիւնը ունի. բարձր կամարակապ եւ գմբէթայարկ է, յատակը մարմարեայ սալարկուած, պատերը վայելուչ գծագրուած: Յովհաննէս պատրիարք այս Պարիարքարանին շինութեամբ ենթարկուած է մեծ ծախսերու եւ մեծ ճիգերու: Դահլիճին երկու կողմերը կը գտնուին պատրիարքին բնակութեան յատկացեալ սենեակները. հարաւային կողմը, զատ դուռով կը մտցուի յարկաբաժին մը, որուն մէջ կը գտնուի ճաշասենեակը իր մասերով. գետնայարկին մէջ են բաղնիքը, խոհանոցը եւ սենեակներ: Դահլիճը զարդարուած է գորգերով եւ կը գործածուի պաշտօնական անձանց իբր ընդունելութեան սրահ, եւ միանգամայն իբր միաբանական ժողովներու եւ ընդհանուր համախմբութիւններու պաշտօնատեղի: Դահլիճին մէջ կը գտնուի նաեւ երեք ապակափեղկ դարաններ` որ կը պարունակեն յախճապակեայ արուեստակերտ եւ հնօրեայ նմոյշներ: Պատերը զարդարուած են կենդանագիրերով եւ նկարներով, որոնք մեծաւ մասամբ յիշատակի նուէրներ են, որոնց գլխաւորները կը յիշենք, ինչպէս Աւստրիոյ Ֆրանց Ժօզէֆ Կայսեր եւ Կայսրուհւոյն պատկերները անձամբ այցելութենէն տարի մը յառաջ զրկուած: Գերմանիոյ Վիլհելմ Ա. Կայսեր եւ Կայսրուհւոյն կենդանագիրը, արքայազուններու այցելութեան առթիւ նուիրուած. վերջնոյս ալ իրենց ստորագրութեամբ յիշատակ թողուած են: Ռուսիոյ Աղեքսանդր Գ. Կայսեր եւ Կայսրուհւոյն պատկերները նմանապէս արքայազուններու այցելութեան առթիւ արուած են:
       Ս. Աթոռոյս Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ի շարս թագաւոր եւ թագուհիներու պատկերներուն, կը գտնուին Մեծն- Բրիտանիոյ Վիքթորիա Թագուհին, Բրէնս Ալպէրթին եւ այն ատենուան գահաժառանգ Եդուարդ Է. Թագաւորին ինքնաստորագիր պատկերները: Ասոնք, 1869ին Վիքթորիա Թագուհիին կողմէ նուիրուած են Տ. Եսայի Ս. Պատրիարքին հետեւեալ պարագաներու տակ:
       1867ին անգլիացիները խնդիր ունենալով Հապէշիստանի Թէոդորոս Րասին հետ, վերջինս բանտարկկել տուած էր Հապէշիստան գտնուող անգլիացիները, եւ ասոնց կարգին` տեղւոյն անգլիական հիւպատոսը: Անգլիոյ կառավարութիւնը վանխնալով որ ասոնք սպաննուին, նախ քան տեղւոյն վրայ զինուորական միջոցներ ձեռք առնելը` դիմած էր Տ. Եսայի պատրիարքին, որպէս զի առաքելութիւն մը ղրկելով Հապէշիստան` ամէն ջանք ի գործ դրուի այդ անգլիացիներուն ազատ արձակումը ձեռք բերուելու եւ կամ գոնէ կեանքերնին խնայուելու համար:
       Սոյն առաքելութիւնը, որ կազմուած էր Տ. Սահակ արքեպիսկոպոսէ, Տ. Տիմոթէոս վարդապետէ եւ Եզեկիէլ անուն մաիբանէ, մեկնեցաւ Երուսաղէմէն 13 Ապրիլ 1867ին: Առաքելութիւնը երկու տարի մնաց Հապէշիստանի մէջ եւ ենթարկուեցաւ ամնամեծ դժուարութիւններու եւ տառապանաց` պատերազմի մէջ գտնուող այս երկրին մէջ: Եզեկիէլ միաբանը չը կարենալով տոկալ այդ տառապանքներուն` վախճանեցաւ: Իսկ Սահակ արքեպս. եւ Տիմոթէոս վրդ., անգլիական բանակի Հապէշիստան մտնելովը յաջողեցան ազատիլ ադկից եւ վերադառնալ Երուսաղէմ: Բանտարկուած անգլիացիներուն կեանքը փրկուած էր:
       Իբրեւ շնորհակալութիւն մատուցուած սոյն ծառայութեան, Անգլիոյ թագուհին 1869 Դեկտեմբերին Եսայի պատրիարքին ղրկած էր վերոյիշեալ պատկերները, որոնք այդ թուականէն ցայսօր կը զարդարեն Պատրիարքարանիս դահլիճը:
       Անգլիոյ Վեհ. Ճօրճ Թագաւորին դուստրը Մարի Իշխանուհին երբ անցեալ 1929 Զատկին Ս. Քաղաքս կը գտնուէր, Պատրիարքարանս այցելած եւ ներկայ գտնուած էր Աւագ - Հինգշաբթիի Ոտնլուայի արարողութեան: Օգտուելով Նորին Բարձրապատութեան Պատրիարքարանիս հանդէպ ցոյց տուած համակրական զգացումներէն, յայտնուեցաւ իրեն, Իր Վեհափառ Հօր Մեծ - Մօր եւ Մեծ - Հօրը, ինչպէս նաեւ Իր Մեծ - Հօրը պատկերներուն շնորհած ըլլալու պարագաները, եւ խնդրուեցաւ որ հաճի բարեխօսել Իր Վեհափառ հօր մօտ, որպէս զի Ն. Վ. Ճօրճ Ե. Թագաւորին եւ Ն. Վ. Մէրի Թագուհիին պատկերներն ալ շնորհուին Պատրիարքարանիս:
       Վեհափառ Թագաւորը ընդունելով սոյն խնդրանքը, բերահաճեցաւ 1930ին վղրկել իր եւ Թագուհիին ինքնաստորագիր պատկերները, փառաւոր շրջանակներու մէջ զետեղուած: Դահլիճին մէջ կը գտնուի նաեւ Գէորգ Ե. կաթողիկոսի պատկերը: Իսկ Ս. Աթոռոյ գահակալներէն պատկեր ունին Յովհաննէս, Եսայի, Յարութիւն եւ Դու
       Կան Եղիշէ պատրիարքները: Կան նաեւ մի քանի եկեղեցականաց եւ երեւելի ազգայնոց կենդանագիրները:
       Դիւանատունը իր բոլոր ճիւղերով կը գտնուի Պատրիարքարանի մօտ:
      
       Բ. Տպարան . Վանքին Տպարանը սկսած է 1833ին Զաքարիա Կոփեցիի նախաձեռնութեամբ, Պօղոս Ադրիանուպոլսեցիի հովանաւորութեամբ եւ Կիրակոս Երուսաղէմացիի տեսչութեամբ. Առաջին Տպարանը զետեղուած էր վանքին հիւսիս - արեւելեան կողմը քանի մը սենեակներու մէջ, որ այժմ ուխտաւորաց յատկացուած են Հին Տպարանի թաղ անունով: Այդ սենեակներուն յարմարութիւնը նուազ էր եւ գործիքներնալ հին ոճով էին. այսու հանդերձ բաւական թուով եւ կարեւոր նիւթով հրատարակութիւններ ելած են անկէ: Թէեւ Տպարանի նոր շէնք մը շինելու գաղափարը կար, բայց Եսայի պատրիարք 1865ին մտադրութիւն կը դարձնէ ընդարձակ գետնի մը վրայ, որ կը գտնուի մեծ բակին հարաւակողմը, Էջմիածնի տաճարին հարաւային պատին դէ, եւ որուն վերեւը կը գտնուի ուխտաւորաց Թօքաթ եւ Պէքեար թաղերը: Այս ընդարձակ գետինը իր վերնայարկ թաղերուն հետ կառուցուած է 1675ին այնթապցի Եղիազար պատրիարքէն, իբր ախոռ ուխաւորաց գրաստներուն: Նոյն տեղը կամարակապ է հաստակառոյց: Եսայի Տպարանը փոխադրած է այս տեղւոյն վրայ, մէկ մասը միայն գործածգլով, իսկ միւս մասը քանի մը տարի յետոյ կցած է նորաշէն Տպարանին: Տպարանական շինութեանց ծախուց մասնակցած է Կեսարացի Յակոբ Աշըգեան, ինչպէս կը հասկցուի յիշատակարանէ մը: Տպարանին հանդերձանքը հետզհետէ կատարելագործուած է, եւ կարող է տպագրել եւ հրատարակել կարեոր աշխատասիրութիւններ: ունի լաւ արագատիպ մը, թէեւ բազուկի ոյժով կը շարժի. ձեռքի մամուլներ, վիմագրական մամուլներ. նաեւ ջրաշարժական մը, գլանաձեւ մամուլ, կտրիչ գործիքներ, կազմարարութեան եւ ձուլարանի գործիքներ, եւ հայերէն տառերու եւ հայկակն խազերու 29 տեսակ մայրեր, զանազան մեծութեամբ տառեր, ոչ միայն հայերէն, այլ եւ եւրոպական աթութայով զարդագիրեր, շրջանակի եւ անկիւնի զարդեր: Ըստ այսմ Ս. Յակոբեանց Տպարանը սովորական տպարան մը ըլլալէ աւելի, ձուլարանով եւ կազմատունով ու վաճառանոցով լրացած` հրատարակչական հաստատութիւն մը կը դառնայ:
       Ծիսական գիրքերու ճիւղը կրնայ այդ Տպարանին իբր յատկանշական նկատուիլ. ոչ միայն զի հեղինակաւոր հրատարակութեան կնիքը կը կրէ, այլ եւ այնպիսի ճիւղ մ՚է որ սովորական հրատարակիչներու առեւտրական ուղղութեան չհամապատասխաներ: Տպագրուած են գրեթէ բոլոր ծիսական գիրքերը, եւ անոնցմէ շատեր քանիցս տպագրուած են: Բացի ծիսական գիրքերէն, որ վանքին կողմէն կը հրատարակուին զոհողութեամբ, հրատարակուած են նաեւ մեծահատոր կարեոր գիրքեր, դասագիրքեր եւ վէպեր, ՍԻՈՆ ամսագիրը եւ նախնեաց գործերէն ոմանք: Ս. Յակոբեանց Տպարանը հարիւր տարուայ ընթացքին հրատարակած է չորս հարիւրէ աւելի գիրքեր երկու հարիւր տեսակներով: Աւելի մանրամասնութեանց համար դիմել Գեր. Տ. Մեսրոպ վրդ. Նշանեանի (այժմ եպս. ) 1914ի Երուսաղէմայ Օրացոյցին մէջ իբր յաւելուած հրատարակած «Ակնարկ մը Երուսաղէմի սրբոց Յակոբեանց Տպարանին վրայ» խորագրով, հայկական տպագրութեան 400ամեակին առթիւ գրած յօդուածին:
      
       Գ. Նորաշէն Մատենադարան . Ս. Յակոբի վանքին հնօրեայ տպագրութեան աւելորդ օրինակները քանի մը տսանեակներով կը պահուին տանիքին վրայ Մայր տաճարին Ս: Համբարձման սեղանին մօտ կոկիկ եւ փոքրիկ շէնքի մը մէջ, որուն դրան վրայ դրուած արձանագրութենէն կը տեսնուի որ 1727նա Շղթայակիրը շինած է զայն Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքի բնակութեան համար. որ սակայն չէ կրցած գալ իր մահուան պատճառաւ: Այս մատենադարանը կրնանք իբր պահեստի շտեմարան նկատել: Տպագիրներ ու միւս մատենադարանը զետեղուած է Ս. Թէոդորոսի մօտերը, Տէյիրմէն եւ Տէմիր թաղերու մէջտեղը, Հեթում թագաւորի անուամբ ծանօթ սենեակներուն մէջ, որ երկուք են եղեր, եւ միացուելով մէկի վերածուած են. եւ 81/2 ու 51/4 թեւերով բաւական սրահ մը կը կազմեն, 44 քառակուսի մէթր տարածութեամբ: Այս մատենադարան սովորաբար ընթերցարան անունով ճանճցուած է, եւ բացուած է 1901ին: Գիրքերը յատուկ գրադարաններու եւ դարակներու եւ դարաններու մէջ զետեղուած են. հոն կը գտնուին նաեւ լրագրաց հակագածոները: Կազմուած մանրահատոր եւ բազմահատոր գիրքերը հաշուելով 2000 թիւը կ՚անցնի, շատ գիրքեր ալ կը նման մատենադարանին սեղանին եւ այլ տեղերու մէջ, այնպէս որ մատենադարանի նոր շէնք մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը զգալի էր:
       1929 Հոկտ. 25-28ին մեծ շքեղութեամբ տօնուեցաւ Ս. Աթոռոյ հոգելոյս գահակալ Ամեն. Տ. Եղիշէ Դուրեան Ս. Պատրիարքին Յիսնամեայ Քահանայութեան Յոբելեանը. այս նպատակաւ աւզմուած Յոբելեարին յիշատակը Ս. Աթոռոյ մէջ յաւերժացնելու համար ընդհանուր հանգանակութեան մասնակցութիւնը կը շարունակուէր, Փարիզէն Վսեմ. Գալուստ պէյ Կիւլպէնկեան 7000 ոսկւոյ յանձնառութեամբ սիրայօժար ստանձնեց վանքին մէջ նոր Մատենադարանի մը շինութեան Կաթողիկոսական Պատւոիրակ Գեր. Տ. Թորգոմ Սրբազանի միջոցաւ ի յիշատակ իր ծնողաց, եւ ի յարգանս Յոբելեար Սրբազանին: Այս իշխանական նուիրատուութիւնը սիրով ընդւոնուեցաւ Յոբելեար Սրբազանէն եւ Կեդր. Յանձնաժողովոյ կողմէն, եւ միւս կողմէն որոշուեցաւ որ ժողովրդական ըանգանակութեան արդիւնքով, Յոբելեարին փափաքին համաձայն կազմուի հիմնադրամ մը` որուն տոկոսով պիտի հրատարկուին հայերէն կարեւոր գիրքեր, թէ' նախնեաց գործերէն եւ թէ' նորերէն, Դուրեան Մատենադարան տիտղոսին տակ: Յոբելեար Սրբազանը յետոյ սակայն, ի կենդանութեան փափաք յայտնծ էրեւ Կեդր. Յանձնաժողովրն ալ յարմար գտած էր որ հանգանակուած գումարը` 3554 անգղ. ոսկի եւ մէկ շիլին փոխանակ ոեւէ դրամատան մէջ թողլով տոկոսն ստանալու, հասութաբեր կալուած մը շինել ու անոր վարքովը հրատարակել Դուրեան Մատենադարանի գիրքեր: Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնը Ս. Աթոռոյ Գահակալին Յաբելեանին իր մասնակցութիւնը բերելու համար որոշմամբ Տնօրէն Ժողովոյ Մեծ - Արտի գետնէն բանուկ պողոտայի մը վրայ տրամադրեց գետին մը հանգանակուած վերոյիշեալ գումարով շինելու կալուած մը` արդիւնքը իր նպատակին յատկացուելու պայմանաւ. շինութեան հոգը ու հսկողութիւնը Յանձնաժողովի մը յանձնուած է եւ այժմ սկսուած է շէնքը Դուրեանաշէն անունով:
       Գալով Մատենադարանի շինութեան` անոր հիմնօրհնէքը տեղի ունեցաւ 1929 Հոկտ. 26ին, շաբաթ օրը, Թարգմանչաց տօնին, Յոբելեար Սրբազանին նախագահութեամբ. ներկայութեամբ եպիսկոպոսաց, Միաբանութեան եւ ժողովրդեան: Հիմնարկէքի օրհնութիւն չէր աս, այլ չորս անկիւններէն փորուած հիմերուն վրայ օրհնութիւն մը, Մատենադարանի շինութեան ծրարգին գործադրութեան իբր սկսուած: Բուն հիմնարոկւթիւնը կատարուած է 28 Օգոստոս 1930 հինգշաբթի, Յոբելեար Սրբազանին մահուանէն վերջ: Պատրիարքական Տեղապա Գեր. Տ. Մեսրոպ սրբազան կատարած է աւարտած հիմերու վրայ դրուելիք առաջին անկիւնաքարի օրհնութիւնը: Պատշաճ կրօնական արարողութենէ մը վերջ Սրբազանը իր իսկ ձեռքով զետեղուած է առաջին անկիւնաքարը, որուն մէջ յետ ընթերցման գրուեցաւ բիւրեղեայ ընդունարանով մագաղաթէ յիշատակարան մը: Նորաշէն Մատենադարանը այժմ գրեթէ աւարտած է. ան շինուած է Տպարանին ու Ժառ. Վարժարանի մէջտեղի պարտէզին մէջ. երկյարկանի հոյակապ շէնք մ՚է. դուռը կը բացուի Ժա. Վարժարան ու Ս. Հրեշտակապէտ երթայլիք ճանապարհին վրայ. իր մօտը կը գտնուի միաբանաց Պաղչէ թաղը եւ նորաշէն Նախակրթարանը. ունի 18 մէթր ճակատ: Շէնքին խորութիւնն է 25 մէթր: Զեղչելով շէնքին ետեւի երկու կողմերուն ներս քաշուած մասերը ընդհանուր տարածուծիւնն է 418 եւ կէս մէթր:
       Շէնքը ունի երկու յարկեր եւ վերը թէռաս մը:
       Գետնայարկին վրայ մուտքէն վերջ կը գտնուի մեէ ընթերցասրահը 100 քառակուսի մէթր տարածութեամբ:
       Ըլլայ գետնայարկը, ըլլայ վերի յարկը` երկու կողմերը կ՚երկարին գրադարաններու քօրիտօրները, իւրաքանչիւրը 48 քառ. մէթր տարածութեամբ:
       Երկրորդ յարկը յաւելուածաբար ունի Մատենա դարանի ճակատի մաս մը 40 մէթր տարածութեամբ: Մատենադարանը ունի նաեւ 50ական մէթրանոց երկու մեթ սենեակներ: Իր փառաւոր մուտքէն զատ, սոյն մուտքին երկու կողմերը կան երկու սենեակներ: ՄԻւզէի մասը ունի, չէնքին գետնայարկին մէջ 70 քառ. մէթր տարածութեամբ սենեակ մը, եւ վերնայարկը ունի թէ նման տարածութեամբ սենեակ մը` 70 քառ. մէթր տարածութեամբ եւ թէ անոր կից յաւելուածական սենեակ մը` 24 քառ. մէթր տարածութեամբ: Մատենադարանը ունի տանիքին վրայ տեփօյի սենեակ մը: Երկրորդ յարկին մէջտեղի մասը բաց է, որպէս զի գետնայարկի ընթերցասրահի ձեղունը մինչեւ տանիք բարձրանայ: Այս տանիքը ունի ապակեայ լուսամուտներ:
       Մատենադարանի շէնքին բարձրութիւնն է, երկու յարկերուն համար 9 մէթր: Եթէ այս բարձրութիւն հաշուուի տանիքի վրայի սենեակէն` կ՚ըլլայ 13 մէթր:
       Նպատակին յարմար հոյակապ եւ հանգստաւէտ շէնք մը եղած է նորաշէն Մատենադարանը, որուն ճակատը` դրսի կողմէն` զետեղուած է հետեւեալ յիշատակարանը.
       «Գալուստ Կիւլպէնկեան կառոյց զՄատենադարան Առաքելական Սր բոյ Աթոռոյս, վասն անմոռաց յիշատակի հօր իւրոյ եւ մօր Սարգսի եւ Տիրուհւոյ Կիւլպէնկեան. ի մեծարանս Յոբելինի Յիսնամեայ Քահանայութեան Տեառն Եղիշեայ Ս. Նրքեպիսկոպոսի Դուրեան, Պատրիարքին Հայոց Սրբոյ Երուսաղէմի. ՌՅՀԹ=1920»:
       Ի մօտոյ այս նորաշէն Մատենադարանը պիտի փոխադրուի Պատրիարքարանի մէջ մթերուած այն 5000ի մօտ այլ եւ այլ ճիւղերու վերաբերեալ հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն արժէքաւոր գիրքերը որոնց մէկ մասը հոգելոյս պատրիարքը իբր իր անձնական գիրքերը Պօլսէն Երուսաղէմ Ս. Յակոբ փոխադրուած էր, եւ միւս մասն ալ իր միջոցաւն ու խնամքովը իր պատրիարքութեան շրջանին մօտը հաւաքած էր:
      
       Դ. Ժառ. Վարժարան . Նորահաս աշակերտներու պատրաստութիւնը երբեք պակաս չէ կրցած ըլլալ Ս: Աթոռին մէջ, թէպէտեւ վարժարանի յատկացեալ մասնաւոր շինութեան մը հին յիշատակը չենք գտներ աւանդութեանց մէջ: Այդ պակասը կը վերադրենք հին ատեննր սովորական եղող ձեւին, երբ կրթութիւնը ոչ թէ դասարանական համախումբ ձեւի ներքեւ կը տրուէր, այլ ընծայեալներ եւ ընծայատուներ առ ոտս այս կամ այն վարդապետի մը կը մնային փոքրաւորի դերին մէջ, եկեղեցական սպասարկութեանց կը վարժուէին, եւ կարեւորագոյն սեպուած ուսմունքներու կը հետեւէին: Վերջին ԺԹ. դարու առաջին քառորդին մէջ կ՚սկսին Ժառ. Վարժարան կազմելու կամ հիմնելու մտադրութիւնները. եւ իբր նախաձեռնարկներ պիտի յիշուին Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի կառավարիդը եւ Զաքարիա Կոփեցի ու Կիրակոս Երուսաղեմացի պատրիարքները: Զաքարիա ամենէն աւելի գործին հետամուտ եղած է, Կ. Պոլիս եւ Վենետիկ տեսածներուն ազդեցութեամբ. ուստի իր պատրիարքութեան երկրորդ տարւոյն մէջ 1843ին առաջին վարժարանը բացած է Ռէմլէի վանքին մէջ, զոր տարտուկէս ետքը, 1845ին փոխադրած է Երուսաղէմի մէջ մասնաւոր տուն մը: Կիրակոս որ 1847ին յաջորդեց, վարժարանին աւելի զարկ տալու համար փոխադրած է վանքին մէջ, նոյն այն սրահը զոր Շղթայակիր շինած էր կոլոտին համար: Այս տեղը բաւարար չէր կրնար ըսուիլ, ուստի Կիրակոս ուզեց յատուկ շէնք մը կառուցանել, բայց չյաջողեցաւ: Յովհաննէս պատրիարք, պատրիարքարանի շէնքը աւարտելէ յետոյ, շինեց նաեւ Չամ թաղը (այդ անունը կ՚առնու մօտի մայրի ծառերէն) զոր հիմնած էր Կիրակոս, իբրեւ ուխտաւորաց թաղ: Յովհաննէս շուտով ձեռնարկեց վարժարան մ՚ալ շինել, որ է այժմեան Ճեմարանը. եւ որ լրացաւ 1857ին, սակայն զանազան պարագաներ եւ իր վերահաս մահը 1860ին եւ Աթոռոյ պարապութիւնը մինչեւ 1865, չներեցին վարժարանի գործը կարգադրել եւ Եսայի պատրիարքի մնաց հին նպատակը գլուխ հանել: Վարժարանը բացաւ Ճեմարանին մէջ, Չամ թաղն ալ անոր յարակցելով, գիշերօթիկ վարժարանի մը պէտք եղած բաժինները լրացնելով:
       Ժառ. ՎԱրժարանը կը գտնուի նորաշէն Մատենադարանին աջ կողմը, պարտէզներով շրջապատուած, օդասուն եւ գեղեցիկ վայր մը: Վարժարանի շէնքը կանոնաւոր քառանկիւն մը կը կազմէ. 51 մէթր երկայն եւ 29 լայն թեւերով, որ կու տայ 1480 քառակուսի մէթր տարածութիւն: Շէնքը երկյարկանի է եւ մէջտեղը բաց: Գետնայարկին վրայ դէմ դիմաց իննական չափաւոր սենեակներ կան, արեւելեան եւ արեւմտեան թեւերուն վրայ. այդ սենեակները այժմ յատկացուած են Ընծայարանի աշակերտ - սարկաւագներուն: ՎԱրժարանը ունի հանդերձատուն, խոհանոց եւ լուացարան. վերի յարկը կը գտնուի տսեդարանը, աշակերտաց ննջարանները եւ մէկ երկու ուսուցչաց սենեակները, կրկին գրադարանները եւ այլն: Ճեմարան ըսուած շէնքը արտաքնապէս ունի գեղեցիկ ճարտարապետութիւն մը, ընդարձակ սրահը սերտարանի վերածուած է, չորս սենեակներէն երեքը` դասարանի, իսկ մէկը` բնագիտական գործիքներու պահարանի: Շէնքը դուրսէն 21 մէթր թեւերով եւ 240 քառակուսի մէթր տարածութեամբ կանոնաւոր քառակուսի մ՚է, վայելուչ ճակատ մը ունի: Ներքինը խաչաձեւ է, կեդրոնը գմբէթայարկ է, վայելուչ եւ բարձր, որուն գագաթը գոնէ 15մէթր բարձր ըլլալու է յատակէն վեր: Պատերուն ներսերը վարաններ գործուած են, 8 հատ մեծ հիւսիսէ հարաւ թեւերուն մէջ. եւ 4 փոքր միայն միւս թեւերուն վրայ: Բոլոր դարաննեը լեցուած են հնագիտական, պատմական, ազգաբանական եւ այլն եւ այլն եւ ուրիշ հետաքրքրական առարկաներով, որոնք ապագայի պիտի կրնան կազմել Ս. Յակոբեանց վանքին թանգարանին կորիզը: Ճեմարանի շինուածքին ներքնայարկը երբեմն ծառայած է քաղաքացի մանչերու իբր վարժարան Մեսրոպեան անուամբ, երբեմն ալ, իբր գծագրութեան դասարան:
       Ժառ. Վարժարանը կը պահէ առ առաւելն 30 աշակետրներով երեք դասարան` որ կ՚ստանան կրօնական ուսումն, գիտութիւն, կը սորվին կարեւոր լեզուները, եւ որոշ ծրագրով մը կը պատրաստուին Ընծայարան մտնել: Ժառ. Վարժարանի եւ Ընծայարանի երկու դասարանները կը կոչուին Մեզքոնեան Դասարան, Ազգ. բարերար Մելքոնեան բարեպաշտ հարազատներուն` յանուն Ժառ. Վարժաաի վեհանձնօրէն յատկացուցած նպաստին պատճառաւ: Ընծայարանի դասարանները կը հետեւին յատկապէս պատրաստուած ծրագրի մը, ստանալով կրօնական բարձր ուսում, եւ շարունակլով ուսումը այն կարեոր լեզուներու զոր կ՚ուսանէին Ժառ. Վարժարանին մէջ: Ընծայարանի ընթացքը բոլորելէ յետոյ ընծայացուք կը կոչուին կուսակրօն եկեղեցականութեան եւ ի ծառայութիւն Ս. Աթոռոյ: Ընծայարանը ունէր նաեւ դասարան մը ութը սարկաւագներով` որ կը կոչուէին Կիւլպէնկեան սաներ, որոնք անցեալ տարի իրենց շրջանը աւարտեցին եւ կոչուեցին կուսակրօն եկեղեցականութեան. այս դասրաանին հինգ տարուան ծախքը` 5000 ոսկի, վեհանձն ու ստիրայօժար նուիրատուութեամբ հոգաց ողբացեալ Տիար Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Ազգ. բարերարը, որուն Հայ Եկեղեցիին ու ազգին հանդէպ ունեցած սէրն ու հայրենանուէր զգացումներն ամենուն յատնի են:
      
       Ե. Նորաշէն Նախակրթարան . Նախակրթարանի ու Մանկապարտէզի սաներն են քաղաքացւոց եւ Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ բնակողներուն պզտիկներն. առաջիններն անոնք են որ հինէն ի վեր ձրիաբար կը բնակին այն տուներուն մէջ որ իրենց յատկացուած են, իսկ վերջինները տարագրութեան առթիւ Երուսաղէմ մնալով կը պատսպարուին Ս. Յակոբեանց մօտի ուխտաւորական թաղերը: Վանքը կւո տայ ձրի կրթութիւն, ինքը կը հոգայ վարժաանի բոլոր ծախքերը եւ որոշ ծրագրով մը ոյժ կու տայ կրօնի ուսաման, հայերէն լեզուի, անգղիերէնի, գծագրութեան, ձեռագործի եւ այլն: Շնորհիւ վանքին կողմէն տրուած նախակրթութեան աշակերները կը պահեն հայերէն լեզուն եւ հայերէն կրնան խօսիլ իրենց տուներոն մէջ, վասն զի քաղաքը արաբախօս ըլլալով` նոյնպէս քաղաքքացի հայ ընտանիքներրն ալ սովորաբար արաբերէն կը խօսին, բայց պէտք է գիտնալ թէ շնորհիւ նախակրթարանի հայերէնն ալ սորված են ու կրնան խօսիլ:
       Մանչերու Մեսրոպեան հին դպրոցի մասին վերեւ ծանոթութիւն մը տուին. կը մնայ այժմ նկարագրել աղջիկներու հին նախակրթարանը որ կը կոչուէր Գայիանեան, եւ յարակից ունէր մանկապարտէլ մը: Գայիանեան դպրոցը Ս: Հրեշտակապետ իանող ճանապարհին վրայ, Պաղչէ թաղին մօտ ինքնուրոյն շինուածք մ՚էր որ կառուցուած էր 1862ին Նոր Նախիջեւանցի Շուլտովեանց Կարապետի ծախքով:
       1927ի Պաղեստինի ահռելի երկրաշարժը մեծ վնասներ պատճառեց, ինչպէս քաղաքին եւ շրջակայից, նոյնպէս մեր Ս. Յակոբեանց, Բեթղեհէմի, Ռէմլէի վանքերուն, կալուածներուն եւ այլ հաստատութեանց. այդ վնասուած շէնքերէն մին էր աղջկանց նախակրթարանը իր մանկապարտէզով, որ վտանգաւոր կերպով խարխլած էր եւ կարելի չէր աշակերտուհիներուն ու մանկապարտէզի փոքրիկներուն յաճախել, եւ անոնց համար յատկացուեցաւ առժամանակեայ շէնք մը, Ժառ. Վարժարանի մէկ քանի սենեակներուն մէջ:
       Տնօրէն Ժողովը նախագահութեամբ Ս. Պատրիարքին, նկատի առնելով արդէն անբաւական ու վտանգաւորկերպով խարխլած աղջկանց վարժարանին վիճակը, անոր փոխարէն երկսեր նախակրթարանի մը եւ մանկապարտօզի մը պէտքը շեշտելով որոշեց նոյն տեղւոյն վրայ եւ վանքին սեպհական յարակից սենեակներն ալ միացնելով նոր նախակրթարան մը կառուցանել արդիական պայմաններով: Ըստ այսմ կառավարութեան նոր օրէնքին համաձայն ճարտարապետին կողմէն յատկագիծ մը պատրաստուելով Պատրիարքարանի կողմէն մատուցուեցաւ կառավարութեան` Կրթական եւ Առողջապահական վարչութեանց եւ Քաղաքապետութեան կողմէն վաւերացուելու համար: Նախակրթարանը պիտի շինուէր 37 մէթր գրկար եւ 9 մէթր լայն գետնի մը վրայ, պիտի ըլլար եռայարկ եւ պիտի պարունակէր 250-300 աշակերտներ: Շինութեան համրանը տրուեցաւ պատակն իշխանութեան կողմէն եւ հիմերը սկսան փորուիլ. ժառը եւ կոյս հողը գտնելու համար արտաքոյ կարգի աշխատանքի եւ ծախքի դուռ բացուեցաւ եւ շատ ժամանակ վատնուեցաւ, որովհետեւ հողէն եղաւ սպասել որ ներքին հիմերը դրուէին եւ բարձրանային հողէն դուրս, պաշտօնական հիմնարկէք կատարելու համար: Հիմերը բաղձացուած բարձրութեան հասած ըլլալով 1928 Ապրիլ 26, ԵՇ. երեկոյ ժամ 5ին կատարուեցաւ Ազգային Երկսեռ Նխակրթարանի եւ Մանկապարտէզի հիմնարկէքի արարողութիւնը նախագահութեամբ Ս. Պատրիարքին: Հիմքին արեւելեան հիւսիսային անկիւնը կատարուեցաւ հիմնօրհնէքը. եւ փորուած անկիւնաքարին մէջ դրուեցաւ յիշատակարան մը, զոր շաղախով լեցուցին Ս. Պատրիարքը եւ եպիսկոպոսները: Երկու տարիէն լրացաւ շէնքը. թէեւ բազմածախս` բայց ան եղաւ շէնք մը բարձրադիր, հոյակապ, օդասուն, առողջապահիկ եւ պետական օրինաց եւ գիտութեան պահանջներուն համաձայն: Շէնքին հիմերը եւ պատերը շինուած են պեթոնով եւ երկաթի կապերով հաստատուած են. ամբողջ ճակատը յղկուած քարերով հիւսուած է: Նախակրթարանին մուտքը բացուած է Ս. Հրեշտակապետ տանող ճանապարհին վրայ կողմնակի երկու քարէ սանդուխներով: Նախակրթարանը ունի երեք յարկ, ամենէն վերինը յատկացուած է ձեռագործի համար: Նախակրթարանի եւ Մանկապարտէզի բոլոր բաժանումներն ունին իրենց սրահներն ու դասարանները. ստորին յարկին մէջ կը գտնուին խաղավայրօ եւ ճաշարանը: Նախակրթարան ու Մանկապարտէլ այժմ կը յաճախեն իբր 400 աշակերտներ: