Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կրթական

Թէեւ անխնամ որբերը պատսպարելու անմիջական պէտքը կը հարկադրէր մեզի առաջնութիւն տալ անոնց նիւթական հոգածութեան, այսու ամենայնիւ հնար եղածին չափ մեր տղայոց կրթութեան միջոցներն եւս մտածել ջանացինք տեղւոյն համեմատ տարբեր եղանակներ ի գործ դնելով։

Այնթապ բոլոր տղայք եւ աղջիկները կանոնաւորապէս յաճախեցին ազգային վարժարանները։ Իսկ շատ փոքրերը որբանոցին մէջ դաս կ՚առնէին երկու վարժուհիներէ որոնք մայրական հոգածութիւն ալ կը տածէին անոնց հանդէպ։

Ատանայի աղջիկները կը յաճախեն Ազգանուէր Հայուհեաց վարժարանը։ Փոքրերու համար հոգ կը տանին երկու վարժուհիներ։ Իսկ Տ. եօլ, Հ. Պէյլի, Մարաշ եւ Հաճըն բոլոր տղայք կը կարդային որբանոցներու մէջ։ Հաճնոյ մեծ որբերը կը կարդային տեղւոյն Միացեալ ընկ. եան վարժարանը։

Հայոց Միացեալ ընկերութիւնը հայթայթեց մեր բոլոր որբերու դասագիրքերը։ Ազգանուէր Հայուհեաց ընկերութիւնը վճարեց Տէօրթեօլի երեք վարժուհիներուն եւ Հասանպէյլիի մէկ վարժուհիին ամսաթոշակները, նոյնպէս ուսուցչուհի մը ղրկեց Մարաշ եւ հայթայթեց մեր բոլոր որբանոցներու մէջ պէտք եղած ձեռագործներու նիւթերը։

Հայուհեաց ընկերութիւնը յառաջիկայ շրջանին համար ստանձնած է մեր բոլոր որբանոցներու աղջկանց բաժնին կրթական հոգը, այս նպատակաւ տրամադրելով Որբախնամիս տարեկան 150 ոսկի։