ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՍ ՆՈՐ ԿՈՉԸ

Որբախնամիս Կեդր. Սնտուկը այս շրջանին մէջ, մանաւանդ վերջերը, խիստ անձուկ վիճակի մը մատնուած ըլլալով, յանձնաժողովս պարտաւորուեցաւ հետեւեալ նոր կոչը ուղղել Ազգին, Ազգ. լրագրաց միջոցաւ.

«Կիլիկիոյ Որբ. Կեդր. յանձնաժողովս կու գայ յայտարարել ներկայիւս թէ քիչ օրէն հրապարակ պիտի ելնէ իր պաշտօնի կոչուելէն ի վեր ըրած գործառնութիւններուն ընդարձակ տեղեկագիրը որով պիտի պարզուի թէ ի՛նչպէս հիմնուեցան իր մատակարարած որբանոցները, ի՛նչպէս կարելի եղաւ զանոնք մատակարարել մինչեւ հիմայ, ի՞նչ է անոնց ներկայ կացութիւնը եւ ի՞նչ միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել Կիլիկեան որբերու խնամարկութեան գործը։

«Այս տեղեկագիրը որ յանձնաժողովիս անդամներէն Սարգիս Սուին Էֆէնտիի պատրաստած Կիլիկեան որբերու ընդարձակ վիճակագրութիւնն ալ կը պարունակէ իր մէջ եւ իբր Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ու անով առ Ազգն ուղղեալ համարատուութիւն՝ կը պատկերացնէ յանձնաժողովիս հաշուական բոլոր գործառնութիւնները, ցոյց կ՚ուտայ թէ յանձնաժողովիս՝ իր կազմութեան թուականէն (1909 Օգոստոս) մինչեւ 1910 Դեկտ. ի վերջ, իր խնամոց յանձնուած 1426 որբերուն համար վճարած գումարն է Օսմ. ոսկի 13651, 13 նոյն ժամանակամիջոցի մէջ իր ունեցած հասոյթէն որուն գումարը կը յանգի Օսմ. ոսկի 15513, 09½։

«Վճարուած գումարին մէջ միմիայն 4872½ ոսկին Պետական նպաստն ըլլալով, մնացեալը յանձնաժողովիս ջանքերով ու ճիգերով հոգացուած ու յատկացուած է իր նպատակին։

«Այս տարուան ընթացքին թէեւ որբերու թիւը պակսած է քիչ մը բայց եւ այնպէս Ազգէն եկած նպաստին համեմատութիւնը ա՛լ աւելի պակսած է, այնպէս կարծուելով թէ Պետական նպաստը բաւական պիտի ըլլայ որբերու խնամարկութեան համար։ Ուրախութեամբ իմացանք թէ Պետական նպաստը այս տարի ալ պիտի տրուի, սակայն մինչեւ անգամ երբ այս գումարը ստանանք, դարձեալ մեծ բաց մը կ՚ունենանք մեր պիւտճէին մէջ, ինչպէս ունինք այսօր։

«Հաճնոյ, Մարաշի, Տէօրթեօլի եւ Հասանպէյլիի մեր որբանոցները անմիջապէս դրամ կը խնդրեն թէ՛ այս եղանակին տարեկան պարէնաւորումի համար եւ թէ՛ վճարելու համար այն պարտքերը զորս հարկադրուած էին ընելու, ըստ որում յանձնաժողովս բացարձակ անկարելիութեան մէջ կը գտնուէր դրամ ղրկելու օրը օրին։ Դեռ մէկ քանի օր առաջ Տէօրթ-Եօլի եւ Հասան Պէյլիի որբանոցներու տնօրէն Փառէն վրդ. կը հեռագրէր թէ ուրիշ պէտքերէն զատ վեց հարիւր ոսկիի կը կարօտի՝ միայն պարտքերը վճարելու համար, մինչդեռ Կեդր. Յանձնաժողովս ի վիճակի չէ այսօր գոնէ մասամբ գոհացում տալու։ Այս տողերը գրուած պահուն նոր հեռագիր մը դարձեալ Փառէն վրդ. էն յանձնաժողովիս վրայ բօլիցա քաշելու պարտաւորուած ըլլալը կը յայտնէ եւ յանձնաժողովիս գանձապետը չգիտեր թէ ի՜նչ պիտի ընէ։

Ճշմարիտ է թէ առանց Պետական նպաստին, յանձնաժողովս չպիտի կրնար շարունակել Կիլիկեան որբերու խնամարկութեան գործը. շնորհակալութեամբ կը յայտարարենք թէ Պետական նպաստը մեծ օգուտ ունեցաւ յանձնաժողովիս, բայց ինչպէս որոշ կը տեսնուի, Պետական այդ նպաստը բաւական չէ հոգալու մեր որբանոցներուն մէջ գտնուող որբերը, առանց յիշելու անոնցմէ դուրս մնացած հարիւրաւորները։

Հետեւաբար յանձնաժողովս ստիպուած է նորէն կոչում ընելու հայ ժողովուրդին բարեսիրական զգացումներուն եւ խնդրելու որ ի՜նչ ազնիւ առատաձեռնութեամբ որ վերաբերուեցաւ առաջին անգամ Կիլիկեան որբերու խնամարկութեան գործին հանդէպ ու ի՜նչ եռանդով որ ուզեց սատար կանգնիլ յանձնաժողովիս, նոյն առատաձեռնութեամբ ու նոյն եռանդով շարունակէ ընծայել մեզ իր թանկագին աջակցութիւնը, եթէ չուզեր, ինչպէս կը հաւատանք թէ չուզեր տեսնել իր որբերը անպատսպար մնալու վտանգին մէջ։

Այս առթիւ կը խնդրենք նաեւ մեր որբապաշտպան ընկերութիւններէն ու ազգայիններէն, ինչպէս մեր օժանդակ մասնախումբերէն, որ առաջինները իրենց պարտքերը հաճին վճարել ու երկրորդները նկատի առնելով Կեդր. սնտուկին անձուկ վիճակը, փութացնեն նուիրատոմսերու հասոյթները դրամները ուղարկելով Գանձապետ Ա. Թօփալեան էֆ. ի, Թօփալեան խան, Կ. Պօլիս։

Կնիք

(Կիլ. Որբ. Կեդր. Յանձնաժողովոյ)