Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Բ.

ՄԱՐԹԱ, ԵՐԱՆԵԱԿ

ԵՐԱՆԵԱԿ

Բարեւ, մայրիկ, ի՞նչ ունիս աս առտու. բարկացած կ՚երեւիս:

ՄԱՐԹԱ

Մ՚ըսեր բարկացած, այլ խելքը փախուցած: Երանեակ, հայրդ իւր ընտանիքին թշուառութիւն կը պատրաստէ իր ան­վայել վարքով, աս առտու, երբ արթնցայ ու զինքը սենեկին մէջ չտեսայ, կարծեցի որ տունը գլուխս փլաւ: Ո՞ւր գացեր է դարձեալ երէկ գիշեր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Անշուշտ հիւանդ նայելու գացած պիտի ըլլայ:

ՄԱՐԹԱ

Ի՞նչ տեսակ հիւանդներ ունի, որ միշտ գիշեր ատեն կ՚երթայ նայելու:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ինքը կ՚ըսէ, որ ակռայի ցաւն շատ անգամ գիշերը կը հանդիպի, եւ թէ ցաւած ժամանակը պէտք է որ դարման մը ըլլուի շուտով:

ՄԱՐԹԱ

Ասոնց ամէնն ալ անտեղի բացատրութիւններ են. ես չեմ հաւտար: Այսօր պիտի խօսիմ հետը, կամ իր վարքը ուղղէ եւ կամ… ես գիտեմ ինչ ընելիքս, ասանկ ամուսնութիւն չըլլար: ( Երանեակը կը հառաչէ ) Ի՞նչ ունիս, աղջիկս… ինչո՞ւ կը հառաչես:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ոհ, մայրիկ, ինչպէս չհառաչեմ մինչդեռ ակներեւ կը տեսնեմ որ իմ ամուսնութիւնս ալ ձերինին պէս պիտի… պիտի…

ՄԱՐԹԱ

Ի՞նչ կը խօսիս, Երանեակ, Մարգարը ազնիւ բնաւորու­թեան տէր…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ազնիւ բնաւորութեան տէր… ի՞նչ ընեմ որ դրսեցի է… ես կ՚ուզէի Պոլսեցւոյ մը հետ եթէ հնար էր…

ՄԱՐԹԱ

Դուն ալ իմ բարկութիւնս աւելի եւս գրգռելու համար կ՚ընես այդ խօսքերը. ամբողջ տարի մ՚է որ հետը նշանուած ես եւ գոհ էիր, այսօր մէկէն ի մէկ պաղի՜լ, ի՞նչ ունի տղան. քաղցրաբարոյ պատանի մ՚է:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ըհ, քաղցրաբարոյ, միշտ հին լաթեր կը հագնի, բնաւ նոր հագուստ մը տեսած չունիմ վրան. նշանուած մէկը անանկ պատռտած զգեստով պտըտի… ոչ, մայրիկ, ոչ, աւելի կը սիրեմ ամուրի մնալ, քան թէ Մարգարի պէս հնասէր մարդու մը հետ… հետ… ( Մեկուսի ) ահ, Լեւո՜ն, Լեւոն…:

ՄԱՐԹԱ

Ալ պիտի բարձրացնեմ ձայնս, ապստամբ աղջիկ, դուն ալ գլուխ վերուցիր, չե՞ս հաւնիր նշանածիդ, որուն ազգասի­րութիւնը…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ըհ, ազգասէր, միշտ հին լաթեր կը հագնի: Մեծ քիթ մը ունի, ճակատը դուրս ելած, կարճահասակ, մինչդեռ անդին լուսնի պէս աղուոր երիտասարդ մը…

ՄԱՐԹԱ, բարկութեամբ

Ի՞նչ ըսիր, ի՞նչ, անգամ մ՚ալ զուրցէ, շուտ եղիր:

ԴՐՍԷՆ

Թրի թա թա թի թա թա:

ՄԱՐԹԱ

Աներես աղջիկ, գնա սենեակդ քաշուէ՛, վերջը կը խօսիմ քեզի հետ: ( Երանեակ կ՚երթայ ):

ԴՐՍԷՆ

Թի թա թի թա թի թա թի…

ՄԱՐԹԱ

Շուտ եկուր որ տեսնես թի թա թի:

ԴՐՍԷՆ

Թի րա րա թի րա րու…

ՄԱՐԹԱ

Եկուր որ խօսք հասկնանք իրարու:

ԴՐՍԷՆ

Թի թա թա:

ՄԱՐԹԱ

Աստուած պատիժդ տայ: