Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Ա.

ԵՐԱՆԵԱԿ, աթոռի վրայ նստած թաշկինակ ի ձեռին աչերը կը սրբէ

Սէ՛ր… սէր. այս գիշեր ալ վանեցիր արտեւաններէս այն անուշ նինջը, որ սիրահարեալ սրտերու առժամանակեայ հան­կուցիչն է. բաբէ՛, կը փախչի՞ս աչքերէս, զրկուեցայ ես քեզ­մէ, միայն արտասուք թափել մնաց ինձի բաժին եւ այն այս երիտասարդ հասակիս մէջ: Ամբողջ գիշեր թաշկինակ ի ձե­ռին արտասուքս սրբելով ժամերուն անցնելուն կը սպասէի անկողնոյս մէջ… Ո՜վ Աստուած իմ, սիրոյ թակարդին մէջ իյ­նողներուն ինչ դժուար է եղեր քնանալը… սիրականէն հեռու: Ո՜հ, նինջդ անուշակ, անհաշտ թշնամիդ սիրոյ, ո՞ւր ես, եկուր ծանրացի՛ր արտեւաններուս վրայ եւ ցրուէ՛ մտքէս դառն խոր­հուրդները, որք զիս ի գերեզման պիտի մղեն: Ահ, Լեւոն, չքնաղդ իմ Լեւոն, քեզմէ հեռու մեռեալ եմ ես, քու ներկայութիւնդ է, որ հոգի կու տայ ինձի, կը սիրեմ զքեզ մահու չափ, կեանքս քեզի հետ անցնելու որոշած եմ, քեզի նուիրած եմ իմ սիրտս, քեզի համար ստեղծուած եմ… թող հայրս սպառնալեօք խրոխ­տայ եւ անէծք թափէ գլխուս, ընդունայն է… թող մեր սիրոյ ամ­րապինդ շղթայն քայքայել աշխատի, անօգուտ է. չպիտի յա­ջողի իր բարբարոսական ձեռնարկութիւնը: Ա՜հ, Լեւոն, առաջին անգամ որ տեսայ զքեզ, սիրեցի, քու մէկ նայուածքդ հրապուրեց զիս. եւ երբ խօսիլ սկսար, բառերը սիրաբոյր շուրթերէդ սահելով, սիրտս մտան վիրաւորեցին զանիկա, ոչ ոք կրնայ բուժել այն վէրքը բացի քեզմէ: Քու շունչդ զեփիւռի պէս քաղցր է, եւ երբ քաղցրաբոյր շուրթերէդ սկսի փչել անուշ բուրումն, կը ծաւալի շուրջանակի. իբր թէ անուշահոտ իւղի սրուակի բերանը բացուէր, իսկ երբ շուրթերդ անշարժ դիրք մը առնուն, վարդի նախանձն կը յուզին. աղջիկ մ՚եմ, չեմ կարող նկարագրել, բանաստեղծ մը ըլլալու էի, որ ճիշտ քու պատ­կերդ ըսէի, եւ աղջիկ մը այսպիսի պատանի մը չպաշտէ, զո՞վ սիրէ… ինչպէս սիրտս կը բաբախէ: ( Պատուհանէն նայելով ) Ինչ կը տեսնեմ, Լեւոնն է… արդեօք կը սխալի՞մ: ( Աչ­քը սրբելով ) Նա ինքն է: ( Ասդիս անդին վազելով ) Զիս գրկելու կու գայ, հասի՛ր, Լեւոն… միս մինակ եմ… հասի՛ր անգամ մը փարիմ քեզի: ( Ցնորածի պէս ) Եկո՛ւր վարդագեղ այտերէդ սիրոյ պտուղներ քաղեմ ( Միշտ վազելով ):