Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Ը.

ՄԱՐԹԱ, ԹՈՎՄԱՍ, ի քուն


ՄԱՐԹԱ
, անկողնին մօտենալով

Պարոն… ըշշշ… պարոն… մեռելի պէս կը քնանայ… արթնցի՛ր:

ԹՈՎՄԱՍ

էո… էո…

ՄԱՐԹԱ

Սուրբ Աստուածածին… բերանը գինիի տակառ կը հոտի: ( Հրելով ) է՛հ… արթնցիր…:

ԹՈՎՄԱՍ

էո… էո…

ՄԱՐԹԱ

Աչքերդ բաց:

ԹՈՎՄԱՍ, քնոյ մէջէն

Դո՞ւն ես, Սոֆի:

ՄԱՐԹԱ

Ես եմ, Սոֆի, արթնցիր:

ԹՈՎՄԱՍ

Կը ցատկռտե՞ս:

ՄԱՐԹԱ

Ցատկռտելն ի՞նչ պիտի ըլլայ… այո՛, կը ցատկռտեմ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ցաւդ ի՞նչպէս եղաւ:

ՄԱՐԹԱ

Ցաւ… ցաւ… աղէկ է:

ԹՈՎՄԱՍ

Հարիւրին քանի՞:

ՄԱՐԹԱ

Աս ի՞նչ հարցումներ են… երկու հարիւր, պարոն, երկու հարիւր:

ԹՈՎՄԱՍ

Գինի, գինի, ուժ կու տաս ծերերու… կրնա՞մ ատել ես զքեզ…

ՄԱՐԹԱ

Արթնցիր, պարոն, արթնցիր:

ԹՈՎՄԱՍ

Թափառնիկոսը գնա՞ց:

ՄԱՐԹԱ

Հիմա գործը ստուգուեցաւ: ( Բարձրաձայն ) Պարոն, պի­տի արթննա՞ս:

ԹՈՎՄԱՍ, անկողնոյ մէջ նստելով

Ի՞նչ է, ի՞նչ կ՚ուզես, Սոֆի:

ՄԱՐԹԱ

Սրբէ աչքդ, տե՛ս թէ ո՛վ է դիմացինդ:

ԹՈՎՄԱՍ

Դու ո՞վ ես:

ՄԱՐԹԱ

Ով ըլլալս հիմա կ՚իմանաք. դուն իբրեւ մա՞րդ կը պտ­տիս աշխարհի վրայ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես:

ՄԱՐԹԱ

Ըսել կ՚ուզեմ թէ, պատիւդ չե՞ս պահեր, ասանկ…

ԹՈՎՄԱՍ

Ի՞նչ կ'ըլլայ եղեր, ամէն մարդ գինով կ՚ըլլայ. տասը տա­րին անգամ մը գինով ըլլալովս անպատիւներու կա՞րգը կը դասես զիս:

ՄԱՐԹԱ

Թէ որ ես դուն ըլլայի, աւելի մեռնիլ պիտի փափաքէի քան թէ ապրիլ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ատամնաբոյժը հոս էր… ինձի ալ ստիպեց որ խմեմ, թէ որ դուն ես ըլլայիր չպիտի՞ խմէիր:

ՄԱՐԹԱ

Առանց կարմրելու դեռ կը շարունակե՞ս այդ խօսքերը. ափսո՛ս, պարոն. յիրաւի, քեզ ճանչնալու պատիւն չունիմ, բայց կ՚ափսոսամ, կը խղճամ վրադ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ուրիշ անգամուն չպիտի խմեմ:

ՄԱՐԹԱ

Քու կինդ կը մատնէ քեզ եւ դուն չես իմանար. քու կինդ ուրիշ մէկը կը սիրէ, քու կինդ զքեզ իշու տեղ դրած է. հաս­կցա՞ր, քու կինդ ան տեսակ կնիկներէն է, որոնց պատմու­թիւնները շատ են. ականջներդ բաց, թէ որ ուզես մէկ հատը պատմեմ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ինչե՜ր կը լսեմ… սուտ են ըսածներդ. պատմէ տեսնեմ:

ՄԱՐԹԱ

Կնկան մէկը առաւօտուն կանուխ ելած շուկան գացած ժամանակը՝ բարեկամուհիներէն մէկուն կը հանդիպի, որն որ կը հարցնէ թէ ո՞ւր կ՚երթայ. կնիկը պատասխան կու տայ թէ էշ մը ծախու առնելու կ՚երթայ, որպէսզի տունը փատ ածուխ կրէ. խելքդ սիրեմ, կ՚ըսէ բարեկամուհին աճապարա­նօք, փոխանակ էշ ծախու առնելու, էրիկ մը առ` փատ ալ կը բերէ, ածուխ ալ, ես անանկ ըրի՛, հիմա շատ հանգիստ եմ ըսելով, բարեկամուհին կը հեռանայ, եւ կնիկը տունը կը դառ­նայ, եւ երեք ամսէն կը կարգուի, իր բարեկամուհւոյն խրա­տին անսալով: Ահա, պարոն, քու կինդ ալ աս տեսակէն է: Քեզի խարդախութեամբ գինովցուցեր է, եւ ինքը հիմա կը զբօսնու:

ԹՈՎՄԱՍ

Ակռան կը ցաւէր. եւ քու ըսածներդ հիմնովին զրպար­տութիւն են, ատամնաբոյժը հոս էր: