Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Ժ.

ՆՈՅՆՔ, ՄԱՐԹԱ, էրիկ մարդու հագուստով


ՄԱՐԹԱ
, արտորնօք գալով

Ահա պատրաստուեցայ:

ՄԱՐԳԱՐ

Աս ի՛նչ կերպարանք է, տիկին:

ՄԱՐԹԱ

Որովհետեւ մեր փեսացուն ես…

ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի

Աստուած չընէ…

ՄԱՐԹԱ

Քեզի ամէն բան կը յայտնեմ:

ՄԱՐԳԱՐ

Զրուցէ, վասնզի կը դողդղամ…

ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի

Ցրտէն:

ՄԱՐԳԱՐ

Արդեօք դժբախտութի՞ւն մը պիտի լսեմ. արդէն Երան­եակի տխրադէմ կենալը ինձի գուշակել կը տար… բայց… ի՞նչ պատահեցաւ:

ՄԱՐԹԱ

Ահա բարձրաձայն կ՚ըսեմ, Թափառնիկոսը Սոֆի անու­նով կին մը կը սիրէ:

ՄԱՐԳԱՐ

Կարելի՞ է որ…

ՄԱՐԹԱ

Կարելի է. եւ այս ժամուն անոր տունը կը գտնուի, մէկ երկու ժամէն պարահանդէս պիտի երթան. դիտմամբ այս կերպարանքն առի, որպէսզի չճանչցուիմ, ձեզի ալ կ՚աղաչեմ որ ընկերանաք ինձի:

ՄԱՐԳԱՐ

Անհաւատալի կը թուի որ…

ՄԱՐԹԱ

Հաւտացէք, շատոնց գիտէի սիրուհի մը ունենալ ը. բայց ո՞ւր եւ ո՞վ ըլլալը մինչեւ այսօր չէի իմացեր, ահա հիմա ամէն բան երեւան եկաւ, ժամանակ կորսնցնելու չգար: ( Նիկո կը մտնէ լապտեր մը բռնած ) Եւ դուն, Երանեակ, դուռը լաւ մը կղպէ, սենեակդ մտի՛ր, թէ որ կը վախնաս` դրացիին գնա, հոն նստէ մինչեւ որ դառնանք:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Չէ, մայրիկ, չեմ վախնար, հոս կը նստիմ, ես հիմակուան նորելուկ աղջիկներէն չեմ, որ մուկէն անգամ կը վախնան:

ՄԱՐԳԱՐ

Շատ ուրախ եմ, որ այսպիսի քաջասիրտ օրիորդի մը գլխուն պիտի դպցնեմ գլխուս:

ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի

Գլուխդ չորնայ: ( Կ՚երթայ ):

ՄԱՐԹԱ

Ապրի՜ս, աղջիկս…

ՄԱՐԳԱՐ

Շատ հեզ բնաւորութիւն ունի:

ՄԱՐԹԱ

Եւ ո՜վ կրթեց զինքը, եթէ ոչ իր մայրը, որ իր խիստ բնաւորութեամբը աղջիկը դաստիարակեց. կարգը հիմա հօրն եկաւ, անիկա ալ աղէկ մը կրթեմ, կանանց օրինակ ըլլամ, տեսնեն թէ կի՞ն մը աւելի զօրաւոր է, թէ էրիկ մը: Չէք կրնար երեւակայել, կատակերգութիւն պիտի խաղանք, կ՚ըսէ, երկ­րորդին մէջն ենք կ՚ըսէ, հիմա ալ ես պիտի սկսիմ երրորդ արարուածին. երթանք: ( Կ՚երթան ):

[ՎԵՐՋ Բ. ԱՐԱՐՈՒԱԾՈՅՆ]