Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Դ.

ՆՈՅՆ եւ ՄԱՐԳԱՐ, դռնէն կը մտնէ

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նի կ ոյին տամ որ տանի… Նիկո… Նիկո… Նիկո… Նիկո…

ՄԱՐԳԱՐ, յառաջ գալով

Ի՞նչ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ետեւը չնայելուն Նիկոն կարծելով

Առ սա նամակը… Ահ, դո՞ւք էք, պարոն Մարգար…

ՆԻԿՈ, մտնելով

Զի՞ս կանչեցիք, տէր…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ա՛ռ սա նամակը ու Սիրահարեալներու փողոցը տար:

ՆԻԿՈ

Սիրահարեալներու փողո՞… ո՞ւր է այ դ փողոցը…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տիկին Մարգրիտի տունը գիտե՞ս:

ՆԻԿՈ

Անիկա, որ առջի օրը հոս եկած էր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այո՛։

ՆԻԿՈ

Ակռան կը ցաւ է ր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինքը:

ՆԻԿՈ

Վերջ է ն ինձի ալ ստակ տուաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ճիշտ:

ՆԻԿՈ

Որուն դուն այտերը շոյեցիր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ կ՚ըսես, թշուառական:

ՆԻԿՈ

Սխալ տուն մը չերթանք, տէր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անոր գնա. քեզի տեղ մը ցոյց պիտի տայ, հոն ձգէ նա­մակը եւ շուտով եկուր:

ՆԻԿՈ

Աղէկ, տէր: ( Կ՚երթայ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

է՛հ, պարոն Մարգար, խ օ սէ՛ նայինք, ի՞նչ լուր ունիս… ազգային գործերը ի ՞ նչպէս կ՚երթան:

ՄԱՐԳԱՐ, մեկուսի

Ես որ իրեն հարսնիքի օր մը որոշելու համար եկայ, ինձի ազգային գործեր կը հարցնէ: ( Բարձր ) Շատ ցաւալի, պա­րոն… բայց ես կ՚ուզէի…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կ՚ըսեն թէ ժողովները օրինաւոր կերպով կը շարունակ­ուին…

ՄԱՐԳԱՐ

Այնպէս է… մենք մեր գործին…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Լսեցի թէ նիստերը կանոնաւոր կերպով կ՚ըլլան… իւ­րաքանչիւր անդամ իր աստիճանին յարմար տեղ կը նստի եղեր…

ՄԱՐԳԱՐ

Ես ալ անանկ լսեցի… ի՞նչ փոյթ մեզի, ինչպէս որ ուզեն թող նստին… ես եկայ որ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մենք հայ չե՞նք, մենք ալ գիտնալու ենք թէ ի՛նչ է ըրածնին:

ՄԱՐԳԱՐ

Ըրածնին ի՞նչ պիտի ըլլայ, ոչինչ: Ամէն օր նորընտիր ան­դամներ, նորածին խնդիրներ, նորատիպ հրաւէրներ, անհատնում հրաժարականներ, անթիւ մերժումներ, անսպառ քուէներ, միլիոնաւոր զերոներ, ահա ասոնք են… մեզի ի՛նչ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

է՜հ, ասկեց աւելի ի՞նչ կ՚ուզէիր որ ընեն, ըսել է որ կ՚աշխատին:

ՄԱՐԳԱՐ

Քանի որ շաբաթը գոնէ անգամ մը կանոնաւոր ժողովք չունինք…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչո՞ւ ուրեմն այս երեսփոխանները չեն գար, միթէ ազգը չե՞ն սիրեր:

ՄԱՐԳԱՐ

Չկրնար ըլլալ, որ ազգը չսիրեն, հարկաւ իրենք ալ պատճառ մ՚ունին:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կամ թէ ժողովուրդը չկրնա՞ր աղէկ ընտրութիւն ընել. լրագիրները ի՞նչ կ՚ըսեն:

ՄԱՐԳԱՐ

Ամէն բան կ՚ըսեն. Շար Մտածմանց անուն լրագիրը միշտ Պատրիարքարանի վրայ կը դարձընէ իր մտածութիւնը. եւ կը պոռա յ թէ մինչեւ որ ամսականաւ հմուտ անձինք չդրուին հոն` Սահմանադրութիւնը անգործադրելի պիտի մնայ: Ի պա­տասխանի այս մտածողութեան կ՚ըսեն` «Ստակ չկայ, ստակ չկայ». մինչդեռ ժողովուրդը ազգին բարելաւութեանը համար կը խոստանայ նպաստել: Մասիսն, իր բարձրակատար գագա­թէն սէր եւ միութիւն կը պոռայ, ափսոս, որ այս բառերը դեռ շատերուն ականջը մտած չեն: Երբեմն ալ ստորոտէն ձայն կ՚արձակէ, կարծելով թէ անկէ դիւրութեամբ կը լսուի, դար­ձեալ չօգտեր. մեծ մասը ունկնախից կ՚անցնին անոր առջեւէն: Ծաղիկն քաղցրաբոյր, որ ամառ ձմեռ կը բացուի, եւ որուն ամէն մէկ կոկոնը ազգին լուսաւորութեան հիւթ կը պարու­նակէ, փթթելուն պէս կը սկսի անուշ անուշ բուրել, թէպէտ եւ քաղցր եւ ազդու է իր հոտը, բայց մեր ազգին մէջ մտքի հար­բուխ շատ ըլլալուն պատճառով շատերը զուրկ են թէ իրմէ եւ թէ հոտէն: Ժամանակն ալ կ՚ըսէ, թէ ազգին յառաջադի­մութիւնը ժամանակէ կախում ունի, ինչ օգուտ որ ըսելը գոր­ծադրել չէ: Բ այց կ՚աղաչեմ, ես ազգային գործերու վրայ օ ք խօսելու չեկայ, մասնաւորապէս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չըսե՞ս որ հայութիւնը թշուառ կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր…

ՄԱՐԳԱՐ

Այնպէս է: Մինչդեռ լուսաւորեալ ազգերը ազգի ազգի հնարքներով զանազան մեքենաներ կը շինեն եւ անոնցմով կը կատարեն անասուններուն տեսնելու գործը, մենք, հայքս, անասուններու վերաբերեալ գործերն անգամ ( կ՚ամչնամ ըսելու ) մեր վրայ կ՚առնենք: Մեր պանդուխտ եղբայրները ըսել կ՚ուզեմ, որ, բեռնակրութեան անտանելի լուծին երկնցնելով իրենց վիզը, հազիւ կրնան իրենց օրական ապրուստը ճարել, փողոցի մէջ, քարերու վրայ, գիշերն ալ պանդոկներու մէջ, հեռու հայրենիքէն… զուրկ ընտանիքէն, եւ թերեւս ոմանք ալ բոլորովին յուսաբեկ հայրենիք դառնալէն, ահ ու դողով կ՚անցընեն իրենց ժամերը. այսպիսի գթաշարժ տեսարանի մ՚առջեւ ո՞ր հայն կրնայ անտարբեր հանդիսատես մնալ: Որով­հետեւ ազգին վիճակը իմանալ կ՚ուզես, բա՛ց ականջներդ, լսէ՛, խորհէ՛ եւ թո՛ղ աչքերէդ արտասուաց յորդառատ վտակ­ներ իջնան ծնօտդ ի վայր. անոնց համար կը խօսիմ, վասնզի Հայաստանի զաւակունք են եւ հայրենիքը իր ազա­տութեան յոյսը անոնց բազուկներուն վրայ դրած է, այն բա­զուկներուն` որք այսօր տկարանալու վրայ են եւ թերեւս օր մը բոլորովին ոչնչանան հայրենեաց յուսոյ հետ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Արդարեւ, իրաւացի են քո ւ խօսքերդ, պարոն Մարգար, եւ ինքզինքս երջանիկ կը համարիմ քեզի պէս ազգասէր փեսացու ունենալուս համար: Հապա չըսե՞ս ինձի թէ ինչ բանի կը ծառայէ Սահմանադրութիւնը:

ՄԱՐԳԱՐ

Սահմանադրութիւնը ծոյլ մարդու մը կը նմանի, որ եթէ ձեռքէն չբռնես, չքալեր, նստած տեղը կը մնայ, օր քան զօր կը տկարանայ եւ կը մեռնի: Աահմանադրութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել ինք իր գլխուն, ոտք չունի, որ քալէ, երեսփոխան­ները պէտք է զանիկա քալեցնեն, անոնց ալ մեծ մասը տա­րին անգամ մը միայն ժողովքին ներկա յ կը գտնուին. ահա այս­պէս է, պարոն Թափառնիկոս… բայց կ՚աղաչեմ, ուրիշ ան­գամուն թողունք այս խօսակցութիւնը: Քիչ մ՚առաջ եկած էի մեր հարսնիքի օր մը որոշելու համար ձեզի հետ խօսելու. շատ զբաղած էիք, հարկադրուեցայ երթալ, ուստի հիմա որ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Լաւ, որոշենք, բայց չգիտեմ թէ տիկինը պատրա՞ստ է:

ՄԱՐԳԱՐ, մեկուսի

Տիկինի՞ն հետ պիտի կարգ ու իմ ։ ( Բարձր ) Տիկինին հա­մար պատրաստուելու հարկ չկայ, բաւական է որ դուք հաւա­նութիւն տաք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Իրաւունք ունիք. տիկինին հետ ալ անգամ մը խորհր­դակցելու էք, վասնզի իրեն աղջիկն է. թէպէտ եւ կէսը իմս է, բայց մայրերը կ'ուզեն միշտ աղջիկներուն գործակատարը կանգնիլ:

ՄԱՐԳԱՐ

Զարմանալի բան, ուրեմն երթամ տիկինին հետ խօսելու:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վերջը կը տեսնուինք:

ՄԱՐԳԱՐ

Աղէկ ( Կ՚երթայ ):