ՏԵՍԻԼ
Ա.
Պարահանդէս.
մէկ
կողմ
նստած
երեք
հոգի
թուղթ
կը
խաղան,
անոնց
քով
չորս
հոգի
գինի
կը
խմեն,
դիմակաւորներ
աթոռներու
վրայ
նստած:
Վարագոյրը
բացուելուն
պէս
երաժշտութիւն:
Գինի
խմողները
կ՚երգեն.
Խմենք,
ընկերք,
տնկենք
պարպենք.
Տառապանք
ցաւ
մէկդի
նետենք,
Խնդանք,
զի
այս
պարահանդէս
Ուրախութեանց
է
ասպարէզ:
Վայրկենի
մը
երջանկութիւն
Կը
փարատէ
վիշտ
տրտմութիւն.
Այսպէս
ըսած
են
մեր
նախնիք,
Որք
անցուցին
կեանք
երջանիկ:
Ա.
Մանչուկ,
գինի
բեր:
Բ.
Օղի
ալ
բեր։
Գ.
Սուրճ
մը
բեր:
Ա.
Մեր
բարեկամը
միշտ
սուրճ
կը
խմէ,
առաւօտուն
կ՚ելնէ
սուրճ,
գիշերը
կը
պառկի
սուրճ,
ցերեկը
սուրճ.
ինչո՞ւ
օղի
չէք
խմեր.
սուրճը
կնիկներուն
առաջին
ըմպելիքն
է:
Գ.
Իրաւունք
ունիք:
Ա.
է՜հ,
բարեկամ.
զգայուն
սրտերու
գիտէ՞ք
ինչպէս
կ՚ազդէ
այս
օղին,
ուրախ
սրտերուն
առջեւ
դրախտ
կը
բանայ,
տխուրներուն
ալ
դիմացը
դժոխքը
կը
հանէ.
բացի
ասոնցմէ
մարդուս
օգտակար
է,
ինձի
համար
քնարին
թելերէն
աւելի
հաճելի
են
օղիի
գաւաթները,
առաւօտուն
կը
խմեմ
որպէսզի
սիրտս
ոգի
առնու,
ցերեկը
նախաճաշիկէն
առաջ
կը
խմեմ,
որ
ախորժակս
բացուի,
նախաճաշիկէն
վերջն
ալ
կը
խմեմ,
մարսողութեան
կ՚օգնէ.
իրիկուն
ըլլալուն
պէս
կը
խմեմ,
պառկելու
ատենս
ալ
կը
խմեմ,
շուտ
կը
քնացնէ:
Տեսակ
մը
հարուստներէն
չեմ,
որ
ունեցած
ստակովնին
տուներ
կը
շինեն,
պարտէզներ
ծախու
կ՚առնեն,
որոնց
ամէնն
ալ
աշխարհի
վրայ
պիտի
մնան,
ես
ունեցած
ստակովս
օղի
կ՚առնեմ
ու
կը
խմեմ,
աշխարհի
վրայ
բան
մը
չեմ
ձգեր,
ինչ
որ
ունիմ
ամէնքն
ալ
մէկտեղ
գերեզման
պիտի
տանիմ.
գերեզմանին
բերանը
մեծ
է,
ամէնն
ալ
մէջը
կ՚առնէ:
Մանչուկ,
գաւաթները
լեցուր
(
Մանչուկը
կը
լեցնէ
).
Խմենք,
կենդանութիւն
(
Կը
խմէ
):
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ
ՄԸ
Բարեւ,
պարոն:
Ա.
Բարի
եկար,
օրիորդ,
նստեցէք:
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ,
նստելով
Մեզ
խաբեցիր,
այնպէս
չէ՞.
առջի
գիշերը
թատրոնէն
ելած
ժամանակդ
խօսք
տուած
էիր,
որ
զիս
պիտի
գտնայիր:
Ա.
Ներեցէ՛ք,
ուրիշ
անգամուն
չեմ
խաբեր.
ի՞նչ
կը
հրամմէք…
ի՞նչ
կը
խմէք…
ի՞նչ
կ'ուզէք:
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ
Ձեզ
կ՚ուզէի.
մինչեւ
առտու
սպասեցինք
մօրս
հետ:
Ա.
Ի՞նչ
կը
խմէք:
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ
Օղի:
Ա.
Կեցցես,
օրիորդ.
(
Լեցնելով
),
հրամմեցէք:
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ
Շնորհակալ
եմ
(
Կը
խմէ
):
Ա.
Կ՚ուզէ՞ք
ինձի
հետ
պարել:
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐԸ
Բոլորով
սրտիւ:
(
Կը
պարեն
):