Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Ե.

ՆՈՅՆՔ եւ ՆԻԿՈ


ՆԻԿՈ
, սուրճը բերելով

Տէր…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, Մարկոսին

Ի ՞ նչպէս անցուցիր այս գիշեր:

ՄԱՐԿՈՍ

Ամենեւին աչքս չգոցեցի:

ՆԻԿՈ

Յայտնի է որ պարոնին աչքը կը ցաւի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մինչեւ որ սուրճս խմեմ, դուն նախապատրաստութիւն­ները լմնցու, Նիկո՛. պարոնին ակռան պիտի քաշենք:

ՆԻԿՈ

Այո՛, տէր իմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, սուրճը խմելով

Ուշադրութեամբ ըրէ՛ որ չվախնայ:

ՆԻԿՈ

Այո՛, տէր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նայէ որ բռնութիւնը ձեռք չառնենք:

ՆԻԿՈ

Այո՛:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անուշութեամբ լմնցուր:

ՆԻԿՈ

Շատ աղէկ: ( Կ՚երթայ սեղանին վրայէն չուան մը կ՚առնու ) Քովս եկուր, եղբայր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Քովը գնա:

ՆԻԿՈ, Մարկոսին ձեռները կապել կ՚ուզէ, որն որ չթողուր

Թող տուր որ կապեմ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ինչո՞ւ, եղբայր, ես խե՞նդ եմ. փառք Աստուծոյ, խելքս գլուխս է. ակռայի ցաւ ունիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հնազանդութիւն, պարոն. իմ բանեցուցած կերպերս թէպէտ եւ հիւանդներուն անհաճոյ կ՚երեւին, բայց վերջէն հա­ճութեամբ դուրս կ՚ելնեն. թող որ կապէ, թո՛ղ, թո՛ղ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ի՞նչ կ՚ըսէք, ես գո՞ղ եմ, աւազա՞կ եմ որ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես քու գիտցած բժիշկներէն չեմ. իմ արուեստս ինչ որ կը պահանջէ, կատարելու եմ. կ'իմանա՞ս, պարապ տեղը մի՛ բարկացներ զիս. թող տուր կապէ:

ՆԻԿՈ

Վերջէն պիտի զղջաս:

ՄԱՐԿՈՍ

Բայց…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, սեղանին վրայէն ատրճանակն առնելով Մարկոսին կ՚ուղղէ

Հնազանդութիւն:

ՄԱՐԿՈՍ

Թո, թո… թո թող կենայ…

ՆԻԿՈ, կապելով

Ինչո՞ւ խօսք մտիկ չէք ըներ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մի վախնար, իմ սովորութիւնս է, երբ մէկուն ակռան պիտի հանեմ, ձեռները կը կապեմ, անհոգ եղիր դուն. սեպէ ՛ թէ ակռադ ելաւ. հիմա իմ հարցումներուս պատասխան տո՛ւր. արեւելեա՞ն թէ արեւմտեան կողմը կը ցաւի:

ՄԱՐԿՈՍ

Ջաղա ՞ ցքը կը հարցնէք, պարոն հոս մօտ պարտէզին մէջն է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ատիկա իմ հարցմանս պատասխան չէ:

ՄԱՐԿՈՍ, Նիկոյին

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ:

ՆԻԿՈ

Միշտ ասանկ կը հարցնէ, պատասխանելու է…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վարի՞ յարկն է չէ նէ վերի:

ՄԱՐԿՈՍ

Վերի յարկը, պարոն, վերի յարկը, յիսուն դահեկան ամսականաւ վարձեր եմ. պզտիկ սենեակ մ՚է, ձմեռը շատ տաք կ՚ըլլայ, վասնզի թղթապատ է. կին մ՚ալ կայ հոն որ ան­կողինս կը շինէ եւ ինձի ծառայութիւններ կ՚ընէ, թէ որ կ՚ու­զէք, սենեակ մ՚ալ ձեզի համար վարձեմ, փողոցն ալ գէշ չէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չհասկցար իմ հարցումներս, բերնիդ ո՞ր կողմն է ցաւող ակռան:

ՄԱՐԿՈՍ, մատովը կը ցուցնէ աջ կողմը

Ահա, պարոն, սա կողմը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես ալ քեզի աս հարցուցի, եւ դուն ջաղացքին պարտէզի մէջ ըլլալն ըսիր: Վարի՞ շարքէն է ցաւող ակռան:

ՄԱՐԿՈՍ

Այո՛, այո՛, ահա ( Ցցունելով ), վարի շարքէն:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Եւ դուն բնակած սենեակիդ վերի յարկը թղթապատ եւ տաք ըլլալը ըսիր: Ես բերնին մէջ գտնուած տեղերուն եւ գոր­ծիքներուն մէյ մէկ անուն տուած եմ, եւ միշտ անանկ կը հարց­նեմ. կ՚ուզեմ որ ինձի եկող հիւանդներն ալ սորվին:

ՆԻԿՈ, ցած, առ Մարկոս

Ջանա որ սորվիս, ուրիշ անգամուն պէտք կ՚ըլլա յ:

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Ասիկա վարպետ մէկուն կը նմանի. ինչե՜ր կը հարցնէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Էհ, գործը լմնցաւ, ցաւող ակռային ուր ըլլալն ալ իմա­ցանք, հիմա զայն հանելու աշխատելու է. Նիկո, սա ատրճա­նակը ա՛ռ եւ պարոնին դէպի բերանը ուղղէ:

ՄԱՐԿՈՍ, վախնալով

Ի՞նչ կ'ըսէք, պարոն:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ամենափոքր շարժում մը ընելուն պէս պարպէ՛:

ՄԱՐԿՈՍ, թոթովելով

Թող կենայ, չեմ ուզեր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Լռէ՛. պիտի պարպէ:

ՄԱՐԿՈՍ, ապշած, շուարած, արձանի պէս կը կայնի անշարժ

Ով Աստուած իմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչչափ վախկոտ ես, ծօ տղա՛յ:

ՄԱՐԿՈՍ

Չէ… չէ… վախ… կոտ… չեմ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բերանդ բա՛ց… քիչ մ՚ալ բա՛ց, որ լոյսը ներս մտնէ, կրցածիդ չափ բա՛ց… սա պզտի փատը մէջտեղը դնեմ, որ չգոցուի. ( Կը դնէ ) հա՛. այսպէս կեցիր, ես ալ պատրաստ ու իմ որպէսզի դիւրութեամբ կարենամ գործել: ( Գիշերազգեստը, գլխարկը կը հանէ, շապիկին թեւերն վեր կ՚առնէ ) Ալ վախ պէտք չէ. սեպէ թէ ակռադ ելաւ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ըհ, ուհ… ըհ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, դիտակով Մարկոսին բերնին մէջը կը նայի

Չկրցի տեսնել: Նիկո, սա ճրագըս վառէ. ինչ անտեսա ն ելի ակռայ, նայինք ճրագով պիտի կարենա՞նք գտնել: ( Ճրա­գը Մարկոսին բերնին կը մօտեցնէ ):

ՄԱՐԿՈՍ, ետ ետ կ՚երթայ

Ա՜հ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նիկո, կապէ՛ ոտքերը:

ՆԻԿՈ

Կը հնազանդիմ, տէր: ( Կը կապէ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, աթոռի վրայ կ՚ելնէ

Ծունկ չոքէ, շուտ եղիր. ժամանակ չկորսնցնենք: ( Աք­ցանը բերնին մէջ կը խոթէ եւ կը սկսի քաշել ) Ա՜հ, փատը ին­կաւ:

ՄԱՐԿՈՍ

Ի՞նչ կ'ընէք, պարոն, լեզուս պիտի փրցնէք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մարդս կը սխալի երբեմն:

ՄԱՐԿՈՍ

Կ'աղաչեմ, թո՛ղ աքցանը եւ ուրիշ կերպով եթէ հնար է հանել, կատարէ՛, ապա թէ ոչ` ես պիտի երթամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տեսակ տեսակ գործիքներով յառաջ կը վարեմ արուեստս, հանդարտ եղիր, սեպէ՛ թէ ակռադ քաշուեցաւ: Իմ վարպե­տութիւններս Եւրոպայի բժիշկները կը զարմացնէ եւ ի ծի­ծաղ կը շարժէ զանոնք: Ինձի նայէ՛, բարեկա՛մ, մէկը կատար­եալ բժիշկ ըլլալու համար բաւական խելք ունենալու է. միայն բժշկութեան վկայականով չլմննար, ինչպէս որ վարդապետ մը սեւ վեղարով չկրնար կատարեալ վարդապետ ըսուիլ` թէ որ ուսմունք չունենայ. ասոնցմէ զատ ատամնաբոյժ մը շատ վարժած ըլլալու է որ…

ՆԻԿՈ

Ինքը շատ վարժած է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անհո՛գ եղիր դուն, թէպէտ եւ քիչ մը խստութեամբ խօսեցայ հետդ, բայց իմ արուեստս այնպէս կը պահանջէ. անու­շութեամբ չըլլար: Խստութեամբ սկսած գործին անուշութիւն կը յաջորդէ, ինչպէս որ անուշութեամբ սկսած գործին խստու­թիւն… ինչպէս որ փոթորիկէն վերջը խաղաղ հողմ… ինչպէս որ տրտմութենէ վերջը ուրախութիւն, ինչպէս որ… ինչպէս որ աղքատութենէ վերջը…

ՄԱՐԿՈՍ

Մո ՛ ւրողութիւն…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չէ, հարստութիւնը կը յաջորդէ: Կռնակիդ վրայ պառկէ՛, զաւակս, ես մինչեւ հիմա կրնայի քու բոլոր ակռաներդ քաշել, այլ ինչ ընեմ որ քիչ մը բարկացած եմ այսօր. պառկէ, տղաս, պառկէ. սեպէ թէ ակռադ ելաւ: ( Մարկոս կը պառկի, Թա­փառնիկոսը սեղանին վրայէն դերձան մ՚առնելով) Սա դեր­ձանը ակռայիդ պիտի կապեմ, կապելուս պէս լմնցաւ գործը. բա՛ց բերանդ… տեսայ… ահա կապեցի… անհոգ եղի՛ր… տեղէդ չերերաս… Նիկո, ատրճանակը շտկէ՛: (Մարկոսին առջեւը կը նստի եւ ոտները Մարկոսին ոտներուն կռթնած կը սկսի քաշել ) Կը ցաւի՞… համբե ՛ րէ… ինչ ընենք, հիմա պիտի ելլայ… թշուա՜ռ տղայ, ընկո՞ւզ կոտրեցիր, ինչ ըրիր, որ ասանկ… տէր ողորմեա… ասանկ ակռայ մը, որ տեղէն չշարժիր:

ՄԱՐԿՈՍ, պոռալով

Ահ, ուհ, բուֆ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նիկո, ատրճանակը մի՛ թողուր… համբերութիւն, տղաս… սեպէ՛ թէ ակռադ ելաւ: ( Քիչ մ՚ալ ուժով կը քաշէ դերձանը կը փրթի. ինքն ալ կռնըկի վրայ կ՚իյնայ ):

ՆԻԿՈ, տիրոջը վրան մաքրելով

Փոշի եղաւ վրադ:

ՄԱՐԿՈՍ, պառկած

Ա՛հ… ո՜ւհ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գիտեմ ես… բոլոր յանցանքը կնկանս է, որ զիս բար­կացուց: ( Ոտները գետին զարնելով ):

ՄԱՐԿՈՍ

Ո՛ւհ… բո՜ւֆ… ( Ոտք ելնել կը ջանայ ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչո՞ւ կ՚ելնես, պառկէ՛, տեղէդ մի՛ շարժիր, մ՚աճա­պարեր, ծունկ չոքէ՛ եւ սեպէ թէ ակռադ ելաւ։ ( Ուրիշ դեր­ձան մը կը հանէ, կը կապէ ցաւող ակռան ) Այս անգամ ալ թէ որ չյաջողիմ… ( Կը սկսի քաշել ) ահա ձայն մ՚առի, պիտի ելլայ…

ՄԱՐԿՈՍ

Ա՜հ, պարոն, թո՛ղ տուր ելնեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պապանձէ, ահա ելաւ… ահա… քիչ մ՚ալ համբերէ… ( Ուժով կը քաշէ ) Ա՛հ, վերջապէս յաջողեցայ… ( Ակռան Մար­կոսին տալով ) ա՛ռ ակռադ… ինձի Թափառնիկոս կ՚ըսեն… ինքզինքս գովելու համար չեմ ըսեր, բայց կը պարծենամ որ այս արուեստին մէջ ինէ յաջողակը չկայ: Թող Եւրոպայի մէջ ուսեալ բժիշկները պնդեն թէ իրենք շատ վարպետ են…

ՄԱՐԿՈՍ

Գիտէ՞ք, պարոն, որքան դժուար է այս ակռայի ցաւն քաշելը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գիտէ՞ք, պարոն, որքան դժուար է ակռայ քաշելը:

ՄԱՐԿՈՍ

Ողջ ըլլաք… բայց ցաւն փոխանակ մեղմանալու սաստ­կացաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Առջի բերան անանկ կ՚ըլլա յ:

ՆԻԿՈ

Անանկ կ՚ըլլա յ ամէնուն ալ:

ՄԱՐԿՈՍ, մատւըներովը ակռաները զննելով

Ցաւող ակռան հոս է, ահա տե՛ս, դուք սխալմամբ քովի ակռան քաշեր էք:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կոյր ըլլալու եմ, որ ատանկ բան մը ընեմ:

ՄԱՐԿՈՍ

Սխալած էք. է՛հ, պարոն ատամնաբոյժ, այս խաղը դեռ շատ երկար պիտի տեւէ՞

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կեցիր: ( Մատւըներովը կը քննէ ակռաները ) Իրաւունք ունիք… բայց ես դիտմամբ քովի ակռան քաշեցի:

ՄԱՐԿՈՍ, բարկութեամբ

Դիտմա ՞ մբ… դիտմա՞մբ, մեղք չէ՞ իմ ողջ ակռայիս որ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ի՞նչ ըսեմ, տղայ, դուն անմիտ ես… թէ որ այս ակռան չհանէի, միւսը շատ դժուարութեամբ պիտի կրնայինք քա­շել. չեմ յուսար որ այս խօսքիս չհամոզուելու չափ տխմար ըլլաս. կը հարցնեմ քեզի, միթէ կրնա՞ն ծառ մը խլել, թէ որ արմատը աղէկ չբանան, պատասխան տուր:

ՆԻԿՈ

Ըսածները ճշմարիտ են:

ՄԱՐԿՈՍ

Է՛հ, իմ բերանս պարտէ՞զ է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Իմ ըսածս նմանութիւն մ՚է: Ես քեզի չափ չե՞մ խորհիր, որ ցաւող ակռան մէկէն ի մէկ հանեմ, հա ՛, հա՛, հա՛:

ՆԻԿՈ

Ինքը աղէկ կը խորհի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես կ'ուզեմ, որ ընելիք գործս առաջուց մտածեմ, վերջը կատարեմ. կը հասկնա՞ս, ալ վախ չկայ, ասոր արմատը աղէկ բացուեցաւ:

ՆԻԿՈ

Ամէնուն ալ անանկ կ՚ընենք:

ՄԱՐԿՈՍ

Տակաւին պիտի խօսի՞ք, ինչ որ պիտի ընես ըրէ՛ լմն­ցո՛ւր, շուտ եղիր, շո՛ւտ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կամաց քալողը չյոգնիր, կ՚ըսէ առածը:

ՆԻԿՈ

Իրաւ է, ինքը բնաւ չյոգնիր:

ՄԱՐԿՈՍ, մեկուսի

Անգամ մը ոտքս դռնէն դուրս կոխեմ… ( Բարկութեամբ բարձրաձայն ) Շո՛ւտ եղիր, ես ձեր խաղալի՞քն եմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, որ սեղանին վրայէն շիշերը կը խառնէ իբր թէ բան մը կը փնտռէ

Փատը… փատը դիր բերանը. ապերա՛խտ, հոգւով մարմնով կ՚աշխատիմ քեզի ծառայութիւն մը ընելու եւ դուն կը յանդգնիս առանց ամչնալու ինձի դէմ խօսելու, կարծե­ցիր թէ քէնէ ստա՞կ պիտի առնեմ. ի՞նչ եղար, համբերէ քիչ մ՚ալ, ա՛ռ ակռադ գնա: