Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Թ.

ԵՐԱՆԵԱԿ, վերջը ՄԱՐԳԱՐ

ԵՐԱՆԵԱԿ

Այս գիշեր միս մինակ պիտի մնամ տան մէջ. այս առանձնութենէն օգուտ քաղելու է: Մէկը գտնեմ Լեւոնիկիս ղրկեմ, իմացնելով որ ամենայն դիւրութեամբ կրնայ հոս գալ ու հետս խօսակցիլ: Իւրաքանչիւր ոք իր գործին ելնելուն կը նայի. ես ալ ինչ ընեմ, այս աշխարհի վրայ ամէնը ամէնը մէկ սիրական մը ունիմ: Դեռ ամիս մը չեղաւ Փարիզէն դառնալը, այսքան ալ շուտ սիրտս գրաւեց… այնպէս որ Մարգարէն բոլորովին պաղեցայ. ի վերա յ այսր Փարիզի մէջ կրթուող երի­տասարդները սիրելու կերպն աղէկ կը սորվին: Պոլսեցինե­ր է ն շատ վարպետ են այս մասին. հարկաւ աղէկ պիտի սոր­վին, քանի որ հոն սիրելու արուեստ անունով գիրքեր կը տպուին:

ՄԱՐԳԱՐ

Դուն հոս մինա՜կ, Երանեակ:

ԵՐԱՆԵԱԿ, մեկուսի

Եկաւ: ( Բարձր ) Մինակ:

ՄԱՐԳԱՐ

Ի՞նչ ըրիր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ոչինչ։

ՄԱՐԳԱՐ

Ձեռքդ երկնցո՛ւր տեսնեմ, դուն այսքան աղմկոտ չէիր, ի՞նչ եղեր ես… ձեռքդ տո՛ւր նայիմ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ձեռքս աղտոտ է:

ՄԱՐԳԱՐ

Մօտ եկո՛ւր, համբոյր մը տպեմ երեսդ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Իմ երեսս տպարան չէ:

ՄԱՐԳԱՐ

Թերեւս աղջիկները աս տեսակ ծանր վարքով կ'ուզեն զիրենք սուղ ծախել… վնաս չունի… ո՜հ, Երանեակ, կը խն­դացնես զիս, դուն ծախուած ես, եկուր քովէ քով նստինք… այս գիշեր հոս պիտի մնամ, հարսնիքի օր մը պիտի որոշենք հօրդ հետ… բայց հայրդ ո՞ւր է…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Չգիտեմ: