Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Գ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վերջը ՆԻԿՈ


ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այս հասակին մէջ այսքա՜ն սէր, ալ հիմա կը համոզ­ուիմ, որ մէկը կարգուելու է կանանց ինչ աստիճան սիրավառ եւ նախանձոտ սիրտ մ՚ունենալնին հասկնալու համար: Երբ իւր ձեռքը պագի, այնպէս ուրախացաւ` իբր թէ աշխարհի թագուհի անուանուած ըլլար եւ…

ՆԻԿՈ, վազելով

Տէր, նամակ մը…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ո՞վ տուաւ:

ՆԻԿՈ

Մարդ չտուաւ, ես գտայ: Խոհանոցին մէջ աղտոտ աման­ները մաքրելու զբաղած էի, մէյ մ՚ալ ի՜նչ տեսնեմ, չոր, սեւ, դողդոջուն թոռմած ձեռք մը պատուհանէն վար կ՚երկննար, երկու մատներուն մէջ թուղթ մը բռնած. իսկոյն պահւըտե­ցայ, որպէսզի չտեսնուիմ, վարագուրին ծակ է ն կը նայէի… ո՜հ, ի ՜ նչպէս սիրտս կը զարնէ… եւ ահա նամակը ինկաւ, բայց անանկ գաղտնի տեղ մը ՝ որ եթէ հոն չըլլայի, անհնա­րին էր մէկու մը զայն տեսնել. ձեռքն սկսաւ կամաց կամաց վեր համբառնալ, վերջէն անյայտ եղաւ: Գացի թուղթը առի, խորհեցայ որ նամակ մը ըլլալու է, թերեւս մէջը գաղտնի գործ մը գրուած ըլլա յ. եւ ինչպէս որ կարդալ չեմ գիտեր, մակա­բերեցի թէ ասիկա քեզի համար կրնայ ըլլալ, առի բերի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շատ աղէկ: ( Նիկո կ՚երթայ ) Ուսկի՞ց կրնայ ըլլալ այս նամակը: ( Հասցէն կարդալով ) Առ օրիորդ Երանեակ Թափառ­նիկոսեանց: Ա՞ս ինչ պիտի ըլլայ. ( Կը բանայ նամակը, կը սկսի կարդալ ).

« Ա յս օրուան դէպքը զիս բոլորովին վհատեցուց, այնպէս որ ասկէ վերջը ձեր տանը մէջ ոտք չեմ կրնար կոխել… պատ­մութիւնը երկար է, առանձին գտնուած ժ ամանակնիս կը պատմեմ քեզի… հօրդ ատամնաբուժութիւնը».

Իմ ատամնաբուժութի՜ւնս. ( Կը շարունակէ ):

« Ո ւրիշ տեղ մը որոշենք տեսնուելու համար, քեզի համար հալ ու մաշ կ՚ըլլամ, շատ կը սիրեմ զքեզ, լեզուովս չեմ կրնար բացատրել »

Շատ կը սիրէ եղեր, շարունակենք:

«Ուր մնաց թէ գրչով: Նամակիս պատասխանը գրելու ո ր ըլլաս` տեղ մը իմացուր ինձի, որ հոն երթամ. հասցէն այս­պ է ս ըլլա յ.

Առ Հ. Գ. Կ. Լ ԵՒՈՆ.

Սիրահարեալներու փողոց, թիւ 20

Ալ հիմա բոլոր կասկածները փարատեցան. հապա ստո­րագրութի ՞ ւնը… ( Կարդալ ջանալով ) Տ…ա…ր…փ…ած… տարփած… տարփածող… տարփածուդ… Լե… լե… ւոն…

Քիչ մ՚առաջ եկող ու ակռայի ցաւ ունիմ ըսողն ըլլալու է աս… ուրիշ ցաւ ունի եղեր… Աղջկանս առանց բան մը իմացնելու սա նամակին պատասխանը գրեմ… ու զինքը հոս հրաւիրեմ, աղուորիկ մը ծեծեմ: Զիս խա ՜ բել… բայց Երան­եակին գիրին նմանեցնելու է… ժամանակ կորսնցունելու չգար… ( Կը գրէ ):

Տարփածուդ իմ Լեւոն Հ. Գ. Կ.

Նամակդ առի, շատ ուրախացայ: Ուստի ներկայիւս կ՚ի­մացնեմ, որ վաղը առաւօտ կանուխ եկուր, դուռը կը բանամ, կը նստինք կը խօսակցինք, երկար գրելու ժամանակ չունիմ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Առ Հ. Գ. Կ. Լ ԵՒՈՆ.

Սիրահարեալներու փողոց, թիւ 20