Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ ժ.

ՄԱՐԹԱ, ՄԱՐԳԱՐ, ՆԻԿՈ


ՄԱՐԳԱՐ

Տիկին, ձեր աղջիկը, բացակայութեանս միջոցին, իրեն սիրական մը գտած է. շատ ուրախ եմ, որ չկարգուած իմացայ, ուստի այս վայրկենէ տուած նշանս ետ կ՚առնեմ:

ՄԱՐԹԱ

Իրաւացի են քու խօսքերդ, պարոն Մարգար, բայց դուն ուշիմ ու հանճարեղ պատանի մ՚ես, կրնաս դիւրութեամբ գու­շակել, որ աղջիկ մը շատ անգամ նոր հագուստներու կը խաբուի: Այս Լեւոնը, որ Փարիզէն նոր դարձած է, ամէն օր նոր նոր հագուստներ կը հագնի, աղջիկս ալ… ի՞նչ ընէ խեղճը…

ՄԱՐԳԱՐ

Որովհետեւ ձեր դուստրը Լեւոնի կամ իր հագուստներուն սիրահարեալ է, պէտք է որ հետը կարգուի. ես նորասէր չեմ, մանաւանդ թէ հնասէր եմ, հին լաթերով կը պտըտիմ:

ՄԱՐԹԱ

Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ Լեւոնի հետ ամուսնանայ, քանի որ ձեզի հետ նշանուած է:

ՄԱՐԳԱՐ

է՛հ, ինչ կ՚ըլլայ նշանած ըլլալովը, կարծես թէ նշանը կարո՞ղ է երկու իրարմէ պաղ սրտեր տաքցնել. եւ միթէ պսա­կը կրնա՞յ երկու գլուխ մէկմէկու դպցնել, երբ անոնք իրարու դպած ատեննին բուռն զօրութեամբ կը մղուին: Տիկին, աղ­ջիկները մէյմէկ մագնիս են, որ մէկ ծայրէն կը քաշեն, միւ­սէն կը վանեն, երիտասարդներն ալ՝ ասեղ. ասեղին մէկ ծայրը կը մօտեցնեն մագնիսին. տեսար որ քաշեց, կը քաշէ յաւիտեան. իսկ թէ որ վանէ` միշտ կը վանէ. մենք ալ, ինչպէս որ կ՚երեւի, վանիչ կողմն հանդիպած ենք: Ինչո՞ւ իզուր աշխատիլ որ սիրուիմ:

ՄԱՐԹԱ

Առաջին անգամին համար, ամէն յանցանք ներելի են։

ՄԱՐԳԱՐ

Տիկին, ձեր աղջիկը ամէն օր կը գործէ եղեր այս յանցանքը. այսօր իր քովը գտնուեցայ, խօսիլ ուզեցի հետը. անիկա չէ թէ միայն խօսքերուս ականջ չէր կախեր, այլ նաեւ կարծես թէ երեսս տեսնել չէր ուզեր։