Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Ա.

Թովմաս թիկնաթոռի վրայ նստած. Սոֆի անկէ քիչ մը անդին աթոռի վրայ նստած, թաշկինակովը երեսը գոցած.

Կիրակոս դրան առջին նստած կը մրափէ.

ԹՈՎՄԱՍ

Ցաւը չմեղմացա՞ւ, տիկին:

ՍՈՖԻ

Չէ, սիրելի ամուսինս, մանաւանդ թէ երթալով կը սաստ­կանայ, թէ որ այսպէս շարունակէ, վախնամ որ աչքս բաց պիտի անցընեմ գիշերը…: Ինձի մի ՛ սպասեր, դուն գնա ան­կողինդ մտիր, պառկէ: ( Մեկուսի ) Կարծես թէ այս գիշեր դիտմամբ չպառկիր:

ԹՈՎՄԱՍ

Համբերելու է, ինչ ընենք. ես իմ բախտիս վրայ կու լամ: Երիտասարդութեանս ատեն իմ միակ փափաքս էր ուժով, առոյգ ու գեղանի կին մը ստանալ, չեղաւ… չեղաւ… չե­ղաւ… փափաքս ի դերեւ ելաւ: Քեզ սիրեցի, ամուսնացայ հետդ, այսօր ակռադ կը ցաւի… վաղը գլուխդ… միւս օրը աչքդ… մէկ շաբաթէն մազերդ…: Ինչ գիտնամ, ամէն ատեն ցաւ մը կը զգաս վրադ…: Ափսո՜ս, որ ծերութեանս ատեն խաղաղ կեանք չեմ կրնար վարել… ամէն օր ցաւ… ցաւ… ցաւ…: Պարոն ատամնաբոյժն ալ չերեւցաւ, արդեօք տունը չէ՞ր:

ՍՈՖԻ

Ո՞վ գիտէ: Բժիշկները զիրենք ծանր ծախելու կը ջանան, հիւանդը կը տանջուի կամ կը մեռնի, չէ իրենց փոյթ, բա­ւական է, որ իրենց աշխատութեան վարձը առնուն… ա՜հ… որքան ալ սաստկութեամբ կը ցաւի: ( Մեկուսի ) Որքան ալ սատանայութեամբ կը կեղծեմ:

ԹՈՎՄԱՍ

Ցաւը ո՞ր կողմն է, տիկին:

ՍՈՖԻ

Ձախ կողմն է, սիրելի ամուսինս… ինչո՞ւ պարապ տեղը նստած կը խորհիս, անկողինդ պատրաստ է, պառկէ:

ԹՈՎՄԱՍ

Պառկէ… պառկէ… ինչ աղուոր կը տրամաբանես… առանց քեզի անկողին մտնելը ինձի համար գերեզման իջնալ է. պիտի կրնա՞մ անհոգ քնանալ, երբ այսպէս կը տանջ­ուիս… քիչ մ՚ալ համբերէ տեսնենք, թէ որ Թափառնիկոսը չգայ, ուրիշ մը կանչել կու տանք:

ՍՈՖԻ

Պարոն Թափառնիկոսը որ ակռաներուս բնութիւնը գիտէ..

ԹՈՎՄԱՍ

Եթէ այդպէս է, անգամ մ՚ալ ղրկենք Կիրակոսը նայելու, թէ որ տունն է` առնէ գա յ : Հա… դուռն է: ( Դրսէն կը զար­նեն ) Դուռը կը զարնեն, Կիրակոս… Կիրակոս… Կիրակ…

ԿԻՐԱԿՈՍ, արթննալով

Ի՞նչ կայ… ի՞նչ…

ԹՈՎՄԱՍ

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, դուռն է, գնա բա՛ց: ( Կիրակոս կ՚եր­թայ ) Վերջապէս եկաւ: Աստուած տար, որ շուտով անցընէր սա ցաւը, մենք ալ ազատէինք: Գալուն պէս մէկէն ի մէկ քովդ մի՛ կանչեր, վասնզի բժիշկներուն սովորութիւնն է եկած ժամանակնին սուրճ մը խմել եւ…

ՍՈՖԻ

Գիտեմ այդ սովորութիւնը…

ԹՈՎՄԱՍ

Աղէկ մարդ է սա Թափառնիկոսը. Եւրոպայի մէջ ուսեալ բժիշկներու պէս շատ ստակ ալ չուզեր. ինչ որ տաս` կ՚ընդու­նի ու հազար շնորհակալութեամբ կը մեկնի… ահա կու գայ: