ՏԵՍԻԼ
Ը.
ՆՈՅՆՔ,
ՆԻԿՈ
ՆԻԿՈ
Ամէնքն
ալ
հոս
են…
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ա՜հ,
իմ
սիրուն
Լեւոնս…
ՆԻԿՈ
Կը
յիշե՞ս,
օրիորդ,
քիչ
մը
առաջ
ես
Լեւոնն
էի…
ի՛նչ
աղէկ
էր
Լեւոնութիւնը:
ԹՈՎՄԱՍ,
ցած
առ
Մարթա
Ի՞նչպէս
եղաւ
որ
աս
նամակը
իրենց
ձեռքը
կ՚անցնի։
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
ցած
առ
Սոֆի
Թէ
որ
այս
նամակը
չգողնայի՜ր:
ԼԵՒՈՆ,
ցած
առ
Երանեակ
Անգամ
մը
քեզի
հետ
ամուսնանամ:
ՄԱՐԹԱ,
ցած
առ
Թովմաս
Ի՞նչ
պիտի
ընենք:
ՍՈՖԻ,
ցած
առ
Թափառնիկոս
Տեսնենք
ի՛նչ
պիտի
որոշեն:
ԹՈՎՄԱՍ,
ցած
առ
Մարթա
Պատիւնիս
չարատելու
համար
անուշի
կապենք:
ՄԱՐԹԱ,
ցած
առ
Թովմաս
Ես
ալ
այն
պիտի
ըսէի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
ցած
առ
Սոֆի
Անուշութեամբ
լմնցնենք
սա
խաղը:
ԹՈՎՄԱՍ
Չէք
խօսիր…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ի՞նչ
պիտի
խօսիմ.
իմ
կինս
կը
սիրես:
ԹՈՎՄԱՍ
Հապա
դուն
որ
իմինս
կը
սիրես:
ՍՈՖԻ
Եւ
տիկինը,
որ
իմ
ամուսինս
կը
սիրէ:
ՄԱՐԹԱ
Եւ
դուն
որ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Դատի
ելլալու
ենք,
որպէսզի
իրաւունքը
երեւան
ելնէ:
ԹՈՎՄԱՍ
Անպատիւ
պիտի
ըլլանք
ամէննիս
ալ:
ՍՈՖԻ
Թող
ըլլանք,
իրաւունք
կ'ուզենք
մենք…
ՄԱՐԹԱ
Անամօթներ…
ի՞նչ
իրաւունք
ունիք
իրաւունք
ունենալու: