ՏԵՍԻԼ
Ե.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
ՆԻԿՈ,
ԵՐԱՆԵԱԿ
ՆԻԿՈ,
վազելով
Տարի,
տէր
իմ.
ըսին,
որ
ինքը
հոն
չէ
եւ
թէ
գալուն
պէս
պիտի
յանձնեն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Աղէկ։
ՆԻԿՈ
Ետ
դարձած
ժամանակս,
նոյն
փողոցին
մէջ
աղուորիկ
կին
մը
պատուհանը
նստեր
էր,
ձեռքովը
կանչեց
զիս,
ես
ալ
գացի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
մեկուսի
Սոֆին
ըլլալու
է:
ՆԻԿՈ
Կոտրտուելով,
բարակ
ձայնով
մը,
Թափառնիկոսի
ծառա՞ն
ես,
ըսաւ:
Ծառան
եմ,
ըսի:
Քեզի
յանձնարարութիւն
մը
պիտի
ընեմ,
կ՚ընդունի՞ս,
ըսաւ:
Կ՚ընդունիմ,
ըսի.
ինչպէս
ալ
գրաբառ
կ
ը
խօսի
սատանան.
ուրիշ
անգամուն
կանանց
քով
բառարանով
երթալու
է,
շատ
անգամ
անհասկնալի
խօսքեր
թող
կու
տան
բերաններէն:
Քչիկ
մը
սպասէ,
ըսաւ:
Սպասեմ,
ըսի.
պատուհանէն
աներեւութացաւ,
ես
ալ
արձանի
պէս
փողոցին
մէջ
դրան
առջին
կը
սպասէի:
Քանի
մը
վայրկեանէն
պատուհանէն
երեւցաւ
մեր
բարակաձայն
տիկինը,
ձեռքը
նամակ
մը
բռնած`
առ,
ըսաւ
ցած
ձայնով:
Առնեմ,
ըսի
բարձր
ձայնով:
Մի՛
պոռար,
ըսաւ,
տղաս
կը
քնանայ,
կ՚արթննա
յ.
Թափառնիկոսին
տար,
ըսաւ:
Տանիմ,
ըսի:
Ըսէ
որ,
ըսաւ,
ինձի
թող
գայ,
իրեն
խիստ
կարեւոր
խօսք
մը
ունիմ
ըսելու,
ըսաւ.
ահա
ես
ալ
ձեզի`
թո՛ղ
գայ
կարեւոր
խօսք
մը
պիտի
ըսէ,
կ՚ըսեմ
ըսելով
եկայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թշուառական,
խօսք
մը
հասկցնելու
համար
«
Ը
սեմ
»
բայը
ամբողջ
խոնարհեցիր:
ՆԻԿՈ
Ահա
նամակը
(
Կու
տայ,
կը
մեկնի
):
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Նախ
հասցէն
կարդանք:
«Առ
ՍԻՐԵՑԵԱԼԴ
ԻՄ
ՊԱՐՈՆ
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺՆ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ.
(
Նամակը
կը
բանայ
կը
սկսի
կարդալ
)
Պատիւ
ունիմ
ներկայիւս
քեզի
իմացնելու,
որ…
(
Այս
միջոցին
Երանեակը
կը
մտնէ,
Թափառնիկոս
չտեսնելով
զանիկա,
կարդալը
կը
շարունակէ
):
«Այս
գիշեր
մեր
տունը
գաս,
պարոն
Թովմասը
խաբենք
ու
պարահանդէս
երթանք,
շատ
բազմութիւն
պիտի
ըլլայ
հոն,
կ՚աղաչեմ,
մ՚ուշանար,
շատ
կը
սիրեմ
զքեզ,
գալուդ
պէս
գնդասեղով
մարմինէդ
արիւն
պիտի
հանեմ:
ՍՈՖԻ»
ԵՐԱՆԵԱԿ,
իւրովի
Ո՞վ
է
այս
Սոֆին…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Մարմինէս
արիւն
պիտի
հանէ,
հա՛,
հա՛,
հա՛,
շատ
սիրուն
էակ
մ՚է
սա
Սոֆին,
ի՞նչ
պզտտիկ
ոտք
ունի,
որքան
ալ
գեղանի
է,
սոխակի
պէս
կը
խօսի
թշուառականը,
տատրակի
պէս
կը
նայի
գարշելին,
սիրամարգի
նման
ալ
պճնասէր
է
սատանան,
ազնիւ
բնաւորութիւն
մը
ունի,
անոր
համար
կը
սիրիմ
զինքը,
եւ
պիտի
սիրեմ
յաւիտեան.
ըստ
իս,
բնութեան
գեղեցկութիւնը
դիմաց
գեղեցկութենէ
աւելի
պաշտելի
է.
կեցցես
Սոֆի…
կը
սիրեմ
զքեզ
(
Երանեակը
տեսնելով
աճապարանօք
կը
պահէ
նամակը
գրպանին
մէջ
):
ԵՐԱՆԵԱԿ
Զո՞վ
կը
սիրէք,
հայր
իմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Առանց
ինձի
հարցնելու
ինչո՞ւ
համար
ներս
կը
մտնես:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ես
հիմա
եկայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Նամակին
պարունակութիւնը
լսեցի՞ր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Չէ,
հայրիկ:
(
Մեկուսի
)
Կեղծենք։
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Առեւտրական
գործերու
վրայօք
տեղեկութիւն
կու
տայ:
ԵՐԱՆԵԱԿ,
մեկուսի
Սիրոյ
առուտուր:
(
Բարձր
)
Մտած
ատենս
մինակ
սա
չափը
լսեցի
«Կը
սիրեմ
զքեզ»:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Խելացի
տղայ
է,
կը
սիրեմ
զինքը…
միւս
խօսքերը
չլսեցի՞ր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Չէ՛,
հայրիկ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ապրիս,
աղջիկս,
վասնզի
աղջիկ
մը
պէտք
չէ,
որ
ամէն
տեսակ
խօսքերու
ունկնդիր
ըլլա
յ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Գիտէ՞ք,
հայրիկ,
առանձին
կ՚ուզէի
գտնալ
ձեզ,
որպէսզի
ձեզի
իմ
սիրտս
բանամ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Բա՛ց
նայիմ:
(
Մեկուսի
)
Կեղծենք:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Առաւօտուն
պատանի
մը
եկած
էր
հոս,
որ
ակռայի
ցաւ
ունէր:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Այո՛,
եկած
էր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ինչպէ՞ս
գտաք
այն
պարոնը:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Անիկա
ինքնիրեն
եկաւ:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Այսինքն
իր
վարքը,
դէմքը,
գեղեցկութիւնը,
խօսքը,
ոտքը.,.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պարկեշտ
տղու
մը
կը
նմանի:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Իմ
նշանածէս
աւելի
խոհեմ,
սիրուն,
աղուոր,
հագուստները
նոր,
սիրտը
զգայուն,
ոտքը
պզտիկ,
ձեռքը
փափուկ…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Չեմ
հասկնար,
ի՞նչ
ըսել
կ՚ուզես:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ըսել
կ՚ուզեմ,
թէ
այսպիսի
պատանի
մը
գտնուած
ատեն
ինչո՞ւ
իմ
սիրտս
Մարգարի
տամ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Մարգարի
յատկութիւնները
այն
պատանւոյն
հ
ագուստը,
ոտքը
կը
գերազանցեն,
Մարգարը
ազգասէր
է:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ը՛հ,
ազգասէր,
միշտ
պատռտած
հագուստներ
կը
հագնի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Խոնարհ
երիտասարդ
մ՚է:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ը՛հ,
խոնարհ,
միշտ
հին
լաթերով
կը
պտըտի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Խելացի
տղայ
մ՚է:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ը
՛հ,
խելացի,
նոր
հագուստ
մը
տեսած
չունիմ
վրան:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ի
բարկութիւն
մի
՛
հրապուր
ե
ր
զիս:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Ինչո՞ւ
բարկութեան
հրապուրեմ,
չէ՞ք
տեսներ,
միշտ
հին
լաթերով
կը
պտըտի:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
բարկութեամբ
Դուք
կանայք
նոր
լաթերը
ամուսիններէդ
աւելի
կը
սիրէք,
եւ
անոնց
քսակը
կը
պարպէք.
խելքս
չհասաւ
եւ
չպիտի
հասնի…
աս
ի՞նչ
շռայլութիւն
է…:
Դարուս
օրիորդները
աւելի
նորութիւններու
կը
սիրահարին
քան
թէ
երիտասարդներու,
եւ
երիտասարդութիւնը`
այն
ըղձալի
հասակը,
այս
անիծեալ
հագուստին
կը
զոհուի.
խեղճ
երիտասարդութիւն,
ի՛նչ
ժամանակի
հասար:
Մենք
Զատկին
նոր
հագուստ
մը
շինել
կու
տանք,
երկու
երեք
տարի
անով
կը
բաւականանանք,
տե՛ս
սա
գիշերուան
հագուստս,
Սահմանադրութեան
առաջին
տարեդարձին
առած
էի
եւ
դեռ
կը
հագնիմ,
բայց
դուք
նորաձեւութիւն
կ'ըսէք
հագուստ
կ՚առնէք,
հնաձեւութիւն
կ՚ըսէք
լաթ
կ՚ուզէք.
ամուսիններնիդ
չկենան
առնեն.
անկէ
վերջը
դաշտերու
վրայ
դրուած
զօրականներու
վրաններու
պէս
ահաւոր
Մալաքոֆ
ներու
մէջ
կը
մտնէք,
փողոցի
վրայ
անցորդները
կ՚արգելուք,
թէ՛
որ
մէկը
հագուստնիդ
ոտքովը
պատռէ,
ծուռ
ծուռ
կը
նայիք,
եւ
իրիկունը
ամուսիններնուդ
կ՚ըսէք,
մէկը
աւանակի
պէս
անցաւ,
հագուստս
պատռեց,
ստակ
տուր,
վաղը
ուրիշ
մը
առնեմ:
(
Կ՚երգէ
):
Կանայք
ասանկ
են,
Միշտ
նոր
լաթ
կ՚ուզեն,
Եւ
թէ
որ
չառնես`
Պզտիկ
տղու
պէս,
Որ
դեռ
ծծէ
կաթ,
Ես
լաթ
կ՚ուզեմ,
լաթ
Կ՚ըսեն
կը
պոռան,
Կու
լան
ու
կու
լան:
Առտուանց
կանուխ
կ՚ըսէ
լաթ
լաթ
լաթ,
Պառկելու
ատեն
պոռա
յ
լաթ
լաթ
լաթ:
Ամառը
կու
գայ
դարձեալ
լաթ
լաթ
լաթ.
Ձմեռ
կը
հասնի,
բայց
մ
իշտ
լաթ
լաթ
լաթ:
Դուն
ալ
հիմա
ելեր,
նշանածիդ
հագուստներուն
չես
հաւնիր:
Ես
գիտեմ,
յանցանքը
իմս
է,
քեզի
հետ
միշտ
անուշութեամբ
վարուեցայ,
եւ
իբրեւ
բարբարոս
հայր
մը
ամէն
մէկ
խօսքդ
ապտակով
չվարձատրեցի.
ուստի
ալ
ժամանակն
հասաւ,
պէտք
է
որ
քաղցրութիւնը
դառնութեան
փոխուի.
ահա
վերջին
խօսքս,
Մարգարը
պիտի
սիրես:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Անհնարին
է
ինձ
զայն
սիրել,
քանի
որ
անդին
լուսնոյ
պէս
երիտասարդ
մը
յափշտակեր
է
իմ
սէրս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ինչո՞ւ
յափշտակել
տուիր:
ԵՐԱՆԵԱԿ
Սրտիս
հարցուցէք,
ինձի
ի՞նչ
կը
հարցնէք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Շուտ
կորի
առջեւէս,
գնա՛,
սենեակդ
քաշուէ,
անզգամ
աղջիկ:
ԵՐԱՆԵԱԿ,
մեկուսի
Ինքը
որ
այս
հասակին
մէջ
ուրիշ
կանանց
կը
քծնի:
(
Բարձր
)
Մարգարի
հետ
չպիտի
կարգուիմ:
(
Կ՚երթայ
):