ՏԵՍԻԼ
Թ.
ՆՈՅՆՔ,
ՄԱՐԳԱՐ,
ԿԻՐԱԿՈՍ,
ՆԻԿՈ
ՄԱՐԹԱ
Ահա
նոյն
իսկ
ատամնաբոյժը
կը
սիրէ:
ԹՈՎՄԱՍ,
բարկութեամբ
Ատամնաբոյժը
կը
սիրէ՛,
կ՚ըսէք,
բոլորովին
անհիմն
խօսք.
թէ
որ
մէկն
ըսելու
ըլլար
որ
ես
ատամնաբոյժի
կինը
կը
սիրեմ,
քու
ըսածէդ
աւելի
հաւանական
էր:
ՄԱՐԹԱ
Պարոն,
գիտէ՞ք,
թէ
առանց
ստուգելու
կնկան
մը
պատիւն
արատելը
ի՛նչ
է:
ԹՈՎՄԱՍ
Ես
ինքն
ես,
եկեղեցպան
եղած
ժամանակս
հետը
սիրահարութիւն
կ՚ընէի.
անունն
ալ
Մարթա
էր,
նախանձոտ
բնաւորութիւն
մը
ունէր…
ՄԱՐԹԱ,
մեկուսի
Ո՜վ
Աստուած
իմ,
ի՜նչ
կը
լսեմ:
ՄԱՐԳԱՐ,
ցած
առ
Մարթա
Տիկին,
պատիւդ
պահելու
չաշխատի՞ս:
ԹՈՎՄԱՍ
Ինչո՞ւ
լռեցիր,
պարոն:
ՄԱՐԹԱ
Վասնզի
յանիրաւի
կը
զրպարտէք:
ԹՈՎՄԱՍ
Ես,
յանիրաւի՜,
աղէկ
կը
ճանչեմ
այն
Մարթան,
իր
երեսը
համբոյրներու
արտ
մ՚էր,
որուն
վրայ
եթէ
համրելու
ըլլամ,
հազարի
չափ
սերմանած
եմ:
Դուք
չէք
ճանչեր
զանիկա.
դէմքէն
պարկեշտ
կնիկ
մը
կ՚երեւի:
Իրեն
հետ
շատ
մը
սիրահարական
նամակներ
առած
տուած
եմ:
ՄԱՐԹԱ,
մեկուսի
Ո՞վ
կրնայ
ըլլալ:
ՄԱՐԳԱՐ,
ցած
առ
Մարթա
Տիկին,
որո՛ւ
է
ըսածը։
ՄԱՐԹԱ,
ցած
առ
Մարգար
Սուտ
է,
սուտ:
ԹՈՎՄԱՍ
Կիրակոս,
գնա՛
նայէ
տիկինը
միւս
սենեա՞կն
է:
(
Կիրակոս
կ՚երթայ
)
Չէք
խօսիր,
կարծեմ
ըրած
ամբաստանութիւններուդ
համար
զղջացար,
իմ
կինս
պարսաւել,
ո՞վ
գիտէ,
խեղճը
միւս
սենեակին
մէջ
կը
քնանա՞յ
թէ
արթուն
է:
ՄԱՐԳԱՐ,
գետնէն
նամակները
առնելով
վրան
կը
կարդայ
Այս
նամակը
հոս
ի՞նչ
գործ
ունի:
ԹՈՎՄԱՍ
Գրպանէս
ինկած
ըլլալու
է…
հասցէն
կարդա
տեսնենք:
ՄԱՐԳԱՐ
Չէ,
պարոն,
Թափառնիկոսի
գրպանէն
ինկած
ըլլալու
է,
հասցէն
անոր
համար
է:
ՄԱՐԹԱ
Կարդա
տեսնենք
պարունակութիւնը։
ՄԱՐԳԱՐ
Թերեւս
գաղտնիք
մը
ըլլայ:
ՄԱՐԹԱ
Կարդա՛:
ՄԱՐԳԱՐ,
կը
կարդայ
«Պատիւ
ունիմ
ներկայիւս
քեզի
իմացնելու,
որ
այս
գիշեր
մեր
տունը
գաս,
պարոն
Թովմասը
խաբենք…
ԹՈՎՄԱՍ
Պարոն
Թովմասը
խաբե՜նք,
շարունակէ՛…
ՄԱՐԳԱՐ,
կարդալով
«Ու
պարահանդէս
երթանք,
շատ
բազմութիւն
պիտի
ըլլայ
հոն,
կ՚աղաչեմ,
մ՚ուշանար,
շատ
կը
սիրեմ
զքեզ,
գալուդ
պէս
գնդասեղով
մարմինէդ
արիւն
պիտի
հանեմ:
ՍՈՖԻ»
ԿԻՐԱԿՈՍ,
մտնելով
Տիկինը
չկրցի
գտնալ:
ՄԱՐԹԱ
Ճշմարի՞տ
են
ըսածներս
թէ
զրպարտութիւն:
ԹՈՎՄԱՍ
Ի՜նչ
կը
լսեմ:
ՄԱՐԳԱՐ,
միւս
նամակին
հասցէն
կարդալով
Առ
օրիորդ
Երանեակ
Թափառնիկոսեանց
Ասիկա
կարդալու
ազատութիւն
ունիմ
(
Նամակը
կը
բանայ
կը
կարդայ
):
«Այս
օրուան
դէպքը
զիս
բոլորովին
վհատեցուց,
այնպէս
որ
ասկէ
վերջը
ձեր
տանը
մէջ
ոտք
չեմ
կրնար
կոխել,
պատմութիւնը
երկար
է,
առանձին
գտնուած
ժամանակնիս
կը
պատմեմ
քեզի…
հօրդ
ատամնաբուժութիւնը:
Ուրիշ
տեղ
մը
որոշենք
տեսնուելու
համար,
քեզի
համար
հալ
ու
մաշ
կ՚ըլլամ,
շատ
կը
սիրեմ
զքեզ,
լեզուովս
չեմ
կրնար
բացատրել,
ուր
մնաց
թէ
գրչով,
նամակիս
պատասխանը
գրելու
որ
ըլլաս,
տեղ
մը
իմացուր
ինձի,
որ
հոն
երթամ:
Հասցէն
այսպէս
ըլլայ».
Առ
Հ.
Գ.
Կ.
ԼԵՒՈՆ,
Սիրահարեալներու
փողոց,
թիւ
20.
Տարփածուդ
ԼԵՒՈՆ»
Աս
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ:
ՄԱՐԹԱ
Աղջիկն
ալ
գլուխ
վերուցեր
է:
ՄԱՐԳԱՐ
Լեւոնը
կը
սիրէ:
ԹՈՎՄԱՍ
Թափառնիկոսը
կը
սիրէ…
եւ
հիմա
պարահանդէս
են…
ես
անձամբ
պիտի
երթամ
զիրենք
գտնելու
ու
բանտարկելու:
Ներեցէք,
պարոն,
անգիտաբար
կարելի
է
որ
ձեզ
վշտացուցի.
ամէն
բանի
տեղեկացայ…
հիմա
բոլոր
պարահանդէսները
պիտի
մտնեմ,
ուր
որ
գտնեմ,
խայտառակեմ
պիտի
զիրենք,
բայց
այս
հագուստով
պիտի
ճանչնան
զիս,
կերպարանքս
փոխեմ…
Կիրակոս,
վարի
յարկը
խուցին
մէջ
հին
պատըռտած
վարտիք
մը
կայ.
առ
բեր.
տասը
տարիէ
ի
վեր
է
որ
հոն
կախուած
մնացեր
է:
(
Կիրակոս
կ՚երթայ
)
Վրաս
ալ
հին
հագուստ
մը
առնեմ.
թշուառականը
այս
հասակիս
մէջ
ինձի
թշնամութիւն
ընէ՜:
ՄԱՐԹԱ
Ես
ալ
պիտի
ընկերանամ
ձեզի:
ԹՈՎՄԱՍ
Շատ
աղէկ,
պարոն,
դիմակ
ալ
պէտք
է.
երթամ
երկու
երեք
հատ
դիմակ
բերեմ,
եւ
երթանք
(
Կ՚երթայ
):