ՏԵՍԻԼ
Զ.
ՆՈՅՆՔ,
ԹՈՎՄԱՍ
ԹՈՎՄԱՍ
Վերջապէ՛ս
ձեռք
բերի
զինքը,
բարեւ,
պարոն:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
աթոռէն
ելնելով
Հրամմեցէք
պարոն,
Թովմաս…
այսքան
կանուխ…
երէկ
գիշեր
աղուոր
զուարճացանք,
բաւական
գինի
խմեցինք…
ես
ալ
հիմա
արթնցայ…
գիշերուան
հագուստովս
կը
նստիմ:
(
Մեկուսի
)
Կեղծենք:
ԹՈՎՄԱՍ
Ձեզի
հետ
խօսելու
եկայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Կրնաք
խօսիլ…
բայց
առաջուց
ըսէք
ինձի,
տիկինին
ցաւը
ինչպէ՞ս
եղաւ:
ԹՈՎՄԱՍ
Շատ
հանգիստ
է,
ձեզի
ալ
բարեւ
ըրաւ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ողջ
ըլլայ,
խեղճը
ո՛րքան
կը
տանջուէր:
ԹՈՎՄԱՍ
Ձեզի
քանի
մը
խօսք
պիտի
զրուցեմ,
բայց
մի
սրդողիք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Սրդողի՞լն
ինչ
ըսել
է.
հրամմեցէք
խօսեցէք…
սուրճ
մը
բեր,
Նիկո:
ԹՈՎՄԱՍ
Դուն
սրիկային
մէկն
ես…
դուն
անառակին
մէկն
ես…
դուն
սինլքորին
մէկն
ես…
դուն
բարբարոսին
մէկն
ես…
դուն
խարդախ
մէկն
ես…
վերջապէս
մարդու
կերպարանքով
իշուն
մէկն
ես…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ո՞վ
ըսաւ:
ԹՈՎՄԱՍ,
պոռալով
Ո՞վ
կարծեցիր
զիս…
կինս
առնես
պարահանդէս
տանի՜ս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Հիւանդ
էր,
օդափոխութեան
համար
տարի:
ԹՈՎՄԱՍ
Զիս
կը
խաբէք,
սրիկաներ,
աշխարհի
առջեւ
քեզ
իբրեւ
սրիկա
մէկը
ներկայացնելէն
ետքը
վրէժ
ալ
պիտի
լուծեմ: