Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Գ.

ՆՈՅՆՔ, ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ՍՈՖԻ. դիմակներով


ՍՈՖԻ

Հիմա հանգիստ ես քիչ մը. այնպէս չէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այո՛, այո՛, կերածներս դուրս հանեցի, խմածներս ալ մէկտեղ, միայն թէ գլխու ցաւ ունիմ… եւ ոտներս որ… չեն ուզեր քալել, թէ որ պարոն Թովմասն ալ ինձի պէս եղած է, արթնցած պիտի ըլլայ եւ մեզ փնտռելու ետեւէ է:

ՍՈՖԻ

Ըհ, մի յուսար, մինչեւ առտու մեռելի պէս կը քնանայ. այդ կողմէն ապահով եղիր, բայց…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ուրեմն մենք մեր զբօսման նայինք: Մանչո՛ւկ, մանչո՛ւկ, անուշեղէն բեր:

ՍՈՖԻ

Ա՛հ, ճամբան որքան նեղութիւն տուիր ինձի, գիտե՞ս. պատէ ի պատ զարնուելով, իյնալով, ելնելով, վերջն ալ դրան մը առջեւն նստար. պատուհանէն մէկն սկսաւ պոռալ ինձի, ըսելով թէ «Ընկերդ ինչո՞ւ գինիի տակառէն դուրս հանեցիր»: Ամօթէս կաս կարմիր կտրուեցայ. փառք Աստուծոյ, որ դիմա­կէս յայտնի չեղաւ, մինչեւ հիմա ասանկ փորձանքի հանդի­պած չէի:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Վնաս չունի. փառք տուր Աստուծոյ, որ ողջ առողջ հոս կը գտնուինք հիմա:

ՍՈՖԻ

Հոս կը գտնուինք, բայց ես կասկածի մէջ եմ տակաւին. տնէն դուրս ելած ժամանակնիս այնքան պոռացիր, որ Կիրա­կոսը արթնցաւ ու մեր գտնուած սենեակը եկաւ… թէ որ ամու­սինս արթնցնէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ամուսինդ ինչո՞ւ պիտի արթնցնէ:

ՍՈՖԻ

Պարահանդէս, պարահանդէս կը պոռայիր բարձր ձայ­նով, հասկնալով, որ պարահանդէս գացինք, պիտի իմանայ մեր խարդախութիւնը եւ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պիտի կարծէ, թէ ես կ՚արգիլէի քեզի պարահանդէս եր­թալը եւ քնացած պիտի ըլլայ. մէկդի ըրէ այդ խորհուրդները, մեր զուարճութեանը նայինք. անուշեղէնդ կեր, անուշիկս:

ԼԵՒՈՆ

Սա կնիկներէն մէկը պարելու հրաւիրեմ: ( Կ՚երթայ Սո­ֆիին կ՚երկնցնէ ձեռքը, Թափառնիկոս կ՚ելնէ, որուն հետ կը պարեն ):

Ա.

Ես ալ սա կնկան հետ պարեմ: ( Կ՚երթայ Սոֆին կ՚առնէ կը պարեն ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, պարած ատեն իյնալով

Ա՜հ, ոտքս ցաւցուցի:

ԼԵՒՈՆ

Ներեցէք, տիկին ձեզի վար ձգելուս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բան մը չէ, պարոն… ( Սոֆին փնտռելով ) բայց Սոֆին ո՞ւր գացեր է, ի՛նչ… ուրիշի մը հետ կը պարէ… ուրիշի վի­զը պլլուած… ուրիշի մէջքէն բռնած… ուրիշի հետ գլուխ գլխի տուած… ըլլալո՞ւ բան է, տես, ես որ իրեն համար կը մեռ­նիմ… ուրիշի հետ կը խաղայ. զիս ի նախանձ կը հրապուրէ… կանայք նախանձորդ են… ես չեմ նախանձիր, բայց ինչո՞ւ ուրիշի հետ կը խաղայ, ասիկա նախանձել չէ, զինքը հոգալ է։

ՍՈՖԻ

Ուֆ… յոգնեցայ…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Կեցցես, Սոֆի. զիս կը թողուս եւ ուրիշի հետ կը պարես:

ՍՈՖԻ

Այնպէս բարկութեամբ կը խօսիս. իբր թէ պարելը սիրել ըլլար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես չեմ ուզեր տեսնել քեզ, ուրիշի… վիզը պլլուած…: Մանչուկ, մանչուկ, գինի՛ բեր: ( Նարտ խաղացողները կը սկսեն կռուիլ ):

Ա.

Պարոն, հրամայէ, գինիները բերին:

Բ.

Կարգը քուկդ է:

Ա.

Խաղի մէջ կարգ կ՚ըլլա՞յ, կորսնցնողը կը վճարէ. ընդ­հանուր սովորութիւն մ՚է:

Բ.

Փարիզի՞ սովորութիւնն է աս:

Ա.

Պիտի ստիպես զիս որ…

Բ.

Շատախօսութիւն պէտք չէ: ( Կը սկսին կռուիլ ):

Ա.

Ինձի շատախօս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, մօտենալով

Պարոնայք, մի՛ կռուիք, ամօթ է, հայութեան պատիւն պահելու կը պարտաւորինք, ուր որ ալ ըլլանք. աստեղ պարահանդէս է, ամէն ազգէ մարդ կայ… չէ՞ք ամչնար, պարա­հանդէսը ամէն ազգերու պատուոյն արուեստահանդէսն է… հաշտուեցէք:

Ա.

Դուն մեր գործին մի՛ խառնուիր:

Բ.

Դուն գնա սիրուհւոյդ քովը նստէ, զինքը համոզելու աշ­խատէ, եւ ծառայութեան պատիւն պահէ՛ :

Ա.

Պարահանդէսի մէջ կրթութիւն տալու ելեր է:

Բ.

Դուն քու սիրուհիդ կրթէ՛:

Ա.

Դուն քու պատիւդ պաշտպանէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես…

Բ.

Սիրուհւոյդ պատիւը պաշտպանէ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես…

Ա.

Տեղդ նստէ՛ դուն…

Բ.

Անխելք մարդ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես որ…

Ա.

Անպիտան մարդ…

Բ.

Քու կարծիքդ քեզի:

Ա.

Դուն ալ սիրուհւոյդ:

Բ.

Անամօթ…

Ա.

Սրիկայ… ստակները տո՛ւր, պարոն, վերջը գէշի պիտի երթայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ես ալ ձեզի մարդ կարծեցի:

Ա.

Կորի սըկէ, անպիտան մարդ: ( Կը հրէ Թափառնիկոսն, որն որ գլտորելով կ՚իյնայ ): Ստակները պիտի տա՞ս:

Բ.

Բարեկամ, ստակ չունիմ, ( Վազելով պարահանդէսէն կ՚ելնեն, Լեւոնն ալ կը մեկնի ):