Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Գ.

ՆՈՅՆ եւ ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ գիշերազգեստով

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Թի րա րա, բարեւ, անուշիկս:

ՄԱՐԹԱ, մեկուսի

Անուշիկը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչո՞ւ համար առանձին նստեր ես, նոնոշիկս:

ՄԱՐԹԱ, բարկութեամբ

Չեմ գիտեր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տիկինը այսօր բարկացած է, հա՛ հա՛ հա՛, ծերուկ տիկին:

ՄԱՐԹԱ, բարկութեամբ

Ծերուկ տիկին, եւ կը յանդգնի՞ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Չյանդգնելու ի՞նչ կայ:

ՄԱՐԹԱ

Կ'ուզե՞ս որ բերանս բանամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բա՛ց, որ հով առնես:

ՄԱՐԹԱ

Երկուշաբթի գիշեր ո՞ւր էիր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Հիւանդ նայելու գացեր էի:

ՄԱՐԹԱ

Երեքշաբթի՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Մէկուն ակռան քաշելու:

ՄԱՐԹԱ

Չորեքշաբթի՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ակռայ լցնելու:

ՄԱՐԹԱ

Հինգշաբթի՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ակռայ պարպելու, հա՛ հա՛ հա՛, մեր տիկինը օրացոյց է. շաբթուան բոլոր օրերը անսխալ կը ցցունէ:

ՄԱՐԹԱ

Այո՛, պարոն, օրացոյց մ՚եմ, եւ այնպիսի օրացոյց մը, որ մինչեւ վերջին շունչդ չպիտի փոխես: Երէկ գիշեր ո՞ւր էիր, ո՞ւր կորսուած էիր, ո՞ր ծակը մտած էիր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երէկ գիշեր կորսուած չէի, թատրոն մտած էի, ուր ազ­գային ներկայացում մը տուին: Հայ եղողը պէտք է ազգային հանդէսներուն ներկայ գտնուի:

ՄԱՐԹԱ

Առանց ինձի թատրո՞ն կ՚երթաս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Թատրոնը ծերերու համար չէ:

ՄԱՐԹԱ

Հապա ձեզի համար, երթալ անկէ վարպետութիւններ սորվիլ. եւ ետքը ձեր կիները խաբել, վասնզի դուք միայն խաբելու եւ խնդալու կտորներու ուշ կը դնէք, ոչ թէ ամբողջ խաղին` որ լի է բարոյականութեամբ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն ի՞նչ կը ծախես:

ՄԱՐԹԱ

Ես ի՜նչ կը ծախեմ, սրիկայ. դուն իմ ստակովս մարդ եղար, համբաւ ստացար, հիմա զիս միս մինակ թողլով, գլուխդ կ՚առնես թատրոն կ'երթաս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ուրիշ անգամուն գլուխս քեզի կը ձգեմ անանկ կ՚երթամ:

ՄԱՐԹԱ

Կը ծաղրե՞ս զիս, խայտառակ, իմ ստակովս մարդ եղար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Անցեալ օր աղուոր երգ մը լսեցի, մտիկ ըրէ, երգեմ նայէ ինչպէս պիտի հաւնիս: ( Կ՚երգէ ):

Ստակով կնիկ մ՚առներ—
—Իշխել կ՚ուզէ վրադ
Առտու, ցերեկ, գիշեր—
—Ապտակ կու տայ բադ, բադ:
Ո՜հ գէշ ատեն—
—Անշահ բան
Իրաւ շատ—
—Անպիտան:

ՄԱՐԹԱ

Մտիկ ըրէ, երկրորդ տունն ալ ես երգեմ, նայէ ինչ աղ­ուոր է: ( Կ՚երգէ ):

Առանց ստակի կնիկ—

—Թէ որ առնել ուզես`

Ծախես բաճկոն շապիկ—

—Որ զինք սնուցանես:

Գէշ ատեն, եւ այլն:

Առանց ինձի թատրոն կ'երթաս, այնպէս չէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այնպէս է:

ՄԱՐԹԱ

Պարոն, քեզի բան մը հարցնեմ, գիտե՞ս թէ ինչ է կին մը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Այո, գիտեմ. կին մը իր ամուսնոյն գլխուն փորձանք է:

ՄԱՐԹԱ

Լեզուդ չորնայ, ի՜նչպէս ալ առանց կարմրելու կը հա­մարձակիս ըսելու թէ փորձանք է, մինչդեռ բոլոր աշխարհ կը վկայէ որ դուն իմ ստակովս մարդ եղար: Պատասխան տո՛ւր, նայիմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տամ:

ՄԱՐԹԱ

Պապանձէ՛:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պապանձիմ:

ՄԱՐԹԱ

Բերանդ գոցուի, զրուցէ՛, գերի՞ առիր զիս այս տանը մէջ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինչո՞ւ գերի պիտի ըլլաս. կին մը տան մէջ կահ կա­րասիք կը սեպուի:

ՄԱՐԹԱ

Կահ կարասիք. տեսէք ի՜նչ պաղարեամբ պատասխան կու տայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

էրիկ մարդիկ պաղարիւն են, կնիկները տաքարիւն կ՚ըլլան. ( Մեկուսի ) ամառը:

ՄԱՐԹԱ

Անօրէն մարդ, ըրածիդ կը հաւնի՞ս, ամուսնութեան մէջ միշտ վէճ, կռիւ կը վայլէ՞:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Առանց կռուոյ ամուսնութիւնը անլի կերակուրի կը նման­ցնեն խոհարարները:

ՄԱՐԹԱ

Աղջիկ զաւակ ունիս, պէտք չէ՞ որ խնամք ունենաս վրան, հոգաս եւ կառավարես զինքը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Աստուած մարդս ազատ ինքնիշխան ստեղծեց. աղջիկս անձին տէրն է, կրնայ զինքը կառավարել. ես Աստուծոյ դէմ չեմ մեղանչեր:

ՄԱՐԹԱ

Գիտցիր որ այդ խօսքերը մահուանս պատճառ պիտի ըլլան. ասանկ կեանք անցունել չըլլար. ես ապրիլ կ՚ուզեմ, մանաւանդ շատ ապրիլ։

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ինձի ի՞նչ կ՚ըսես, Արուեստ երկայնակեցութեան կարդա:

ՄԱՐԹԱ

Լռէ՛, անգութ. ափսոս որ ինձի պէս պարկեշտ կին մ՚ունիս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Քու տարիքիդ մէջ կանայք պարկեշտ ըլլալու են:

ՄԱՐԹԱ

Ալ բաւ է, պիտի լռե՞ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն ալ լռէ:

ՄԱՐԹԱ

Ամուսնութեան կապը կամաց կամաց թուլնալ սկսաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Տաքէն անանկ կ՚ըլլայ:

ՄԱՐԹԱ

Բոլորովին պիտի քակուի, գիտե՞ս:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Զանիկա կապողը պինդ կապեր է. չքակուիր, քահանա­ներուն կապածը աշխարհականները չեն կարող քակել:

ՄԱՐԹԱ

Ես կը քակեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գէշ չըլլար:

ՄԱՐԹԱ

Բոլոր լրագիրներու մէջ հրատարակել պիտի տամ թէ ( Բարձրաձայն ) Թափառնիկոս իր կինը թողուց:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շատ աղէկ խորհեր ես. ասով բարութիւն մը ըրած կ՚ըլլանք, թէ որ մեզի պէս ուրիշ կռուող ամուսիններ ալ գտնուին, անոնց օրինակ կ՚ըլլանք, թող անոնք ալ բաժնուին: Ասով լրագրապետներն ալ կը վաստկին. թո՛ղ վաստկին, ինչու որ անոնք ազգին եւ ընդհանուր մարդկութեան յառաջա­դիմութեան համար կ՚աշխատին. գրել տո՛ւր, ծանուցման մէկ տողը երեք դահեկան է:

ՄԱՐԹԱ

Ինչպէս որ կ'երեւի դուն չես ամչնար:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Փառք Աստուծոյ, ամչնալու ի՛նչ կայ որ…

ՄԱՐԹԱ

Երբ ըսեն թէ Թափառնիկոս իր կինը թողեր է:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Պիտի ըսեն թէ պատերազմէն ողջ դարձեր է:

ՄԱՐԹԱ

Շատ աղէկ, մնաք բարով:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երթաք բարով:

ՄԱՐԹԱ

Ապրիս…

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Դուն ալ ապրէ:

ՄԱՐԹԱ

Ուրեմն մնաք բարով:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երթաք բարով:

ՄԱՐԹԱ

Վերջինն է որ կ՚ըսեմ, աղէկ խորհէ եւ անանկ պատաս­խանէ. մը… նաք… բա… րր…ո…վ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Երթաք բարրր… ով…

ՄԱՐԹԱ

Քեզի դէմ դատ պիտի բանամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Բա՛ց:

ՄԱՐԹԱ

Տանդ դռները պիտի գոցեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գոցէ՛:

ՄԱՐԹԱ

Ընդհանուր ժողովքը պիտի ելնեմ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ելի՛ր։

ՄԱՐԹԱ

Վերջէն Թաղական պիտի իջնամ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Իջի՛ր:

ՄԱՐԹԱ

Վերջը կը տեսնուինք: ( Կ՚երթայ ):