ՏԵՍԻԼ 
    
     է.
   
  
      
       ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, 
      
       ՄԱՐԿՈՍ, 
      
       ՆԻԿՈ
   
  
      
       ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
   
  
    
     Մօտ 
    
     եկո՛ւր, 
    
     երկու 
    
     ժամէ 
    
     ի 
    
     վեր 
    
     քեզի 
    
     համար 
    
     դեղ 
    
     կը 
    
     փնտռէի, 
    
     ահա 
    
     գտայ: 
    
     (
      
       Շիշ 
      
       մը 
      
       տալով
    
     ) 
    
     Ա՛ռ 
    
     ասիկա, 
    
     բամպակի 
    
     վրայ 
    
     քանի 
    
     մը 
    
     շիթ 
    
     կաթեցուր, 
    
     օրը 
    
     ութն 
    
     անգամ 
    
     ցաւող 
    
     ակռային 
    
     վրայ 
    
     դի՛ր, 
    
     քանի 
    
     մը 
    
     օր 
    
     ասիկա 
    
     ըրէ, 
    
     տեսար 
    
     որ 
    
     ցաւը 
    
     կ՚աւելնա
     
      յ 
    
     ինձի 
    
     եկուր, 
    
     սեպէ՛ 
    
     թէ 
    
     բժշկուեցար: 
    
     (
      
       Մարկոս 
      
       գլուխը 
      
       կը 
      
       շարժէ, 
      
       իմացնելով 
      
       որ 
      
       հասկցաւ
    
     ): 
    
     Կայնէ 
    
     հիմա, 
    
     բերնէդ 
    
     հանեմ 
    
     սա 
    
     փատը: 
    
     Նիկո՛, 
    
     ոտները, 
    
     ձեռները 
    
     քակէ. 
    
     (
      
       Նիկո 
      
       կը 
      
       քակէ
    
     ) 
    
     հասկցա՞ր, 
    
     տղաս, 
    
     կարծեմ 
    
     թէ 
    
     առանց 
    
     քաշելու 
    
     այդ 
    
     ցաւող 
    
     ակռան 
    
     պիտի 
    
     բուժիս:
   
  
      
       ՄԱՐԿՈՍ, 
      
       սեղանին 
      
       մօտենալով 
      
       ատրճանակը 
      
       կ՚առնէ
   
  
    
     Պատասխան 
    
     տո՛ւր 
    
     հարցումներուս, 
    
     արեւելեա՞ն 
    
     է 
    
     թէ 
    
     արեւմտեան:
   
  
      
       ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
   
  
    
     Ա՞ս 
    
     ինչ 
    
     պիտի 
    
     ըլլայ:
   
  
      
       ՄԱՐԿՈՍ
   
  
    
     Ամենափոքր 
    
     շարժում 
    
     մը 
    
     կրնայ 
    
     մահ 
    
     պատճառել. 
    
     Նիկո՛, 
    
     ձեռները 
    
     կապէ՛։
   
  
      
       ՆԻԿՈ
   
  
    
     Պարոն…
   
  
      
       ՄԱՐԿՈՍ
   
  
    
     Հիմա 
    
     կը 
    
     մեռցնեմ, 
    
     շուտ 
    
     կապէ՛. 
    
     (
      
       Առ 
      
       Թափառնիկոս
    
     ) 
    
     վերի՞ 
    
     թէ 
    
     վարի
     
      ՛ 
    
     յարկն 
    
     է:
   
  
      
       ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
   
  
    
     Կորի՛ 
    
     սըկէ, 
    
     գարշելի…
   
  
      
       ՄԱՐԿՈՍ
   
  
    
     Ապերա՛խտ, 
    
     ինձի 
    
     դէմ 
    
     կը 
    
     խօսիս. 
    
     Նիկո, 
    
     փատը 
    
     դիր 
    
     բերանը:
   
  
      
       ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
   
  
    
     Վերջապէս 
    
     պիտի…
   
  
      
       ՄԱՐԿՈՍ
   
  
    
     Համբերութիւն, 
    
     սովորութիւնս 
    
     այս 
    
     է, 
    
     կը 
    
     կապեմ, 
    
     վասնզի 
    
     ատամնաբոյժ 
    
     մը 
    
     միայն 
    
     վկայականով 
    
     չկրնար 
    
     կատարեալ 
    
     ատամնաբոյժ 
    
     ըլլալ, 
    
     պէտք 
    
     է 
    
     քիչ 
    
     մ՚ալ 
    
     խելք 
    
     ունենալ, 
    
     ինչպէս 
    
     որ 
    
     վարդապետ 
    
     մը 
    
     սեւ 
    
     վեղարով 
    
     չկրնար 
    
     կատարեալ 
    
     վարդապետ 
    
     ըլլալ, 
    
     թէ 
    
     որ 
    
     ուսմունք 
    
     չունենայ: 
    
     Թէպէտ 
    
     եւ 
    
     իմ 
    
     բռնած 
    
     ընթացքս 
    
     հիւանդներու 
    
     տհաճոյ 
    
     կը 
    
     թուին, 
    
     բայց 
    
     վերջը 
    
     գոհ 
    
     կ՚ըլլան: 
    
     (
      
       Աքցանը 
      
       առնելով
    
     ) 
    
     Համբերէ՛, 
    
     սեպէ՛ 
    
     թէ 
    
     ակռադ 
    
     ելաւ:
   
  
      
       ՆԻԿՈ, 
      
       մեկուսի
   
  
    
     Ես 
    
     երթամ, 
    
     չըլլայ 
    
     որ 
    
     իմ 
    
     ալ 
    
     ակռաս 
    
     քաշէ: 
    
     (
      
       Կ՚երթայ
    
     ):
   
  
      
       ՄԱՐԿՈՍ, 
      
       աքցանը 
      
       Թափառնիկոսի 
      
       բերանը 
      
       խոթելով
   
  
    
     Ա՛հ, 
    
     թշուառ 
    
     տղայ… 
    
     շատո՞նց 
    
     ի 
    
     վեր 
    
     է 
    
     որ 
    
     կը 
    
     ցաւի:
   
  
      
       ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
   
  
    
     Ա՜հ… 
    
     ա՜հ…
   
  
      
       ՄԱՐԿՈՍ
   
  
    
     Ինձի 
    
     տուած 
    
     իւղ
     
      է
    
     դ 
    
     քանի 
    
     մը 
    
     կաթիլ 
    
     կաթեցուր 
    
     եւ 
    
     ցաւող 
    
     ակռային 
    
     դիր… 
    
     մնաք 
    
     բարով… 
    
     ահա, 
    
     պարոն 
    
     ատամնաբոյժ, 
    
     ասիկա 
      
       Ատամն 
      
       ընդ 
      
       ատաման 
    
     եղաւ: 
    
     (
      
       Կ՚երթայ
    
     ):
   
  
      
       ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
   
  
    
     Ա՞հ… 
    
     Ուրկէ 
    
     էր 
    
     որ 
    
     դիմացս 
    
     ելաւ 
    
     սա 
    
     մարդը… 
    
     ձեռներս, 
    
     ոտներս 
    
     կապեց: 
    
     (
      
       Կանչելով 
      
       ծառան
    
     ) 
    
     Նիկո, 
    
     Նիկո…