Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ ԺԲ.

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, ԼԵՒՈՆ վերջը ՆԻԿՈ


ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Եկուր սա ակռան քաշենք:

ԼԵՒՈՆ

Ակռայիս ցաւն անցաւ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Ատիկա ինձի չվերաբերիր, թող չգայիր, հոս տեղ հիւան­դանոց չէ, պէտք է որ ակռադ քաշել տաս, իմ աշխատու­թեանս վարձը տաս ու ետքը երթաս, կ՚իմանա՞ս. եւ քեզի բա­րեկամաբար սա ալ իմաց կու տամ, որ յօժարակամ անձնա­տուր եղիր, ակռան քաշենք, ապա թէ ոչ, վերջը գէշ կ՚ըլլայ, Նիկո՛… Նիկո՛… Նիկո՛ Նիկ…

ՆԻԿՈ

Հրամմէ, տէր:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Նախապատրաստութիւնները տես…

ՆԻԿՈ

Վերջը միւսին պէս չըլլայ:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

է՛շ. քեզի ինչ որ կը հրամայեն, զայն կատարէ:

ՆԻԿՈ

Պարոնը ո՞ր կողմէն է, արեւելեա՞ն թէ արեւմտեան:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Գործդ տե՛ս:

ՆԻԿՈ, չուանը առնելով Լեւոնին կը մօտի

Կայնէ՛:

ԼԵՒՈՆ, մեկուսի

Ի՞նչ ընել կ՚ուզէ, ոտքս պիտի կապէ, փախչելու ճար մը:

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ

Շուտ եղիր:

ՆԻԿՈ

Շուտ, ( Այն միջոցին որ Լեւոնի ոտքը պիտի կապէ, Լեւոն կից մը կու տայ կը փախչի. Նիկոն գետնի վրայ պառկած թողլով ):

ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ, վազելով

Բռնեցէք գողը, աւազակը:

ՆԻԿՈ, ելնելով, իյնալով

Ես ալ սըւոր ետեւէն երթամ բռնեմ, վասնզի տէրս բար­կանալուն պէս բերնիս մէջ ակռայ չթողուր, կը քաշէ… շատ վարպետ է ( Վազելով կ՚երթայ ):

[ ՎԵՐՋ Ա. ԱՐԱՐՈՒԱԾՈՅՆ]