ՏԵՍԻԼ
Թ.
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
առանձին,
վերջը
ԼԵՒՈՆ
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Թէ
որ
մինչեւ
հիմա
սրտիս
մէջ
իրեն
համար
սէր
կը
կրէի,
ան
ալ
դուրս
ըրի.
ասկէ
վերջը
անհնարին
է,
որ
կարենամ
հետը
ապրիլ…
այսպիսի
նախանձորդ
կանանց
հետ
ապրիլը…
կատուներու
հետ
խաղալու
պէս
է,
պանիր
տուած
ժամանակդ
կը
ճանկռտեն…
եւ
ո՞վ
եղաւ
բոլոր
այսօրուան
ձախորդութեանց
պատճառ,
եթէ
ոչ
ինքը.
կ՚ուզէ
որ
սիրուի
վաթսուն
տարուան
հասակին
մէջ.
թէ
որ
մէկ
ուրիշ
կնկան
երեսը
նայիմ,
կռիւ
ընելու
կու
գայ
վրաս…
այս
նախանձը
չէ
՞
որ
կանանց
գեղեցկութիւնը
կ՚ոչնչացնէ…
ԼԵՒՈՆ
Մարդ
չկայ
հոս…
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պարոն…
ԼԵՒՈՆ,
մէկէն
ի
մէկ
երեսը
բռնելով
իբր
թէ
ակռան
կը
ցաւի
Ի՞նչ
կայ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Ի՞նչ
կ'ուզէք:
ԼԵՒՈՆ
Ատամնաբոյժը
կը
փնտռեմ,
կ՚ուզեմ
ակռաս
ցցունել,
ո՞ւր
գացեր
է
արդեօք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Հոս
է,
հիմա
կու
գայ:
ԼԵՒՈՆ,
մեկուսի
Ո՞ւր
էր
թէ
սա
մարդը
երթար
ու
Երանեակը
գար
հետը
խօսէինք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ,
մեկուսի
Իրեն
զուրցեմ
անգամ
մը
նայիմ
կը
քակէ՞
ձեռներս.
ինչ
գիտնայ,
զիս
գող
կամ
աւազակ
պիտի
կարծէ:
ԼԵՒՈՆ
Դուք
ինչո՞ւ
հոս
կեցեր
էք:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Պիտի
երթամ…
սա
ոտներս
քակեցէք:
ԼԵՒՈՆ
Շատ
աղէկ,
պարոն
(
Կը
քակէ
):
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ
Հրամանքնիդ
քիչ
մը
սպասեցէք,
ատամնաբոյժը
հիմա
կու
գայ:
(
Մեկուսի
)
Երթամ
սա
թշուառական
Նիկոն
գտնալու…