Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Երեկոյթը իր ամենէն ցնծայոյզ վայրկեանին մէջն էր: Շատ մը աղուոր կիներ, շատ մը շնորհալից աղջիկներ, այնքան ալ երիտասարդ մարդիկ ու պատանիներ. լուռ ըղձանքներով ծանրացած մթնոլորտ մը, որուն մէջ՝ տանտիկինը իր հասակին ու արդուզարդին շքեղութեամբը ամենէն զմայլելին կը հանդիսանայ:

Քովէս՝ պզտիկ ձայն մը. ասանկ երեկոյթներու սովորական չարախօսութիւնները, որոնց ամենէն թունաւորները տանտիրուհւոյն դէմ կ՚արձակուէին:

Տեսէք, իր սիրած երիտասարդէն վայրկեան մը չի բաժնուիր. մարդ չի սեպեր աս կնիկը:

Երիտասարդը՝ տժգոյն ու նիհար մէկն էր, զոր կիները իրարու ձեռքէ կը խլէին: Իր վրդոված կեանքին կը պարտէր այս ձգողութիւնը: Ուրոյնութիւն մը ունէր անիկա, եւ իրեն յատուկ դրոշմ մը կար իրեն պատկանող ամեն բանի մէջ: Արհամարհոտ պզտիկ ժպիտ մը նուրբ ու սեւ պեխերուն ծայրը. կոպերը կտրած աչքեր որոնք իր գիշերամոլ մարդու յոգնութիւնները կը պատմէին. վէս խրոխտութիւն մը որ վաղաթարշամ երիտասարդութեանը վրայ ծաւալած ծանրութեան պէս բանի մը կը նմանէր, կարծես ուսումներու եւ հսկումներու մէջ խորասուզուող մարդու ծանրութիւնը:

Մտքի ու ճաշակի տէր մէկն էր: Իրաւագիտութիւն սորվելու համար Եւրոպա կեցած տարիներէն՝ միջակ վկայականով մը, բայց նրբացած իմացականութեամբը վերադարձած էր հոս: Համալսարանին սրահներէն աւելի՝ գեղեցիկ կիներու քով, միանգամայն՝ տաղանդաւոր մարդոց եւ լաւագոյն ընկերութեանց մէջ մտած ու ապրած էր, մսխելով փճացնելով ունեցածը եւ չունեցածը: Հոս ոչ փաստաբան եղեր էր եւ ոչ դատաւոր. անկեղծութեամբ, քաջութեամբ խոստովանած էր իր ապիկարութիւնը:

Ամեն ինչ չափաւոր, գրեթէ մեղմ էր իր վրայ, իր ձայնը, իր շարժումները. բայց ատոր խորը կը տեսնայիր անձնավստահ մարդու, կամ՝ աւելի ճիշդը ըսելու համար՝ իր գերազանցութիւնը գիտցող մարդու մը անխռով հանդարտութիւնը:

Աղջիկներու ետեւէն չէր վազեր. երեխաներ անոնք՝ իր փորձ, գրեթէ հայրական աչքին: Զիջում մը, ստորնացում մը պիտի ըլլար իրեն համար խռովել կոյսի մը մաքուր հոգին. այս կենցաղասէր մարդուն մէջ՝ ահա այս կերպ իր կեանքին հակասող ազնուութիւններ ալ կային: Իր ասպետական, կռիւով, յարձակումով բերդ առնող մարդու համբաւին եւ սովորութեանցը հակառակ էր տեսլական սիրոյ մը հեռանկարովը աղջկան մը սրտէն ներս սպրդիլ. այս Ոդիսեւսի միջոցները իրեն չէին պատշաճեր:

Զրուցուածին նայելով՝ տարիէ մը ի վեր Տիկին ***ի մտերիմն էր, ու ամենքը, իրենց բոլոր չարախօսութեանց մէջ անգամ, այս երկուքին միջեւ ճշմարիտ ներդաշնակութիւն մը գտեր էին որ երկուքին ալ սովորական էակներ չըլլալէն առաջ կուգար անշուշտ: