Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Խաչի Կիրակի առտու մը, Սեպտեմբերի գեղեցիկ առտու մը, նստեր էինք ծովեզերքի քազինօն։

Կիները հագուած, շքուած, շպարուած, էրիկ մարդիկ՝ մաքուր, նոր, կիրակնաւուր հագուստներով, բոլորն ալ Յոյներ, հետզհետէ կը լեցուէին. մէկ ծայրը երաժշտական խումբ մը կը նուագէր, ու կամուրջէն մեկնող շոգենաւը Հալքիի նաւամատոյցը կը բերէր այցելու ու շրջուն բազմութիւն մը։ Ելլողները կը դիտէինք. ընդհանուր զուարթութիւն կար. ես ալ սովորականէն աւելի ուրախ Արմենիսայի կատակներուն վրայ կը խնդայի։ Յանկարծ, բարձր հասակ մը, ալեխառն երկայն մօրուք մը, սեւ վերարկու մը եւ չուխայէ փակեղ մը հեռուէն որոշեց զիս, բարեւեց ու դէպի ինծի շտկուեցաւ. այս սեւ վերարկուն, այս երկար մօրուքը անմիջապէս ճանչցայ. ինծի Պանքօի ստուերէն հազար անգամ աւելի ահարկու այս մարդը՝ որ իր անուշ ժպիտովն ու բարի դէմքովը կը մօտենար, մեր խոստովանահայր քահանան էր։ Առաքինի, մաքրակրօն, շատախօս ու ներողամիտ մարդ մըն էր. երբեք տաղաւարի մը պարապ չէր թողուր մեզ. ինք կնքեր էր ու զաւկին պէս կը սիրէր զիս. զգացի փոթորիկին գալուստը եւ ի զուր խոյս տալ ուզեցի կամ ծակ մը փնտռեցի՝ ոտքով գլխով անհետ ու անտես ըլլալու համար։

Ողջոյն, տղաս, ըսաւ Տէր Հայրը որ քովերնիս հասած էր ու շփոթութիւնս չէր տեսներ, ահա եկայ գտայ քեզի. ո՞ւր կը նստիք. անցեալ տարիէն ի վեր խոստովանած չես. այսօր տունով տեղով պիտի խոստովանիք ու գալ կիրակի Գնալը պիտի երթաք սուրբ հաղորդութիւն առնելու համար. Տիկինը ո՞վ է, չեմ ճանչնար։

Տիկի՞նը. երեսն անգամ նայելու քաջութիւնը չունէի. բերանս չէր բացուեր. Լիվատիայի կողմը ցոյց տուի քահանային, իբր թէ մեր տունը ցոյց տալու համար։

Հայրդ տո՞ւնն է։

Գլուխս երերցուցի «այո»ի մը փոխարէն։

Այս համր ու պապանձ վիճակէս բան մը գուշակե՞ց արդեօք. չեմ գիտեր. միայն թէ տանջանքս չերկարեց ալ։

Ուշ մի՛ մնար, ըսաւ ինծի հրամայական կերպով ու ճամբան շարունակեց։

Արմենիսա բառ մը չէր արտասանած բոլոր այս խօսակցութեան միջոցին։ Տէրտէրը մօտենալուն, չգուշակելով դէպի ինծի գալը, խնդալու ու ծաղրելու վրայ էր. քահանային ուղղակի ինծի դիմելը, մտերմութիւնը, ծանօթութիւնը զինքը ապշեցուց, լսած խօսքերը անհաւատալի բաներ էին. ու ամեն բան գուշակեց։

Երբոր քահանան հեռացաւ, երեսս նայեցաւ աղէկ մը. զգացի որ այս նայուածքը՝ դաշոյնի մը պէս պաղ ու սուր՝ մինչեւ սիրտս կը մխուէր. ճակատս քրտնաթոր ու վայրահակ էր։

Կաթոլիկ եմ ըսելով խաբեցի՞ր զիս մինչեւ հիմա, հարցուց այնպիսի ձայնով մը որ բարկութենէն կը դողար։

Երեսիս գոյնը՝ բերնէս աւելի բացայայտ կերպով խոստովանեցաւ յանցանքս։

Պատասխան չտա՞ս, խաբեցի՞ր զիս, գոչեց զայրագին, մեզ շրջապատող բազմութիւնը բոլորովին մոռնալով։

Պատասխան չունէի տալիք։

Ըսէ՛ տեսնեմ, կը կրկնէր՝ գունաթափ ու բարկաճայթ։

Մօտերնիս նստողները մեզի ուշադրութիւն ընել սկսան։

Հոս տեղը չէ ասանկ խօսքերու, ամենքը մեզ կը դիտեն, վերջը կը հասկցնեմ խնդիրը, ըսի իրեն՝ փախուստի դուռ մը գտնելու յոյսով։

Ո՞ւր է տեղը, չըսե՞ս։

Պանդոկ երթանք։

Քալէ՛։

Ու բացատրութիւնս, թերեւս արդարացումս լսելու անհամբեր, Արմենիսա ոտքի ելաւ. ես կալանաւորի մը պէս իրեն հետեւեցայ, ըսելիքս փնտռելով, չգտնելով շուարած մտքիս մէջ. կ՚զգայի որ ժամը եկած էր հրաժեշտ տալու վաղանցիկ երջանկութեանս. Արմենիսան կը ճանչնայի յամառ ու ոխերիմ. ո եւ է գթութիւն չէի ակնկալեր իրմէ. կորուստս անդարման ու բաժանումնիս վերջնական պիտի ըլլար։

Տուն հասանք. որչա՜փ կ՚ուզէի որ ճամբան անհատնում երկարէր ու բնաւ չհասնէինք. սենեակը ելանք միասին, այն քաղցրաբոյր, ժպտուն, խոստումնալից սենեակը ուր ամբաստանեալի մը պէս կը մտնէի, եւ ուրկէ դատապարտեալի մը պէս դուրս պիտի ելլէի վայրկեան մը վերջը։

Յիշատակներով լեցուն էր այս սենեակը. բայց կեղծիքս շարունակել մտքէս չանցուցի. մէկ բառով տիրացեր էր երջանկութեան ու մեկ բառով որոշեցի խոյս տալ մեղապարտ ու յանցաւոր երանութենէս. բայց չկրցայ անտարբեր զատուիլ ու հեռանալ, սիրտս փղձկեցաւ. այն ատեն դուրս թափեցի հոգիիս բոլոր տառապանքը, սիրոյս ու յանցանքիս մեծութիւնը. ի՞նչ ըսի արդեօք. չեմ գիտեր ու չեմ յիշեր. Արմենիսա ապշած, զարմացած մտիկ կ՚ընէր առանց ընդմիջելու ու թող կուտար որ ուզածս ըսեմ։ Ինքզինքս պաշտպանեցի յուսահատ քաջութեամբ. երկու ամսուան կեղծաւորութեանս վրէժը Արմենիսայի կրօնական սկզբունքներէն լուծեցի. իր ամենէն նուիրական գաղափարներուն զարնելով գիտէի որ անդարձ կ՚ըլլար իմ հեռացումս։

Պիտի սիրեմ քեզ, որքան ալ ատելի ըլլամ ասկէ ետքը. իմ սէրս քուկինէդ աւելի անկեղծ ու մաքուր է, ըսի անոր, անիկա իմ յանցանքս պիտի քաւէ, բայց քուկդ միայն մոլեռանդ գաղափար մըն է եղեր եւ ոչ թէ ճշմարիտ սէր մը։

Արմենիսա համարձակութեանս վրայ կը զարմանար. երբեք զիս այսքան անվեհեր ենթադրած ըլլալու չէր. պահ մը իմ յուզումս իր սիրտն ալ շարժեց, բայց այսքան ատեն քիթին խնդացած ըլլալուս գաղափարը իր վիրաւորուած կրօնասիրութիւնը արթնցուց։

Շատ լաւ, շատ լաւ, պատասխանեց, չերկնցնենք, հերետիկոս մըն ես եւ ուղղափառ ձեւացուցիր ինքզինքդ. հոգ չէ. բայց ասկէ ետքը մեր տեսակցութիւնը վերջացած է. գնա՛ մեղքերդ քահանայիդ խոստովանելու, խեղճ մարդը քեզի կ՚սպասէ։

Թող այդպէս ըլլայ։

Մեկնեցայ, աւերակներու մէջէն խոյս տալու պէս, վախնալով որ պատերը վրաս չփլչին յանկարծ. հեռացայ պանդոկէն, ու հոն թողուցի փշրուած յոյսերս ու երազներս. ետիս չդարձայ. ճամբան՝ մեր խոհարարին հանդիպեցայ որ զիս կը փնտռէր ամեն կողմ. Տէր Հայրը դեռ զիս խոստովանցնելու կ՚սպասէր մեր տունը։

Քաւելու մեղքս մնացե՞ր էր։

—Թող սպասէ, պոռացի ծառային, ու յիմարի մը պէս, առանց գիտնալու թէ ո՞ւր եւ որ կողմ կ՚երթամ, ճամբաս շարունակեցի։

 

Արմենիսա ութը օր հիւանդացաւ. այս սաստիկ յուզման չէր դիմացեր. անկեղծապէս կը սիրէր զիս, եւ բաժանումը իրեն ալ դժնդակ երեւցաւ։ Սպասաւորներէն իմացայ որ իմ երթալէս վերջը ինքն ալ շատ լացեր էր. ամեն առտու գացի գողտուկ լուր առնելու իր առողջութեան վրայ։

Քիչ քիչ շտկուեցաւ, վրդովումը անցաւ, հիւանդութեան ջերմը իր զայրոյթը առաւ տարաւ, բարկութիւնը հանդարտութեան ու հանդարտութիւնը խորհրդածութեան տեղի տուաւ։

Այս ցնցումը իր մտքին մէջ մանկութենէ ի վեր հաստատուած նախապաշարումներուն շէնքը կործանեց. խելացի ու դատողութեան տէր կին էր, զիս մօտէն ճանչցեր ու սիրեր էր. մտածեց որ Լուսաւորչական ըլլալովս միեւնոյն անձը ըլլալէ դադրած չէի։ Հայերը բիրտ ու վայրենի մարդիկ ենթադրելուն ձրի զրպարտութիւն մը ըլլալը խոստովանելու պարտաւոր էր։ Ճշմարիտ ու հաստատուն համակրանք մը ունեցած էր ինծի. իմ խաբէութիւնս սիրոյս մեծութեամբը բացատրեց, հասկցաւ ու առաքինութիւն համարեց։ Հաշտուեցաւ հետս, եւ զոհողութեանս մեծութիւնը ճանչնալով՝ աւելի մեծ զոհողութեամբ մը փոխարէնը հատոյց. ես Կաթոլիկութիւնը կեղծեր էի, ինքը Լուսաւորչականութիւնը իրապէս ընդունեց. քանի որ միեւնոյն Աստուածը կը պաշտէինք, կրօնքի տեսակէտով հիմնական տարբերութիւններ չկային, այլ լոկ նախապաշարումներ. սէրը այս նախապաշարումներուն յաղթեց, ինչպէս վայրկեան մը խղճիս ու համոզմանս յաղթած էր։

Բայց ա՛լ երկար չտեւեց մեր սէրն ու մտերմութիւնը. այս անձնուիրութիւնը կարծես թէ խանդաղատանքը սպառեց. իմ սիրոյս փոխարէնը վճարեց ու պարտաւոր չմնաց. անկէ վերջը մեր առջի օրերը չգտանք մէյ մըն ալ. բարեկամներ մնացինք միշտ, բայց ոչ առջի սիրահարները։

Իր նախապաշարումները կորսնցնելով՝ այս կինը իր հրապոյրներէն գլխաւորը կորսնցուց. տարօրինակ ու սովորականէն տարբեր հանգամանքը նուազեցաւ։

Հիմա կը զգամ որ պէտք է թողուլ կիներուն միշտ իրենց նախապաշարումները, սխալ համոզումները, մինչեւ անգամ յոռի կողմերնին։

Կանացի գոյութիւնը այնպիսի ամբողջութիւն մըն է որուն մէկ քարը խախտելու չգար։

Արմենիսա՝ ուղղամիտ կին մը ըլլալով՝ հետաքրքրական ու շահագրգիռ ըլլալէ դադրեցաւ. թերեւս ժամանակ անցնելով, ես իմ հետաքրքրութիւնս կորսնցուցի։

Ա՛լ չէր բարկանար երբ Արմենիսա կոչէին զինքը. մեր բոլոր սէրէն այս միայն յիշատակ մնաց իրեն. յետոյ դէպքերը մեզ բաժնեցին ու տարիներ անցան վրայէն. վերջէն իմացայ որ Արմենիսա իր ծերունի բարեկամին հետ ամուսնացեր է։