Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ու այս բոլորին մէջ ատեն գտաւ ճշմարիտ, մաքուր ու ազնիւ սէր մըն ալ ունենալու իր սրտին մէջ. վասն զի աղէկ գիտեմ որ մեր գեղէն աղջիկ մը սիրեց ու սիրուեցաւ անկէ։ Էսնաֆ ընտանիքի աղջիկ, պարզուկ ու անբիծ սիրտ որ անոր նուաճող էրիկ մարդու մէկ նայուածքին առջեւ տկարացաւ։ Դեղինի վրայ, աղուոր առատ մազեր ու դշխոյի հասակ մը ունէր, խրոխտ գեղեցկութիւն որ ամեն երանութեանց պէս Յակոբիկին բաժինը եղաւ։ Բոլոր ախտավարակ հաճոյքներու մէջ, այս աղջիկը՝ անհպելի սրբութեան մը պէս իր սրտին առանձին մէկ անկիւնը պահեց միշտ։ Իր խօլական արշաւին ու յետոյ վերջնական քայքայումին մէջ այս սէրը անխախտ իր տեղը մնաց։

Այսպէս անցաւ իր երիտասարդութիւնը, անդուլ վազք մը։ Այն օրը միայն որ ա՛լ դրամ չգտաւ վատնելու, կանգ առաւ առանց զարմանքի, մանաւանդ առանց տրտունջի։ Երսունին մօտ էր հիմա, նորէն վայելչագեղ երիտասարդ՝ պահելով վրան այն նրբութիւնը ու շնորհը որ առնական կորովին հակընդդէմ է քիչ մը եւ ուրկէ սակայն այնքան կ՚ախորժին կարգ մը կիներ։

Ուրիշ մը իր տեղը պարտք պիտի ընէր շարունակելու համար իր ապրելու եղանակը. ատանկ բան մը չըրաւ. ըսի որ կեցաւ իսկոյն ու իր մեծ հօրը տան մէջ փակուեցաւ, աներեւոյթ եղաւ գրեթէ։

Ատենին նահանջելը՝ ամեն բանի մէջ՝ ճարտարութենէ աւելի բան մըն է. ընդհանրապէս ասիկա կը պակսի անոնց որոնք յաջողութեամբ լեցուն կեանք մը վարած են։

Յետոյ, ստիպուած, այդ տունն ալ ծախեց. իր առաջին վիշտը եղաւ ասիկա բովանդակ կեանքին մէջ. ատկէ վերջը անդաստական մէկը եղաւ ա՛լ. զինքը շրջապատող համակրութիւնը, իրեն ընկերացող ծափահարութիւնները հետզհետէ հեռացան իրմէ ու տակաւ պակսեցան մարող արձագանգի մը նման. իր երեսին ժպտող բոլոր երեսները թթուեցան ու անդին դարձան։ Անհրաժեշտ բարեւներ անգամ պզտիկցան, տարտամ, խուսափողական ձեւեր առին՝ իր բալթօին գոյնին պէս։ Այս ընդհանուր սառնութիւնը զինքը շփոթեցուց քիչ մը ու ամեն արիութիւն մեռցուց իր մէջը։ Ընդհանուր լքումին մէջ՝ ձեռք մը միայն կարկառեցաւ իրեն, իր սիրած աղջկան ձեռքը։ Բայց հիմա՝ իր անկումին մէջ՝ ինքզինքը անարժան զգաց անոր ու խոյս տուաւ անկէ։

Հոս հոն շրջեցաւ, դեռ նոր ոտք դնելով միւս կեանքին սեմէն ներս, դժնդակ ու իրական կեանքին։

Որչա՜փ ատեն աղքատ ապրեցաւ, պատերու տակէն սպրդելով քալեց, զրկանքներու ահագին աշխարհքին մէջ թափառեցաւ։

Այդ միջոցին էր կարծես որ պատահեցայ իրեն ու կեցուցի զինքը փողոցին մէջ։

Տեսնենք, հարցուցի իրեն, ինչո՞վ կ՚զբաղիս հիմա։

Մեռնելով, պատասխանեց ինծի։