Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Խնամք եւ հոգածութիւն

Մեր պատսպարեալներուն որբութիւնը մոռցնելու եւ անոնց սիրելի ընտանեկան վիճակ մը ստեղծելու համար, ջանացած ենք որբանոցներուն տալ ամէնէն աւելի տան մը հանգամանքը, որով որբերը կ՚ըսեն «Մեր տունը» ոչ թէ «Որբանոցը»։ Որբանոցներու երկսեռ պաշտօնեաները տեղւոյն մէջ գտնուած ամէնէն բարեհամբաւ, դաստիարակուած ու խղճամիտ մարդիկն են, որոնք հօր եւ մօր գուրգուրանքով կը խնամեն որբերը։