Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՇՏՕՆԷԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՔՈՒՄ

Յանձնաժողովս իմանալով որ հազարաւոր որբերը անխնամ ինկած են իրենց քարուքանդ եղած հայրենի բնակարաններու մոխիրներուն վրայ, վերոյիշեալ տնօրինութիւններէն իսկ առաջ, իր անդրանիկ նիստով իր ուսումնասիրութեան նիւթ ըրաւ ճշտել որբերուն թիւը եւ զանոնք խնամելու հնարաւոր միջոցները խորհիլ։

Յետ երկար խորհրդակցութեան բազմակողմանի առաւելութիւններով յարմար դատուեցաւ քննութիւն կատարել ճիշդ տեղւոյն վրայ եւ անխնամ մնացած որբերը պատսպարել իրենց միջավայրին ամէնէն յարմարագոյն եւ առողջապահական ու տնտեսական տեսակէտով նպաստաւոր համարուած տեղեր, ուրոյն որբանոցներու մէջ։

Հետեւաբար՝ Կիլիկիոյ արկածեալ վայրերու վրայ քննութիւն կատարելով որբերը հաւաքելու եւ որբանոցներ հաստատելու փափուկ գործը ձեռնհաս պաշտօնէութեան մը յանձնելու անհրաժեշտ պէտքը երեւան եկաւ։

Յանձնաժողովս այս նպատակին համար փորձառու եւ պարկեշտ անձ մը փնտռելով գտաւ Խաչատուր էֆ. Գռուզեանը որ Վանայ Ամերիկեան որբանոցին մէջ իբրեւ օգնական Տօքթ. Րէյնօլտսի պաշտօնավարած եւ տարիներով որբական գործով զբաղած ըլլալով ու իր ալ անձնական արժանիքով ամէն յարմարութիւն ունէր ներկայացուած գործին։

Ուստի Որբախնամը լաւագոյն դատեց՝ զայն հրաւիրել այս պաշտօնին որպէսզի Կիլիկիա երթալով միանայ իբր վարչական պատուիրակ Ատանա գտնուող Տ. Գնէլ Ծ. Վրդ. ի հետ ի գլուխ հանելու համար այս կարեւոր գործը, Կիլիկիոյ Շնորհազարդ Տ. Սահակ Ս. Կաթողիկոսին հսկողութեան տակ։

Գռուզեան էֆ. ընդունելով իրեն առաջարկուած պաշտօնն ու հրահանգը, մեկնեցաւ Կիլիկիա, ուր սակայն գտնելով Տ. Գնէլ Ծ. վրդպ. ը տկարութեան պատճառաւ մեկնած դէպի Կ. Պոլիս, միացաւ դարձեալ իբր պատուիրակ Ատանա գտնուող Տ. Յակոբ Աշոտ Սրբազանի, որուն հետ ինչ ինչ տնօրինութիւններ ընելով Վարչական ա. պատուիրակութեան ձեռամբ Մերսինին մէջ արդէն բացուած եւ Տիկին Զապէլ Եսայեանի հսկողութեան տակ գտնուող Կիլիկեան անդրանիկ որբանոցին նոր շինուելիք շէնքի մասին, Ն. Սրբազնութեան հետ մեկնեցաւ Սիս։ Եւ հոն, Տ. Սահակ Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ Տ. Փառէն Ծ. Վրդպ. Մելքոնեան ընկեր ընտրուեցաւ Գռուզեան էֆ. ի, փոխան Տ. Գնէլ Ծ. Վրդպ. ի, եւ այս երկուքը՝ միասին վարեցին պաշտօնը, մինչեւ Չորք-Մարզուանի որբանոցին բացումը, յետ որոյ Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. հոն մնալ հարկադրուելով Գռուզեան էֆ. միայնակ մնաց իր պաշտօնին մէջ։ Միջոց մը, կեդրոնէս ղրկուած Տ. Աբիսողոմ Քհնյ. Թորոսեան եւս գործակցեցաւ Գռուզեան էֆ. ի։