Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐԲԱԽՆԱՄԻՍ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԹԱՑՈՂ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԻՐ՝ ՆՊԱՍՏԱՀԱՒԱՔՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼԷՆ ԱՌԱՋ

 

Որբախնամիս ձեռք առած վերոյիշեալ միջոցները ժամանակի ընթացքին մէջ կ՚արդիւնաւորուէին սակայն, մինչդեռ Յանձնաժողովս իր կազմութեան առաջին օրերուն մէջ պէտք ունէր բաւականաչափ դրամի, բացուած որբանոցներուն վարձքերուն, անոնց ներքին կազմածներուն, անկողիններուն եւ ուրիշ նախնական անհրաժեշտ պատրաստութեանց, ինչպէս նաեւ սնունդի եւ հագուստ-կապուստի համար։

Ահա՛ այս ճգնաժամերուն մէջ էր որ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան տնօրինութեամբ՝ Որբախնամիս օգնութեան հասան յաջորդարար 1. Ազգ. Պատրիարքարանի Նպաստից Յանձնաժողովը, 2. Միջազգային Նպաստամատոյց Յանձնաժողովը, Կիլիկեան որբերու պաշտպանութեան մարդասիրական գեղեցիկ գործին մէջ առաջին փրկարար դերը կատարելով, 3. Մայրաքաղաքիս Հայ Վաճառականաց ակումբը՝ կանխապէս երեք հարիւր (300) լիրա վճարելով, ի հաշիւ Կիլիկիոյ մէջ իր անունով կառուցուելիք Որբանոցի մը շինութեան համար Յանձնաժողովիս տրամադրած 1000 ոսկիին եւ 4. Հայ-Հռովմէականաց Աղքատասիրաց Ընկերութիւնը իր պարահանդէսի հասոյթէն երկու հարիւր (200) լիրա բաժին հանելով որբերուն։

Ազգային Նպաստից Յանձնաժողովին տուածն էր Լիր. օսմ 2022, իսկ Միջազգային Նպաստիցինը՝ 400 լիր. օսմ. ինչպէս կ՚երեւայ հաշուեկշիռին մէջ։