ԱՏԱՆԱՅԻ
ՈՐԲԱՆՈՑ
Ատանայի
որբանոցին
բացման
եւս
ձեռնարկուեցաւ
Տիկին
Զապէլ
Եսայեանի
կողմէ,
1909
Օգոստոս1-15,
ի
սկզբան
100ի
չափ
երկսեռ
որբերով,
որոնց
թիւը
հետզհետէ
աւելցաւ։
Մերսինի
որբանոցին
փակումովը
տեղւոյն
որբերը
մանրակրկիտ
քննութեամբ
ընտրուելով
ոմանք
իրենց
մայրերուն
ղրկուեցան,
իսկ
բոլորովին
անտէրունջները
փոխադրուեցան
Ատանա
եւ
այն
տեղի
որբերն
ալ
քննուելով
ոմանք
վերադարձուեցան
իրենց
մայրերուն։
Եւ
որովհետեւ
բոլորովին
խնամքի
կարօտ
233
որբերը
տեղաւորելու
շէնք
գտնել
անհնար
էր,
100ը
յանձնուեցան
իրենց
մայրերուն
օրական
1¼,
դահեկան
ուտեստի
դրամ,
հագուստ
եւ
անկողին
ընդունելով
Որբանոցէն,
իսկ
մնացեալները
զորս
տեղ
մը
յանձնել
կարելի
չէր,
պատսպարուեցան
որբանոցին
մէջ։
Մերսինի
եւ
Ատանայի
որբանոցներուն
մէջ
պատսպարեալ
որբերուն
իբրեւ
հացագին
Ատանայի
կառավարութիւնը
անձ
գլուխ
օրական
50
փարան
վճարած
է։
Կառավարութեան
կողմէ
վճարուած
է
ցարդ
նաեւ
Ատանայի
որբանոցին
շէնքին
վարձքը,
—
տարեկան
35
ոսկի։
Ատանայի
Որբանոցին
խնամակալութիւնը
կը
կազմեն,
Տեարք
Աւետիս
Կիւլպէնկեան
Միհրան
Քէշիշեան
Թադէոս
Թահմազեան
Յարութիւն
Պէտէլեան
Գառնիկ
Չատըրճեան։
Որբանոցը
ունի
12
պաշտօնեայ
երկսեռ,
1
բժիշկ։
Որբերը
կը
յաճախեն
Ատանայի
ազգային
վարժարանը,
իսկ
որբուհիները
Ազգանուէր
Հայուհեաց
Ընկերութեան
վարժարանը։
Որբուհիներէն
մաս
մըն
ալ
կը
յաճախէ
ազգ.
վարժարանը։