Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՃՆՈՅ ՈՐԲԱՆՈՑ

Հաճնոյ Որբերը ցարդ տեղաւորուած էին քաղաքին լաւագոյն երկու շէնքերուն մէջ։ Բայց որովհետեւ առողջապահական եւ այլ տեսակէտներով լաւագոյն էր որբերը բնակեցնել քաղաքին հանդիպակաց եւ իբր կէս ժամ հեռի, բայց ջուրով եւ օդով եւ տնտեսապէս աւելի նպաստաւոր վանքին մէջ, Որբախնամս յարմար դատեց հոն փոխադրել որբերը։

Տեղւոյն բարեջան Առաջնորդ Գեր. Տ. Ներսէս Վրդ. Դանիէլեան, որ Որբանոցին վերին հսկողութիւնը ստանձնած էր անձնուիրաբար եւ մատակարարութիւնն ալ կը հոգար իբր ներկայացուցիչը Կեդր. Յանձնաժողովիս, մեծապէս սատարեց Հաճնոյ որբախնամ գործին, որու առթիւ քաղցր պարտականութիւն մը կը համարինք մեզ՝ հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել։

Որբանոցը ունի 16 պաշտօնեայ երկսեռ, բժիշկ մը։ Կրթական հոգը ստանձնած են Միացեալ եւ Ազգանուէր ընկերութիւնները։

Խնամակալութիւնը կը կազմեն

Գեր. Տ. Ներսէս Վրդ. Դանիէլեան, նախագահ եւ Տեարք

Գալուստ Շըխըրտըմեան

Գէորգ Տ. Կիրակոսեան

Մանուկ Գալայճեան

Գրիգոր Էօրէնճեան

Յակոբ Գըրքեաշարեան

Յակոբ Մանկըրեան