Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՕՐԹԵՕԼԻ ՈՐԲԱՆՈՑ

Տէօրթեօլի մէջ որբանոց բանալու համար դժուարութեանց բաղխած է յանձնաժողովս, մանաւանդ շէնքի չգոյութեան պատճառաւ, մինչեւ որ յաջողուած է ձեռք բերել եկեղեցիին քովը, լաւագոյն տուն մը, վազուն ջուրի եզերքի։ Սոյն որբանոցին տնօրինութիւնը ի սկզբան յանձնուեցաւ տեղւոյն քահանաներէն Տ. Խորէն Հօր, իսկ վերջերս երբ այլ եւս որոշուեցաւ Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. ը մնայուն կերպով հոն թողուլ հսկելու տեղւոյն եւ Հասան Պէյլիի որբանոցներուն վրայ, Տ. Խորէն ազատ թողուեցաւ իր պաշտօնէն։ Որբանոցին բացումը կատարուած է տեղւոյն կառավարական պաշտօնէից եւ ժողովուրդին ներկայութեանը ու այդ առթիւ 100 ոսկիի մօտ գումար մը հանգանակուած է ի նպաստ որբանոցին։

Որբանոցը ունի բաց ի Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. է որ գնահատելի պաշտօնավարութիւն մը ունի իբրեւ տեսուչ, 12 երկսեռ պաշտօնեայ, մէկ բժիշկ։

Խնամակալութիւնը կը կազմեն, Տեարք

Աւետիս Քէշիշեան

Իսկէնտէր Քէօրօղլուեան

Կարապետ Պարսամեան

Միքայէլ Շագըլեան

Պետրոս Գարաեաղուպեան

Պետրոս Քէօրօղլուեան

Ստեփան Ռուբէնեան