ՀԱՍԱՆՊԷՅԼԻԻ
ՈՐԲԱՆՈՑ
Քննութեան
ենթարկելով
Պաղչէ
գաւառակի
արկածեալ
վայրերը,
անհրաժեշտ
համարուեցաւ
Որբանոց
մը
բանալ
Հասանպէյլիի
մէջ
որ
400
տուն
հայաբնակ
գիւղ
մըն
է
եւ
կեդրոն
արկածեալ
դաշտի
մը։
Բայց
որովհետեւ
ամբողջ
գիւղը
այրած
էր
եւ
շէնք
մը
իսկ
չկար,
դիմում
եղաւ
երկու
թուրքերու
որոնք
իրենց
տուները
վարձու
տուին
յանուն
որբանոցի։
Հասանպէյլիցիք
որոնք
բարոյական
աջակցութիւններ
ընծայած
են
յանձնաժողովիս,
չունին
իրենց
գիւղին
մէջ
քահանայ
կամ
առաջն.
տեղապահ
մը,
որով
Որբանոցը
կը
խնամուի
Տէօրթեօլի
Որբանոցի
տեսուչ
Փառէն
վրդ.
ի
վերին
հսկողութեան
տակ
որ
պարբերաբար
կ՚այցելէ,
եւ
տեղական
պաշտօնեաներու
ձեռամբ,
(թուով
12)։
Խնամակալութիւն
մ՚ալ
կազմուած
է
հետեւեալներէն,
Տեարք
Ասատուր
Մահտեսեան
Յարութիւն
Քէշիշեան
Նշան
Քէշիշեան
Պետրոս
Քէշիշեան
Պօղոս
Պօյաճեան