ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Շէնքերը

Որբանոցներու շէնքերը Հաճըն ու Մարաշ ամենալաւ տուներ են զորս երբեք կարելի էր գտնել վարձու համար։ Առաջինը քառայարկ եւ վերջինը երկյարկ։

Տէօրթեօլի մեր որբանոցը իր ձեւովն ու դիրքովը յարմարագոյն շէնքն է։

Հասանպէյլիի մեր երկու որբանոցներու շէնքերը երկյարկ են, բայց ոչ շատ ճաշակաւոր, ինչպէս միւս որբանոցները։ Սակայն այս շէնքերը գիւղէն դուրս բացօթեայ գտնուելով՝ շատ նպաստաւոր եղած են տղայոց առողջութեան։

Այնթապի եւ Ատանայի շէնքերը իրենց ընդարձակ բակերովը միակ տուներն են յարմար որբանոցի։ Իսկ ընդհանուր կերպով բոլոր որբանոցները նեղ կուգան պատսպարելոց, այնպէս որ հարկադրուած ենք մանչերն ու աղջիկները միեւնոյն շէնքին տարբեր սենեակներուն մէջ տեղաւորել, ի բաց առեալ Մարաշ եւ Հասանպէյլի ուր զատ զատ շէնքեր վարձած ենք երկու սեռերու համար։

Այս նոյն պատճառաւ Հաճըն եւ Հասանպէյլի միեւնոյն տեղը գործածեր ենք թէ՛ ճաշարանի եւ թէ՛ ննջարանի համար։ Իսկ Այնթապ, Տէօրթեօլ, Մարաշ եւ Ատանա ճաշարանը զատ է։

Հասանպէյլիի տղաքը ծալլապատիկ նստած կը ճաշեն կտաւի մը վրայ։ Իսկ միւս տեղերը կանոնաւոր սեղան եւ նստարան ունինք։

Տեղւոյն անձկութեան պատճառաւ մահճակալ չունինք եւ տղայք կը պառկին խիտ, երբեմն երկու փոքրեր մէկ անկողնի մէջ։ Այս կերպը ինքնին հաճելի չէ թէեւ, բայց գաւառներու մէջ տան մը փոքրեր առ հասարակ մէկ շարքով կը պառկին խոշոր վերմակի մը ներքեւ։