ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սնունդ

Իւրաքանչիւր որբանոցներուն կերակուրներն յարմարցուած են տեղական պայմաններուն։ Ընդհանրապէս նկատի կ՚առնուի տղայոց ճաշակը եւ ախորժակը։ Ջանք եղած է կարօտ չթողուլ որբերը իրենց կերակուրներուն եւ տալ անոնց պէտք եղած սնունդը, առաւել քան զոր կը վայելէին իրենց տուներուն մէջ։ Այսպիսեաւ զգալապէս աճում ունեցած են որբերը եւ դէմքով փայլուն ու զուարթ, բոլորովին հակապատկերն իրենց նոր եկած վիճակին, ինչպէս նաեւ այժմ մեր որբանոցներէն դուրս անխնամ կեցած որբերուն։

Հացը որ գլխաւոր սնունդը կը կազմէ, Այնթապէ եւ Ատանայէ ի զատ կը պատրաստուի ուղղակի որբանոցներու համար։ Տէօրթեօլ մեզի յատուկ շինուած փուռ մը ունինք։ Հաճըն, Մարաշ եւ Հասանպէյլի փուռեր վարձուած են։ Իսկ Ատանա եւ Այնթապ շուկայէն պատրաստ հաց կը գնուի այժմ։