ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որբերը եւ որբանոցները

Որբերէն շատերը ուրախութեամբ եւ ցատկռտելով եկան իրենց նոր տունը։ Իսկ աւելի փոքրերը չէին զատուեր իրենց մայրերէն։ Բայց ընդունուելնէն միայն քանի մը օր վերջը այնքան ընտելացած ու գոհ մնացած են որ չեն ուզած բաժնուիլ որբանոցէն։ Եղած են մայրեր որոնք իրենց տղաքը պահել չկրնալով հանդերձ չէին կրնար յանձնել զանոնք որբանոցին։ Սակայն վերջը տեսնելով անոնց զուարթութիւնը, հագուած եւ կուշտ վիճակը, շատ մխիթարուած են։

Ատանայի մէջ կոյր մայր մը դիմեց իր ութամեայ զաւակը որբանոց տալու. ընդունուած պարագային զղջաց. չէր կրնար զատուիլ տղէն։ Տեսչութիւնը գիտնալով թէ տղան իր կոյր մայրը մուրացկանութեան առաջնորդելով, մուրացկան մը պիտի ըլլայ վերջապէս, համոզեց մայրը եւ սիրաշահեց տղան։ Այժմ որբը սրտանց կապուած է որբանոցին եւ մայրը նպաստով ապրելով ուրախ է տղուն վիճակին վրայ։

Որբանոցի վրայ որբերուն սէրը տեսնուեցաւ նաեւ անոնցմէ ոմանք իրենց մայրերուն յանձնելու գործողութեան ատեն։ Մայրն ու տղան միանգամայն կուլային։ Խեղճ այրին կ՚երեւակայէր անհայր տղուն վտանգները որբանոցէն դուրս, իսկ որբուկը չէր կրնար բաժնուիլ իր վայելած երջանկութենէն։