Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Որբերու ընտրութիւնը

Յանձնաժողովիս հրահանգին համաձայն որբերու ընտրութիւնը կատարուած է մեծ խնամով եւ չափազանց խնայողութեամբ։ Նկատի առնուած է անոնց ընտանեկան պարագաները, եթէ մայր ունին, մօր վիճակը, առողջութիւնը եւն եւն։ Հաճնոյ 1, 000է աւելի որբերէն ընդունուած են միայն 350։ Պաղչէի գաւառակին 1, 500է աւելի որբերէն նոյնքան։ Նոյնն է համեմատութիւնը եւ միւս շրջանակներուն։

Մայրերուն քով թողուած են 5 տարեկանէն վար եւ 13 տարեկանէն վեր որբերը որոնք դարձեալ անկարող են իրենք զիրենք հոգալու մինչեւ իսկ 18-20 տարեկան։ Այս հաշուով այրիներու քով թողուած են 1-3 տարեկան որբերը եւ անկէ աւելիներ առնուած են։ Իսկ տունը մնացած որբերու կեանքը կախում ունի իրենց այրի մայրերէն։

Այս տխուր իրողութեան առջեւ Որբախնամս սա համոզման յանգած է թէ առ այժմ հնարաւոր չէ մեր պատսպարեալներուն թիւը 1300է պակսեցնել, անոնց մայրերուն գործ տրուած պարագային իսկ։