Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐԲԱԽՆԱՄԻՍ ՆԻՍՏԵՐԸ

Որբախնամ յանձնաժողովս իր կազմութենէն մինչեւ այսօր ունեցած է 66 նիստեր, որոնք տեղի ունեցած են Ղալաթիոյ Խորհրդարանը։ Ամեն. Դուրեան Ս. Պատրիարք հայրը, ի հարկին, նախագահած է։

Այս նիստերուն մէջ նկատի առնուած են 792 նամակներ ու հեռագրեր, որոնց իւրաքանչիւրին պատասխանուած է ժամանակին, համաձայն յանձնաժողովիս որոշումներուն որոնք տրուած են գրեթէ միշտ միաձայնութեամբ եւ շատ քիչ անգամ մեծամասնութեամբ։

Ներկայ տեղեկագիրը իր ամբողջութեանը մէջ կը ցոլացնէ արդէն Որբախնամիս բոլոր գործառնութիւնները։ Կարեւոր կը համարինք սակայն քանի մը գլխաւոր պարագաներ յիշել.